Սարգիս Նաճարեանի ֆիզիքական շիջումը կը նշանակէ Լիբանանի հայկական մամուլին մէջ դարաշրջանի մը աւարտը՝ ետին ձգելով ժառանգութիւն մը, որ կ՛անցնի առաջնակարգ լրագրողի մը, խոհուն հրապարակագիրի մը եւ բազմավաստակ խմբագիրի մը մասնագիտական սահմանները ու կը հանգչի ազգային ու համայնքային մեծ ծառայութիւններու սիրտին մէջ:
Զինք կը յատկանշէր իր արտասովոր կարողութիւնը աշխատանքը վերածելու համագործակցային ուղեւորութեան մը: Այդպէս ճանչցայ պարոն Սարգիսը, երբ ամբողջ մէկ տարի՝ իւրաքանչիւր Շաբաթ օր, միասին էինք լիբան-քրիստոնէական Թելէ Լիւմիեռ պատկերասփիւռի կայանի սթիւտոյին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Լոյս Զուարթ» հաղորդաշարի արտադրութեան ընթացքին։ Հաղորդաշարի վերահսկող յանձնախումբին մէջ ան ղեկավար մը չէր միայն, այլեւ աջակցութեան եւ քաջալերանքի անդադրում աղբիւր մը հաղորդումները իրականացնող անձնակազմին համար։ Իր ներգրաւումը այդ աշխատանքին մէջ ուղղակի մասնագիտական պարտաւորութիւն մը չէր, այլ իր կեանքի առաքելութեան խոր արտայայտութիւն մը՝ լուսաւորելու հանրութիւնը եւ բարձրացնելու իր համայնքը:
Պարոն Սարգիսի բարեսրտութիւնը մակերեսային գիծ մը չէր, այլ խորքային փիլիսոփայութիւն, որ կ՚ուղղորդէր իր իւրաքանչիւր գործողութիւնը: Երբ դժուարութիւններ կը ծագէին, ան կը ներկայանար որպէս հանգիստ ալիք, առաջարկելով ոչ միայն գործնական լուծումներ, այլեւ զգացական աջակցութիւն, որ առաջադրանքները կը դարձնէր հաճելիօրէն կատարելի:
Երիտասարդ գործընկերներուն համար, պարոն Նաճարեան ուսուցիչ մըն էր՝ առանց պաշտօնական կոչման: Իր ղեկավարութիւնը նուրբ, բայց խոր էր, օրինակ ծառայելով ազնուութեան, կարեկցութեան եւ համայնքային ծառայութեան անսասան նուիրումի: Ես տեսայ, թէ ան ինչքան սէր, յարգանք ու հմայք ձեռք բերաւ Թելէ Լիւմիեռի անձնակազմի բոլոր անդամներուն քով, տնօրէնութենէն սկսեալ մինչեւ ամենահամեստ աշխատակիցը, ամենակարճ ժամանակի մը մէջ։
Մամուլի աշխարհին մէջ, ուր յաճախ կիրքեր ու հաշիւներ կը սողոսկին, Սարգիս Նաճարեան կանգնած էր իբրեւ լրջամտութեան եւ պատասխանատուութեան զօրեղ հակակշիռ: Ան կը հաւատար դրական հաղորդակցութեան զօրութեան՝ մամուլը օգտագործելով իբրեւ հասկացողութեան, լուսաւորումի եւ փոխադարձ յարգանքի գործիք:
Կը մտածեմ, որ մասնագիտական նուաճումներուն կողքին, պարոն Սարգիսի արժէքը յատկապէս կ՛որոշուի երիտասարդ այն սրտերով, որ ան զօրացուց, այն հոգիներով, որ բարձրացուց, այն ձիրքերով, որոնց թեւեր տուաւ եւ ազգային ու համայնքային միջավայրերու մէջ բազմաթիւ դրական փոփոխութիւններով, որոնց շարժիչ ուժերէն մէկը եղաւ։
Երբ կը յիշենք Սարգիս Նաճարեանը, կը յիշենք համայնքի մարդ մը՝ ամենաճշմարիտ եւ ազնուագոյն իմաստով։ Մարդ մը, որ հասկցաւ, թէ հաւաքականութեան ընդհանուր ուժը կը կայանայ մարդոց կարողութեան մէջ՝ աջակցելու կողքինին, հասունութեան մէջ՝ հասկնալու զիրար եւ պատրաստակամութեան մէջ՝ իսկապէս հոգ տանելու իրարու:
Պարոն Սարգիս ազդեց իմ կեանքիս վրայ իր ազնուութեամբ եւ կորովի ու անկեղծ ընկերասիրութեամբ: Ճիշդ է, որ իր բացակայութիւնը խորապէս պիտի զգացուի, բայց իր ազդեցութիւնը պիտի շարունակէ արձագանգել անոնց կեանքերուն մէջ, որոնց ան երանելի օր մը հպեցաւ իր մաքրամաքուր ազգասիրութեամբ, խրոխտ հայրենասիրութեամբ, աներեր հաւատքով, սրտի անսահման առատաձեռնութեամբ եւ այդ ամբողջին վրայ որպէս ամուր եւ գեղեցկագոյն կնիք՝ իր մարդասիրութեա՛մբ։
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Պէյրութ, Լիբանան