Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի կազմակերպութեամբ եւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-պատրիարքին հովանաւորութեամբ, լիբանանահայ ծանօթ լրագրող, հասարակական գործիչ, խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի լրագրական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցած էր Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 2010-ին, Հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան յաջորդած էր Սարգիս Նաճարեանի «Դէմ Առ Դէմ» խորագիրը կրող հրապարակումներու, ժողովածուի շնորհահանդէս-գինեձօնը: Այդ հանդիսաւոր օրուան պատգամը փոխանցած էր նախկին պետական երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանը:
Անմիջական եւ հումորախառն ոճով արտասանած խօսքին մէջ տոքթ. Ճէրէճեան յաջողած է ճշգրտօրէն ներկայացնել Սարգիս Նաճարեան անձը, հանրային-հասարակական մարդը, հայ մամուլի սպասաւորը, համայնքային-երիտասարդական վարչական պատասխանատուն, ընկերային ծառայութեան եւ բժշկական բարեսիրական միութեան գործիչը, hայրենասէր մարդը, աւանդապաշտ ընտանիքի կաղնին:
«Արարատ»ի երկարամեայ խմբագիրին կենսագրականին զուգահեռ պատգամաբերին խօսքը այսօր ալ հետաքրքրութեամբ ընթերցուելուն ապահով, ստորեւ կը ներկայացնենք զայն:
Ա.
ՏՈՔԹ. ԵՂԻԿ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Շատ հաճելի զգացում է, երբ կը հրաւիրուիս խօսելու համար մարդու մը մասին, որ քու սիրելիներէդ է։ Շնորհակալ եմ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին, որ այդ հաճելի զգացումը պարգեւեց ինծի:
Սիրելիներ,
Երբ գրասեղանին առջեւ նստեցայ որպէսզի միտքերս ամփոփեմ, կը խորհէի թէ դժուարութիւն պիտի չունենամ գրելու Սարգիս Նաճարեանի մասին: Մարդ մը որ լաւ կը ճանչնամ եւ որ ունի դրական այնքա՜ն բաներ իր մասին ըսուելիք, որ կարծես գրիչը ինքնաբերաբար պիտի սահէր թուղթին վրայ: Սակայն առաջին պահէն իսկ դժուարութիւններու հանդիպեցայ: Դժուարութիւնները արհեստական չէին եւ պէտք է պատասխանները գտնէի հանգուցային կարգ մը հարցերու:
Սարգիս Նաճարեան անձը առաւելաբար կը ներկայանայ որպէս հայ մամուլի սպասարկու եւ հասարակական գործունէութեան նուիրեալ: Զոյգ ասպարէզներ՝ որոնք ծանօթ են որպէս «ապերախտ» ասպարէզներ: Այս ածականը ես չեմ հնարած, այնպէս որ եթէ արարկողներ ըլլան, իմ հետս չէ որ պիտի վիճարկեն, այլ թող գտնեն այդ բնորոշումին հեղինակը եւ անոր հետ քննարկեն հարցը։ Իսկ Սարգիս Նաճարեանը, որպէս խելամիտ, լրջախոհ եւ շրջահայեաց անձ մը, ինչո՞ւ ամբողջ կեանք մը մաշեցուց ասպարէզներու մէջ, որոնք «ապերախտ» ըլլալու կոչուած են: Երբ կը փորձէի գտնել այս հարցումին պատասխանը, դէմս դրուեցաւ Սարգիսի տակաւին անտիպ հրատարակութիւնը՝ «Դէմ Առ Դէմ»ը, նուիրուած իր հօրը՝ Միհրան Նաճարեանի յիշատակին, որ եղած է հայ մամուլի նուիրեալ մը, սկսած 1913 թուականին Հալէպէն մինչեւ 1960 Պէյրութ եւ որուն մասին Սարգիս կը գրէ. «Ան եղաւ հայերէնի առաջին ուսուցիչս եւ զիս լրագրութեան ճանապարհին մէջ առաջնորդողը»: «Յանցաւորը» գտնուած էր: Այստեղ «յանցաւոր» բառը առնուած է չակերտներու մէջ: Սարգիս, ինք եւս, որպէս հմուտ լրագրող, լաւ գիտէ թէ հայերէնի քերականութեան մէջ կայ չակերտ կոչուող հոյակապ կէտադրական նշանը: Կրնաս ուզածդ գրել եւ չակերտի մէջ առնել: Եթէ գրածդ տեղ չգտաւ եւ արարկողներ եղան, կ’ըսես թէ արդէն չակերտի մէջ առած ես այդ բառը կամ տողը։ Իսկ եթէ գրածդ մեծ ընդունելութիւն գտաւ, կ’ըսես թէ դուն ալ ճիշդ այդ միտքը շեշտելու համար է որ չակերտներու մէջ առած ես զայն: Փրկարար այդ չակերտին մէջ առնուած «յանցաւոր» Միհրան Նաճարեանը, վստահ եմ, որ եղած է նաեւ Սարգիսը դէպի հասարակական աշխատանքներու աջնորդողը։ Այլ բան ալ չէր ակնկալուեր իր հասարակական գործունէութեան ուղեգիրը եւ երաշխաւորութիւնը հայ ազգային ազատագրական պայքարի մեծագոյն դէմքերէն՝ Փարամազէն ստացած Միհրան Նաճարեանէն: Այս առիթով փոքր գաղտնիք մը բանամ, որմէ տակաւին Սարգիսն անգամ տեղեակ չէ։ ՎԵրջերս իմացայ, թէ Հայաստանի մէջ լոյս պիտի տեսնէ Սփիւռքին նուիրուած հանրագիտարան մը, որուն մէջ պիտի ամփոփուին յօդուածներ սփիւռքահայ տարբեր կառոյցներու, մամուլին, սփիւռքահայ գործիչներու եւ Սփիւռքի հետ առնչուող այլ նիւթերու մասին: Բարեկամներ փափաք յայտնեցին, որ ես եւս աշխատակցիմ Սփիւռքի հանրագիտարանին: Սիրով ընդունեցի առաջարկը ու իմ հասողութեան եւ կարողութեան սահմաններուն մէջ պատրաստեցի համառօտ եւ ճշգրիտ կենսագրութիւնները սփիւռքահայ խումբ մը հասարակական գործիչներու: Այս շարքին նաեւ Միհրան Նաճարեանի կենսագրութիւնը։ Եւ սա թող ըլլայ ուշացած ու հեռակայ շնորհակալութեան արտայայտութիւն մը Միհրան Նաճարեանին հանդէպ, որ «յանցանքը» գործած է Սարգիս Նաճարեանը մղելու դէպի հայ մամուլի ծառայութիւն եւ հասարակական գործունէութիւն:
Երկրորդ դժուարութիւնը որուն հանդիպեցայ այն էր, որ երբ Սարգիս Նաճարեան մուտք գործած է մամլոյ ասպարէզ, ես 0 տարեկան եղած եմ: Իսկ երբ մամլոյ կալուածին մէջ հանդիպեցայ անոր, Սարգիս արդէն իր ետին կը ձգէր 25 տարուան վաստակ մը: Այսինքն ներկայացնել Սարգիս Նաճարեանը միայն անձնական տպաւորութիւններու եւ յուշերու ընդմէջէն՝ թերի պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ Սարգիս ինքն է որ իր յօդուածներուն եւ հարցազրոյցներուն ճամբով լուսարձակի տակ առած է ուրիշներուն կատարած գործն ու անոնց արժէքը եւ ինք իր կատարած գործին մասին հարցազրոյց մը ունեցած չէ։ Հոս պէտք է ապաւինիլ միայն տրամաբանութեան։ Եթէ ամբողջ կեանք մը հայ մամուլի ծառայութեան մէջ անցուցած ու բնականաբար նաեւ յոգնած Սարգիս Նաճարեանը այսօր այսքան աշխոյժ, շարժուն եւ նախաձեռնող է, ուրեմն ի՜նչ պիտի ըլլար լրագրութեան ասպարէզ նոր մուտք գործած երիտասարդ, կայտառ Սարգիս Նաճարեանը ասկէ աւելի քան 50 տարիներ առաջ: Տրամաբանական պատասխանը տրուած սեպելով, այս դժուարութիւնն ալ այս ձեւով յաղթահարուած կրնանք սեպել:
Իսկ աւելի քան 53 տարի ի՞նչ ըրած է Սարգիս Նաճարեան հայ մամուլէն ներս: Այս հարցադրումը ինքնին սխալ է։ Պէտք է հարցնել, հայ մամուլէն ներս ինչ չէ՞ ըրած Սարգիս: Ան եղած է տպարանի պատասխանատու, էջադրող, թարգմանիչ, թղթակից, սրբագրիչ, յօդուածագիր, լրատուական բաժնի խմբագիր, խմբագրութեան անդամ, պատասխանատու տնօրէն եւ պատասխանատու խմբագիր (չեմ գիտեր բան մը մոռցա՞յ…)։ Աւելցնեմ նաեւ որ Սարգիս եղաւ նաեւ հայ մամուլին բանտարկեալը, չզարմանաք սիրելիներ, այո՛, Սարգիս Նաճարեան եղաւ հայ մամուլին բանտարկեալը: 1989-ին, երբ «Արարատ» օրաթերթը իր խմբագրատուն-տպարանին ռմբահարման պատճառով լոյս կը տեսնէր Սին էլ Ֆիլի Սահակեան դպրոցին ներքնայարկը, ճակատային գիծերու շատ արագ փոփոխութեան պատճառով, Սահակեան դպրոցը ինկաւ կռուող երկու կողմերու արանքը եւ տպարանը, ուր կը գտնուէր Սարգիս իր առօրեայ խմբագրական աշխատանքները կատարելու համար, մնաց կռիւի ամէնէն տաք կէտին վրայ: 15 օր Սարգիս մնաց բանտարկուած հոն: Կռիւը այնքան բուռն էր, որ ոչ մէկ ձեւով հնարաւոր եղաւ կապ պահել Սարգիսին հետ: 15 օր ետք միայն, ի ուրախութիւն բոլորիս, Սարգիս ազատագրուեցաւ իր խմբագրատուն-բանտէն, սակայն մէկ տարբերութեամբ. Սարգիս մօրուքաւոր դարձած էր։ Այնպէս որ սիրելիներ, եթէ օր մը ձեզմէ մէկը Սարգիս Նաճարեանին մօրուքաւոր նկարը տեսնէ, չխորհի թէ Սարգիս իր մտաւորական ըլլալը շեշտելու համար է որ մօրուք ձգած է. այդ պարզապէս Սարգիս Նաճարեանի տպարան-բանտէն յուշի ծուէն մըն է միայն: «Արարատ» օրաթերթ, «Ազգ» օրաթերթ, «Արարատ Մարզական» պարբերական, «Մասիս» շաբաթաթերթ եւ ամսաթերթ, «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթ, «Կանչ Հրեշտակապետին» պարբերաթերթ եղան հայ մամուլի այն օրկանները, որոնց հրատարակման, խմբագրման թէ բովանդակալից դարձնելու համար Սարգիս Նաճարեան բերաւ իր անուրանալի ծառայութիւնը: Խմբագրականներ, յօդուածներ, լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ յաջորդեցին զիրար: Սարգիսին գրութիւնները յատկանշուեցան իրենց պարզութեամբ, մատչելիութեամբ եւ այժմէականութեամբ: Սարգիս Նաճարեանի կատարած հարցազրոյցներէն հասկաքաղ մըն է որ այսօր կը հրամցուի մեզի «Դէմ Առ Դէմ» խորագրին տակ: Եթէ անոր բոլոր գրութիւնները ամփոփուին, այս հատորի նման քանի՞ գիրք լոյս աշխարհ կու գայ, չեմ գիտեր: Իրեն ալ պիտի չհարցնեմ, nրովհետեւ գիտեմ տալիք պատասխանը… ohooo՜…:
Կ’իմանամ, թէ Սարգիս Նաճարեան արդէն իսկ պատրաստելու վրայ է իր լրագրական կեանքի յուշերը ամփոփող հատոր մը: Վստահ եմ որ այդ հարուստ պիտի ըլլայ իր փորձառութենէն քաղուած էջերով եւ եզակի յուշերով։ Մինչ այդ, սակայն, մեր դիմաց ունինք Սարգիս Նաճարեանի երեխայրիքը՝ «Դէմ Առ Դէմ»ը, որ ի մի կը բերէ անոր կատարած 46 հարցազրոյցները կրօնական, քաղաքական, մշակութային, դէմքերու եւ գործիչներու հետ, որոնք կ’ընդգրկեն 1965-2010 ժամանակաշրջանը: Հարցազրոյցներուն մեծ մասը կատարուած է հայ անհատներու հետ լիբանանահայ եւ հայաստանցի, փոքր թիւ կը կազմեն օտար դէմքերու հետ կատարուած հարցազրոյցները, որոնք սակայն հայ կեանքին հետ առնչուած անձեր են: Հարցազրոյցներէն իւրաքանչիւրը իր բովանդակութեամբ կապ չունի յաջորդին հետ: Սակայն, 45 տարիներ ընդգրկող հարցազրոյցներուն հանրագումարը լաւագոյնս կու տայ յիշեալ ժամանակաշրջանի լիբանանահայ կեանքի տարբեր երեսները եւ լիբանանահայութիւն-Հայաստան այլաբնոյթ կապերուն զարգացումը: Այս իմաստով Սարգիս Նաճարեանի «Դէմ Առ Դէմ»ը հարուստ ատաղձ կը պարունակէ ապագային լիբանանահայ գաղութի պատմութիւնը գրելու համար:
Մամլոյ ծառայութեան կողքին, Սարգիս Նաճարեան մարդը հանրածանօթ է նաեւ որպէս հասարակական գործիչ: Այս ասպարէզէ ներս Սարգիսի ծառայութիւնները կարելի է խմբաւորել գլխաւորաբար երեք բնագաւառներու մէջ.- համայնքային-երիտասարդական, մարզական եւ բարեսիրական:
Համայնքային-երիտասարդական ասպարէզէն ներս, Սարգիս Նաճարեան երկարամեայ վաստակ մը ունի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութենէն ներս: 16 տարեկանին անդամակցելով կաթողիկէ համայնքի վարչական կառոյցներէն ներս եւ ստանձնած պատասխանատու պաշտօններ: Այս բնագաւառէն ներս կը խորհիմ թէ պէտք չունինք Սարգիս Նաճարեանի վաստակը գնահատականի ենթարկելու փորձութեան դիմելու: Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ անոր շնորհուած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը 2004 թուականին եւ այսօրուան մեծարանքի այս երեկոն խօսուն վկայութիւններ են եւ մեկնաբանութիւններու չեն կարօտիր:
Մարզական ասպարէզէն ներս, Սարգիս Նաճարեան 1961-էն մաս կազմած է Հայ Մարմնամարզական Միութեան (ՀՄՄ) վարչութեան եւ վարած է անոր քարտուղարի պաշտօնը. իսկ աւելի ուշ նաեւ՝ ատենապետի պաշտօնը։ Եթէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին անծանօթ մէկու մը ըսուի թէ այսինչը մարզական միութեան մը ատենապետն է, թերեւս նախանձի զգացում մը գրգռէ, որովհետեւ երիտասարդութեան եւ մարզական կեանքին հետ կապ ունենալը հաճելի պարտականութիւն մըն է։ Իսկ ան որ տեղեակ է թէ 1981-1988 թուականներուն, այսինքն այն տարիներուն երբ Սարգիս ստանձնած էր ՀՄՄ-ի ատենապետութեան պարտականութիւնը, Լիբանան կը բոլորէր իր քաղաքացիական պատերազմին ամէնէն ծանր տարիները… կարծեմ ոչ ոքի նախանձը կը շարժի: Միայն նշեմ թէ այդ ժամանակամիջոցն է որ 1984-ին տեղի ունեցաւ ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին ականահարումը: Սարգիսին յանձնուեցաւ ակումբի վերակառուցումը կազմակերպելու աշխատանքը: Կարելի չէր սպասել, որ պատերազմը աւարտի եւ յետոյ նախաձեռնուի վերակառուցման: Այդպիսի վայելք ոչ ոք կ’արտօնէր Սարգիսին: Ու Սարգիս գլխաւորեց վերաշինութեան աշխատանքը: Մէկ կողմէն ռումբերը կը տեղային, միւս կողմէ շինարարական աշխատանքները կը շարունակուէին… եւ այդ, նուազագոյնը ըսելու համար, ռմբահարումը կատարած իրողական ուժերու ոչ-բարեացակամ հայեացքին տակ…:
Մեծ է Սարգիս Նաճարեանի վաստակը, անոր հասարակական գործունէութեան երրորդ բաղկացուցիչը եղող բարեսիրական բնագաւառէն ներս: Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, Նոր Հաճըն թաղամասէն ներս կը գործէր դարմանատուն մը, որուն պարտականութիւնն էր առաջնային եւ անմիջական բուժօգնութիւն ցոյց տալ վիրաւորներուն: Փոքր դարմանատուն մը՝ սահմանափակ կարողութիւններով: Պատերազմէն ետք դարմանատունը կը դրուի Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) հովանաւորութեան տակ: Սարգիս Նաճարեան կը նշանակուի դարմանատան տնօրէն: Շուտով դարմանատունը կ’ընդարձակի, կը տեղափոխուի աւելի յարմար վայր ու կը վերածուի ընկերային ծառայութեան եւ բժշկական կեդրոնի: Այն կ’ունենայ բժշկական առանձին բաժանմունքներ, ատամնաբուժարան եւ դեղատուն՝ մնայուն եւ այցելու բժիշկներու լայն ցանցով մը: ՀԿԲՄ կ’ունենայ իր երկրորդ ատամնաբուժարանը Ռաուտայի մէջ եւ երրորդ դարմանատուն-ատամնաբուժարանը՝ Սին էլ Ֆիլի Թոմարզա թաղամասին մէջ: ՀԿԲՄ-ի ընկերային եւ բժշկական գործունէութեան կազմակերպման եւ ծաւալման մէջ անփոխարինելի կ’ըլլայ Սարգիս Նաճարեանի դերը: Այս վկայութիւնը ես չէ որ կու տամ, այդ լսած եմ ՀԿԲՄ-ի շատ մը պատասխանատուներէն. գրեթէ բոլորէն:
«Դէմ Առ Դէմ»ի յառաջաբանին մէջ, Սարգիս կը գրէ թէ այս գիրքը լոյս աշխարհ չէր գար եթէ լրագրութեան ասպարէզէն ինքզինք հանգստեան չկոչէր: Սա, գոնէ մխիթարական արդարացում մըն է։ Բայց այն ինչո՞ւ նաեւ բարեսիրական ասպարէզէն ալ ինքզինք հանգստեան կոչեց, այս մասին իրմէ մխիթարական արդարացում մը տակաւին չլսեցինք, թերեւս յաջորդ գիրքին յառաջաբանին մէջ այդ բացատրութիւնը տրուի:
Իր հասարակական գործունէութեան ամբողջ ընթացքին Սարգիս Նաճարեան հանդէս կը բերէ ուղղամիտ, պարկեշտ եւ հետեւողական գործիչի մը յատկանիշերը: Ան միաժամանակ լրջախոհ է եւ խնդումերես: Սարգիս Նաճարեան լաւ ժողովական է եւ լաւ ժողովրդավար: Կը յարգէ իր ժողովը, ժողովականներն ու ժողովին կայացուցած որոշումները: Սակայն, անոր համար յարգել ժողովը, կառչած մնալ անոր կայացուցած որոշումներուն, չի նշանակեր քարացածութիւն կամ կաշկանդուածութիւն: Սարգիս ճկուն է, շարժուն եւ նախաձեռնող: Ան ոչ միայն հաճելի ժողովական է, այլեւ հաճելի զրուցակից եւ հաճելի ընկեր: Իր ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ միշտ ալ փնտռուած է։ Սարգիսը հանդարտաբարոյ է, մեղմ, ան վէճեր հարթող է եւ բնաւ՝ վիճայարոյց:
Կարելի է երկար խօսիլ Սարգիս Նաճարեանի մասին: Սակայն ինչ ալ ըսենք անոր մասին՝ կը մնայ պակաս, եթէ չյիշենք Սարգիսի կեանքի ընկերը. մնայուն խնդումերես, գործունեայ եւ օգտակար դառնալու միշտ պատրաստ տիկ. Զուարթը: Տիկ. Զուարթ ոչ միայն թիկունք եւ քաջալերող Սարգիսին, այլեւ անոր հասարակական գործունէութեան՝ յատկապէս համայնքային-կրթական-բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ, եղաւ Սարգիսին վստահելի գործակիցը: (Չեմ գիտեր մամուլի աշխատանքներուն մէջ ալ օգտակար կ’ըլլար, թէ ոչ)։
Յամենայնդէպս, սիրելի ներկաներ, այսօր հաւաքուած ենք գնահատելու արդար վաստակը մարդու մը, որ իր գրիչով, խօսքով եւ գործով աւելի քան կէս դար ծառայեց լիբանանահայ գաղութի վերելքին։ Համեստ եղաւ ան։ Ինք խօսեցաւ ու գրեց ուրիշներուն մասին, իսկ իր մասին չուզեց ու չսիրեց որ խօսին:
Այսօր, Սարգիսին ճիշդ այդ չսիրած օրն է: