Անցեալ տարի այս աշխարհէն հեռացան ինծի շատ սիրելի մարդիկ։ Ցաւս մեծ էր։ Ամանորի գիշեր աղօթեցի որ գոնէ այս տարի նոյնքան առատ չըլլայ Գաբրիէլ հրեշտակին հունձքը։ Սակայն ո՜վ կրնայ գիտնալ Աստուծոյ կամքը։ Տարուայ սկիզբին իսկ մեզմէ հեռացաւ շատ շատերուս այնքան սիրելի Սարգիս Նաճարեանը։
Իւրաքանչիւր սիրելիի մահուան հետ կարծես մեր մէկ մասն ալ իրենց հետ կը հեռանայ այս աշխարհէն։ Ի՞նչ ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ այդպէս է մարդկային բնութիւնը։
Քրիստոնէութեան մէջ ընդունուած է Սուրբ Սարգիսը բնութագրել իբրեւ ԱՐԱԳԱՀԱՍ ՍՈՒՐԲ։ Ինձմէ եթէ պահանջուէր Սարգիս Նաճարեանը բնութագրել ընդամէնը մէկ բառով, անվարան կը գործածէի ԱՄԵՆԱՀԱՍ որակումը։
Ո՞ւր ըսես որ չէր հասներ Սարգիսը։ Ս․Դ․Հ․Կ․ի մէջ կուսակցական աշխատանք, Հ․Մ․Մ․ի, Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի եւ այլ կառոյցներու մէջ՝ միութենական-հասարակական գործունէութիւն, հրապարակագրութիւն, ԱՐԱՐԱՏ օրաթերթի եւ ՄԱՍԻՍ պարբերաթերթի խմբագրում, եւ այս բոլորի կողքին՝ առանցքային դերակատարութիւն հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ, յատկապէս ի Լիբանան։ Տեսակ մը անպաշտօն խորհրդականն էր իրարայաջորդ կաթողիկոս-պատրիարքներուն, սկսեալ երանայիշատակ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ․ Գասպարեանէն, թերեւս մինչեւ կարդինալ Աղաճանեան։
Հնչակեան եւ կաթողիկէ շրջանակներու «մարդ» ըլլալով հանդերձ, Սարգիսին սիրտը բաց էր բոլորին անխտիր, եւ ոչ միայն հայկական շրջանակներուն։ Ոմանց այնքան բնորոշ նեղմիտ, կեթթոյական մտածողութեան նշոյլ իսկ չկար իր մէջ։ Ամուր կանգնած իր հայկական պատուանդանին վրայ, ան լանօրէն բացուած էր նաեւ լիբանանեան ամենատարբեր կողմերուն՝ առանց դիմացինին կրօնական, յարանուանական կամ կուսակցական պատկանելիութիւնները նկատի ունենալու։ Քանի մը անգամ ականտեսն եղած եմ այն խոր յարգանքին, զոր ան կը վայելէր Լիբանանի խմբագիրներու արհեստակցական միութեան մէջ։ Վերջինիս տասնամեակներու միահեծան «ռէյյիս» Մըլհեմ Քարամը, անոր յաջորդ Էլիաս Աունը եւ արհմիութեան վարչութեան անդամները հայկական մամուլին հետ կապուած գրեթէ բոլոր հարցերը կը լուծէին Սարգիսին հետ խորհրդակցաբար ու մեծ մասամբ անոր եւ արժանայիշատակ Մանուէլ Գազանճեանին միջոցով։
Սարգիսը, բոլոր մարդոց նման, ունէր ուրախութիւններ եւ ցաւեր։ Մեծագոյն ուրախութիւն ապրեցաւ, երբ որդին՝ Միհրանը սեփական տուն ունեցաւ Հայրենիքին մէջ։ Անցեալ տարուան աշնան Երեւանի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ Սարգիսը անհուն երջանկութեամբ արտայայտուեցաւ այդ մասին․ ան այլեւս գիտէր, թէ իր թոռներուն կապը նաեւ այդ սեփականութեան միջոցով աւելի պիտի ամրանար Մայր Հայրենիքին հետ։ Իր հիմնական ցաւն էր ․․․ «Մասիս» պարբերաթերթը։ Լաւ գիտեմ, թէ ան հսկայական աշխատանք տարաւ անոր խմբագրութեան պատրաստելու համար Սեպուհ վրդ․ Կարապետեանը, եւ շատ ուրախ էր, որ կայտառ, երիտասարդ վարդապետը կրցած էր իր ձեռքերուն մէջ առնել թերթին ղեկը եւ թիւէ թիւ աւելի կը բարելաւէր անոր բովանդակութիւնը։ Ուստի մեծ եղաւ իր ցաւը, երբ իր սանը ղրկուեցաւ արտասահման՝ հովուական ծառայութեան՝ առանց արժանաւոր փոխարինող մը պատրաստելու։ Ինք միշտ ալ հասած էր «Մասիս»ին օգնութեան՝ դեռ Հրաչ Քաջարեցի խմբագրութեան օրերէն։ Թերթի խմբագրական աշխատանքներուն մէջ Սարգիս Նաճարեան աջ ձեռքն էր արժանայիշատակ Անդրանիկ ծ․ վրդ․ Կռանեանին, սակայն կ’ուզէր, որ թերթի ղեկավարումն այլեւս յանձնուի նոր սերունդին։
Սարգիս Նաճարեանը երբեք չեմ կրցած պատկերացնել առանց իր կողակից տիկին Զուարթին։ Այսքան ներդաշնակ ամուսնական զոյգի շատ քիչ հանդիպած եմ կեանքիս մէջ։ Վստահաբար, անոնք անհասկացողութեան պահեր ունեցած են, սակայն քանի որ իրենց ընտանիքին մէջ կը տիրէին յարգանքն ու սէրը իրարու նկատմամբ, այդ խնդիրները տան չորս պատերէն դուրս չեն ելած երբեւէ։ Քանի մը անգամ ակնարկած էի տիկին Զուարթին նման կեանքի ընկեր ունեցած ըլլալու իր բախտաւորութեան։ Օր մը երբ նոյնը կրկնեցի՝ «Սարգի՛ս, դուն բախտաւոր ես Զուարթին նման տիկին ունենալուդ համար», միշտ անկեղծ ու անաչառ Սարգիսը կեղծել փորձեց, եւ իր ձայնին քիչ մը դժգոհութեան երանգ տալով՝ ըսաւ․ «Ո՛չ, Գէո՛րգ, կը սխալիս»։ Իմ զարմացական հայեացքս որսալով, ան աւելցուց․ «Ես բախտաւոր չե՛մ եղած Զուարթը ընտրելուս համար»։ Եւ «․․․ ակնոցին տակէն աչք մը նետեց վրաս։ Աւելի զարմացական տեսքիս վրայ, յարեց․ «Ես ՇԱ՛Տ ԲԱԽՏԱՒՈՐ եղած եմ Զուարթը կողքիս ունենալու համար», եւ ․․․ իրեն իւրայատուկ ժպիտով քահ-քահ մըն է որ փրցուց՝ ուրախանալով որ զիս խաղի բերած էր․․․
Բոլորս ալ անցողիկ ենք այս աշխարհին մէջ, սակայն երանի՜ անոր որ իր ետին կը ձգէ բարի գործեր եւ բարի յիշատակներ։ Սարգիս Նաճարեանին որքա՜ն կը պատշաճի Վահան Թեքէեանի քառատողը․
Հաշուեյարդար․․․
Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին,
Տարօրինակ, ա՛յն միայն․․․
Սարգիս Նաճարեան միայն բարիք բաշխեց ուրիշին, ուրիշներուն, հային ու լիբանանցի տեղացիին, կաթողիկէին ու ոչ-կաթողիկէին, հնչակեանին ու ոչ-հնչակեանին, տուաւ սրտբա՛ցօրէն, ամբո՛ղջ հոգիով
Յիշատակիդ՝ խունկ եւ խոնարհում, սիրելի՛ եւ ամենահա՛ս Սարգիս։
Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)
Երեւան, 23 փետրուար 2025