Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՆՈՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» ԱՈՒՆԻ ՈՒՂԵԳԻԾԸ

March 3, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
«ՆՈՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» ԱՈՒՆԻ ՈՒՂԵԳԻԾԸ

 

 

Գերիշխանութիւն կը նշանակէ խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումը վերապահել կառավարութեան մօտ, իսկ պետական հաստատութիւնները կ’ունենան զէնք կրելու եւ գործածելու մենաշնորհ: Այս մասին յայտնեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն, աւելցնելով որ իր ղեկավարած կառավարութեան նպատակն է վերակառուցել պետութիւնը: «Աշխատանք կը տանինք բոլոր պետութիւններուն հետ ունենալու փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ: Իրան պէտք է բարեկամական կապեր ունենայ ոչ միայն որոշ խմբաւորումներու, այլեւ բոլոր լիբանանցիներուն հետ», ըսաւ Աուն: Ան կարեւոր համարեց Միացեալ Նահանգներու հետ սերտ համագործակցութեան մշակումը, հաւաստիացնելով թէ բանակին տրամադրուող օգնութիւններու ամերիկեան ծրագիրը տակաւին կը գործադրուի: Նախագահը կարեւորեց բանակին տեղակայումը Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Ան ընդգծեց, որ նոր Լիբանանը կառուցելու համար պիտի հիմնուի Սահմանադրութեան եւ իր եդմնակալութեան ուղերձին վրայ: Ան շնորհաւորեց կառավարութիւնը՝ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալուն առթիւ, կարեւորելով երկխօսութեան սկզբունքը որդեգրելու որոշումը:

Անդրադառնալով Լիբանան ապաստանած սուրիացիներու թղթածրարին, Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար հրաժարիլ երկու միլիոն քաղաքացիներէ եւ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ՝ զանոնք տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ: «Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութեանս ընթացքին պիտի փորձենք վերակենդանացնել լիբանանեան բանակին տրամադրուած օգնութիւններու ծրագիրը», ըսաւ նախագահը եւ բացառիկ որակեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնը: Նախագահ Աուն ընդունեց կրթական սեփական հաստատութիւններու համադաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ արծարծեց կրթական ոլորտին առջեւ ցցուած խնդիրները: Աուն կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն համարեց այս ոլորտը, խոստանալով աշխատանք տանիլ՝ մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ կրթական ոլորտով զբաղող կառոյցներուն կողքին կանգնելու համար:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԵՐ ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

Next Post

  ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
  ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

  ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.