1988 թուական: Սպիտակ, Կիւմրի, Կիրովական: Հայաստանի տարերքի տարին:
Դեռ բժշկական բաժնի ուսանող, ուսանողական միութեան անդամ, հանդիպեցանք եւ ծանօթացանք Պէյրութէն ժամանած Ս.Դ.Հ.Կ.-ի պատուիրակութեան հետ, յաձինս՝ Պէպօ Սիմոնեանի, Ժիրայր Նայիրիի, Վահրիճ Ճէրէճեաին, եւ ուրիշներու: Ուշագրաւ էր իրենց մէջ անխոնջ լրագրողի մը ներկայութիւնը, որ անընդհատ կը գրառէր: Սակաւախօս էր, ժպտադէմ եւ լաւատես: Անունն էր Սարգիս Նաճարեան: Ունէր շինիչ միտքեր, գործունեայ եւ «փրաթիք» էր:
Անցան օրեր: 13 Հոկեմբեր 1993-ին, երբ հօրս մահուան գոյժը ստանալով Պէյրութ ժամանեցի, ինծի մօտէն ծանօթացուցին պրն. Սարգիսին, քանի որ ան ստանձնած էր Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան տնօրէնութիւնը: Մեր հանդիպումը տեւեց հազիւ 10 վայրկեան: Պրն. Սարգիսը հակիրճ ուսումնասիրելէ ետք իմ C.V.-ն ըսաւ. «Եկող Երեքշաբթի կու գաս ու կը սկսիս որպէս գեղձային եւ շաքարի մասնագէտ՝ շաբաթը մէկ անգամով: Ամիս մը ետք, օրուայ վերջը, ան Օրդ. Հուրի Տալտըմեանին հետ մեկտեղ նշանակեց Ուրբաթ օրերը եւս, ապա նաեւ Հինգշաբթիները:
Ան սատար կանգնեցաւ ինծի եւ տարբեր նորաւարտ մասնագէտներու յատկապէս, լիբանանահայ գաղութին՝ ընդհանրապէս:
1994 թուականին, երբ դարմանատան բացման արարողութիւնն էր, ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Մարուան Համատէի, Լիբանանի այն ատենուան բարեջան առաջնորդ Արամ արքեպիսկոպոսի (այժմ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս), մեր համայնքապետերուն, երեսփոխաններուն եւ տարբեր բարձրաստիճան հիւրերուն, պարոն Նաճարեան զիս ղրկեց նախարարին հետ զրուցելու եւ ուղեկցելու, մինչ ինք Americare բարեսիրական կազմակերպութեան հետ վերջնական պատրաստութիւնները կը կատարէր 2-րդ արդիական ատամնաբուժարանը հիմնելու համար: Տարի մը չանցած Էհլանի եւ Սին էլ Ֆիլի մէջ գոյացան եւս ատամնաբուժարան-դարմանատուներ:
1996 թուականին սկիզբ առաւ իսրայէլեան 17 օրուայ բախումները: Պարոն Նաճարեան Հ.Կ.Բ.Մ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան հետ կազմակերպեց գաղթականներու օգնութեան, պատսպարութեան եւ բուժման գործընթացը: Անոնք շատ մեծ արձագանգ թողեցին լիբանանեան մամլոյ եւ քաղաքական ժողովրդական շրջանակներուն մէջ: Կ’աշխատէինք մեղուներու պէս: Պարոն Սարգիսի անձնակազմը անկոտրում էր, մշտաջան եւ տիպար:
Շատ չանցած, ան մեր դարմանատունը օժտեց ակնաբուժական կէտով, որակեալ մասնագէտներ հրաւիրեց եւ սկսանք մրցակցիլ շատ մը այլ անուանի, մակարդակով հաստատութիւններու հետ: Չնայած բոլոր մասնագէտներուն արդէն ունեցած անձնական դարմանատուներուն, ան մինչեւ իսկ կարողութիւն ունէր զանոնք բոլորը մէկտեղելու կամաւոր օգտակար գործունէութեան ի խնդիր:
Բաւական ետք ան հրաժարեցաւ տնօրէնի պաշտօնէն նուիրուելու համար գրական եւ խմբագրական ասպարէզին: Բայց երբ մենք դարմանատան մէջ կը կազմակերպէինք որեւէ բժշկական campaign (արշաւ), օրինակ «Շաքարախտի օր», «Սրտի ստուգման օր» եւ այլն, յանկարծ պարոն Սարգիսը հոն կ’ըլլար, «մեր անյայտ կամ թաքուն» զօրավարը:
Անցած տարեվերջին, անձնական դարմանատունս հանդիպեցաւ խորհուրդներ փոխանակելու եւ մեզի՝ զիս եւ քարտուղարուհիիս Լուսինին տեսնելու: Զինք շնորհաւորեցի Կաթողիկէ Ս. ծննդեան տօնին եւ գալիք Նոր տարուան առիթներով, յուսալով մօտալուտ հանդիպում մը իրականացնել յառաջիկայ տարի… Բայց մահուան բօթը անակնկալ ու ցնցիչ էր…
Աստուած հոգիդ լ ուսաւորէ, մեր վաստակաշատ եւ անխոնջ տնօրէն, սերունդներու դաստիարակ, աննման պարոն Սարգիս Նաճարեան:
Ննջէ անդորրութեամբ:
ՏՈՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ