Թաքա թաք թաք թաք, թաքա թաք թաք թաք
Թաքա թաք թաք թաք, թաքա թաք թաք թաք
Երբ խմբագրատան անկիւնէն կը լսուէր գրամեքենային այս համաչափ կշռութաւոր եղանակը, ուրեմն ընկեր Սարգիսը կը պատրաստէր օրուան քաղաքական լուրերը՝ յաջորդ օրը ընթերցողներուն մատուցելու համար: Ընկեր Սարգիսին ամենասիրելի եւ անբաժանելի առարկան եղաւ այն գրամեքենան, որուն մասին իր գրած մէկ սրտառուչ եւ յուզաթաթաւ յօդուածը արտատպուեցաւ Սփիւռքի հայ մամուլին բազմաթիւ անուններու կողմէ:
Ինչպէս ինք կը յուշագրէր, փոքր տարիքէն, իր հայրը, կիսապարտադիր կերպով, զինք կ’առաջնորդէր «Արարատ»-ի խմբագրատուն՝ խորանալու մամլոյ աշխարհէն ներս: Ինք հլու-հնազանդ հայրական յորդորին պիտի հետեւէր բնականաբար. «ժամանակները տարբեր էին» պիտի գրէր հետագային: Միհրան Նաճարեան՝ իր հերթին հաւատաւոր գաղափարական մարդ եւ մամլոյ նուիրեալ, իր ասպարէզին խոստումնալից ժառանգորդը կը տեսնէր իր որդւոյն ընդմէջէն: Իրապէս ալ, Սարգիս Նաճարեան գտնուեցաւ անդրուժան իր հօր փայփայած մեծ երազին եւ ցվերջ մնաց պատնէշի վրայ՝ ինչպէս որ գրած է իր յուշագրական հետաքրքրական գիրքին մէջ՝ «Պատնէշի Վրայ» (2020):
Ս. Նաճարեանի ազգային-համայնքային-հասարակական կեանքը եղաւ բազմաոլորտ: Սահուն գրչի, վարժ բեմի, կազմակերպչական աշխատանքի հմուտ, հորիզոնական յարաբերութեանց մէջ վարչագէտ ու շրջահայեաց ընկեր Սարգիսը համակողմանիօրէն ուրուագծելու համար, երկարաշունչ գրութեան կարիքը կայ անկասկած: Սակայն, հոս կը ցանկամ կեդրոնանալ միայն լիբանանահայ մամուլին բերած իր անուրանալի եւ արգասաբեր ծառայութեան վրայ:
Նախ՝ ան այն հազուագիւտ անձերէն էր, որ մամուլի աշխարհին ողն ու ծուծին ծանօթ էր, նկատի առնելով որ վաղ երիտասարդութեան օրերէն ներգրաւուած էր այդ ասպարէզէն ներս. այսինքն՝ ապրած ու տեսած էր մամուլի ժամանակակից պատմութեան բոլոր փուլերը՝ գրաշար, տողաշար, տպագրական վիթխարի մեքենաներ, տառադարակներ, կապարի ձուլում, թուղթի հսկայ փաթեթներ, ռուլօ, արամեան գիր, փունթօ, մելան, ցրուիչ, մամլիչ, լուրեր, ձեռագիր, փորձ, սրբագրութիւն, մամլոյ գործակալութիւններ, ռատիօ եւ ի հարկէ՝ անբաժանելի եւ սիրելի գրամեքենան, որմէ ետք՝ արդէն մեր օրերուն՝ համակարգիչ, համացանց, կայքէջ, դիմատետր, որոնք արհեստական եւ շինծու կը հնչեն հին օրերը տեսած ու ապրած սերունդին համար: Այսօր, ցանցառադէպ կարելի է գտնել իր ճանապարհէն անցած մէկը, որ ականատես վկան եղած ըլլայ մամուլի 20-րդ եւ 21-րդ դարերու տարեգրութեան հոլովոյթին:
Ս. Նաճարեանի մամլոյ աշխարհէն ներս ապրած ու գործած երկար ուղին ընդգրկեց հետեւեալ անունները՝ «Արարատ» (1960-2004), «Այգ» (1965-1971), «Կանչ Հրեշտակապետին» (2002-2007), «Մասիս» (2004-2024): Ան լրատուութեան մէջ եղաւ անաչառ, առարկայական եւ սառնասիրտ: Կը փորձէր եւ կը յաջողէր արծարծել այժմէական եւ հրատապ հարցեր: Գիտէր ջոկել կարեւորը երկրորդականէն: Առանց իյնալու ծայրայեղութեան ծուղակը՝ չափաւոր եւ զուսպ եղան իր խմբագրականներն ու առաջնորդողները: Լեզուն առինքնող էր, գրելու ոճը հեզասահ՝ հեռու մանուածապատ եւ ուռուցիկ ոճէ: Ֆրանսերէնի լաւագիտակ՝ հեւիհեւ կը հետեւէր օրուան իրադարձութեանց՝ միջազգային, շրջանային եւ տեղական առումներով: Շեշտուած էր իր մօտ Լիբանանի եւ անոր օրինականութեան հանդէպ քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու հաւատարմութիւնը: Մինչ՝ Հայաստանի նկատմամբ սէրն ու ակնածանքը: Լրագրական դաշտէն ներս, ան ունեցաւ շահեկան հարցազրոյցներու եւ անուանի դէմքերու հետ կարեւոր հանդիպումներու երկար շարք մը՝ որոնցմէ ուշագրաւները, բարեբախտաբար, ամփոփեց հատորի մը մէջ՝ «Դէմ Առ Դէմ» խորագիրով (2010). անոնցմէ յիշենք՝ կաթողիկէ կղերականներ՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարք, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, արհիապատիւներ՝ Պետրոս Միրիաթեան, Մանուէլ Պաթագեան, հայ առաքելական՝ Արամ Ա. վեհափառ. պետական-ազգային-մշակութային հայ եւ լիբանանցի գործիչներ՝ Վարդգէս Համազասպեան, Ռէյմոն Էտտէ, Նեպիհ Պըրրի, Խոսրով Յարութիւնեան, Ժան Օղասապեան, Ժագ Չուխատարեան, Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Եղիկ Ճէրէճեան, Յակոբ Բագրատունի եւ բազմաթիւ ուրիշներ. օրինակ՝ Հայաստանի առաջին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանի առաջին հարցազրոյցը եղաւ իր հետ, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջին հարցազրոյցը. անմոռանալի էին մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ հանդիպումը, մեծահամբաւ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի եւ այլոց:
Խմբագրատունէն ներս իր յարաբերութիւնները գործակիցներու հետ եղաւ յարգալիր, փափկանկատ եւ ընկերային: Քանի՜-քանի խմբագիրներ եկան ու գացին, սակայն ինք շարունակեց իր գործը առանց տարուելու աջէն ու ձախէն փչող քամիներէն: Նկարագիրով զուարթախոհ, լաւատես եւ համբերող՝ կրնար ստեղծել ջերմ ու հաճելի մթնոլորտ՝ քանզի համով-հոտով զրուցակից էր, իր հարուստ անցեալն ու փորձառութիւնը համեմուած փոխանցելու ու պատմելու վարպետն էր. կ’ուզէիր որ խօսէր ու կատակէր, դրուագներ յիշէր եւ նկարագրէր: Ընդգծելիօրէն նրբաբարոյ իր վերաբերմունքով՝ կը խուսափէր մանր-մունր վէճերէ, հեռու կը մնար մանրախնդիր զրոյցներէ: Նոյնիսկ, բարդութիւններ կը յաղթահարէր ժպիտով եւ ներողամիտ մօտեցումով: Այսպիսով փնտռուած մարդն էր ան ամէնուր:
«ՇԱՏ ԵԿԷՔ, ՇՈՒՏ ԵԿԷՔ»-Ի ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ընկեր Սարգիս յաճախ կ’այցելէր Հայաստան հասարակական առաքելութեամբ թէ անձնական պատճառներով: Երբ ուսանող էինք, այցելութեան մը բարեպատեհ առիթով, հանդիպում մը ունեցանք իր հետ՝ խորհրդային տարիներուն: Իր խօսքէն ետք, պատգամը ուսանողներուն ուղղելով եւ յատկապէս հայագիտական նիւթերու ուսանողներուն ակնարկելով, կարճ ու դիպուկ ձեւով ըսաւ՝ «շատ եկէք, շուտ եկէք» ընդգծելով թէ լիբանանահայ գաղութը խիստ կարիքն ունի պատրաստուած քատրերու: Իրապէս ալ, ան միշտ քաջալերողն էր նոր ուժերու: Իր հայրական եւ հոգատար վերաբերմունքը կրտսեր պաշտօնակիցներու հետ օրինակելի էր եւ վարակիչ: Երէց ընկերոջ մը անշահախնդիր աղապատանք մը արդարեւ: Այսօր, արդէն կարօտով եւ դառնօրէն կը յիշենք իր շէնշող, խանդավառող, ոգեւորող խօսքերն ու կատակները, անվնաս եւ ուղղորդիչ ակնարկները: Ոչ մէկ գործակից կրնայ արատաւորել իր հեզահամբոյր եւ ընկերասէր վարքագիծը:
Բարեբախտաբար, վերջին տարիներուն կրցաւ իր գրութիւններէն մաս մը գիրքի ձեւով հրապարակել՝ մնայուն ժառանգ ձգելով յետնորդներու, ինչպէս՝ «Դէմ Առ Դէմ», «Պատնէշի Վրայ», Հռիփսիմեանց վարժարանին նուիրուած գիրքը (2015), Ֆրանչիսկոս քահանայապետին նուիրուած գիրքը, «Կրթական Մտորումներ» (2023), Ծիրանաւոր Աղաճանեանի երանացման նուիրուած գործը (2023): Տակաւին ծրագրած էր շարունակել իր յուշագրութիւնները, սկսած էր պրպտումներու եւ մտաբերելու իր անցած փորձանաւոր ճանապարհը: Ի՜նչ փափաքելի եւ երախտարժան աշխատանք պիտի ըլլար իր գրութիւններուն եւ յօդուածներուն յետմահու մէկտեղումը հատորի մը մէջ: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ նման ծափահարելի գործ մը, որ վստահաբար օգտաւէտ պիտի ըլլայ ընթերցողներու եւ պատմութեան համար: Նաեւ՝ պիտի խայտայ իր հոգին՝ թէկուզ անդենական աշխարհէն:
Միով բանիւ՝ ընկեր Սարգիս Նաճարեան եղաւ բոլորանուէր զինուորը հայ մամուլին: Մնայունօրէն իր անունն ու յիշատակը թողուց հայ մամուլի պատմութեան էջերուն:
Այսօր մունջ է իր պատմական գրամեքենան: Սգաւոր է գրամեքենան:
Կարօտով կը վերյիշենք ա՛յս ռիթմը, ափսոսալիօրէն կանգնած ռիթմը՝
Թաքա թաք թաք թաք, թաքա թաք թաք թաք
Թաքա թաք թաք թաք, թաքա թաք թաք թաք
Վարձքդ կատար, ընկեր Սարգիս: Վաստակդ արդար, ընկեր Սարգիս:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ