Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՆՄԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

February 27, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՆՆՄԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

 

 

Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը:

Ան որ կը հաւատայ ինծի թէեւ մեռնի պիտի ապրի»:

Յովհ: (11:25-26)

 

Ասկէ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացաւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան նախկին տնօրէն պրն. Սարգիս Նաճարեանը: Մենք զինք ճանչցած ենք դարմանատան մէջ: Պրն. Նաճարեանը ոչ միայն դարմանատան տնօրէնն էր, այլ նաեւ պաշտօնէութեան հայրը: Ան մեզի սորվեցուց զիրար սիրել ու յարգել:

Պէտք էր միշտ ժպտուն ըլլայինք: Անկախ մեր տրամադրութիւններէն եւ ամէն ինչէն, պէտք էր ժպիտով դիմաւորէինք դարմանատան հիւանդները:

Տօնական օրերուն, յատկապէս Դեկտեմբերի վերջին օրերուն կամ ալ Յունուարի սկիզբը, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթներով, երբեք չէր մոռնար ուրախացնել մեզ: Պէտք էր միասին նստէինք, իրար հետ ըլլայինք մտերմիկ պահեր անցընելու համար բժիշկներով ու Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան անձնակազմով: Ձեւով մը կարծէք իր ազնիւ մարդկային շնորհակալութեան ժեսթն էր, որ կը յայտնէր մեր ծառայութեանց համար:

Ես անձամբ պրն. Նաճարեանին ծանօթացայ 1998-ին, դարմանատան ժրաջան պաշտօնէուհի տիկին Աշխէնին միջոցաւ: Ան սիրայօժար աշխատանքի ընդունեց զիս: Կը յիշեմ հետեւեալ դրուագը, երբ հարցումը ուղղելով ինծի՝ ըսաւ.- «Կուսակցակա՞ն ես»: Հ.Մ.Մ.-ական եմ, եղաւ պատասխանս: «Ուրեմն ես եւ դուն համակիրներ ենք», եզրակացուց ան:

Այդ օրէն սկսեալ ես զինք կը դիմէի որպէս «ընկեր Սարգիս»:

Ես շատ հպարտ եմ կեանքիս մէջ ծանօթացած ըլլալով պրն. Սարգիսին պէս անձնաւորութեան մը հետ: Ունիմ շատ մը բարեկամ բժիշկներ եւ մինչեւ այսօր կ’աշխատիմ բժիշկի հետ: Կը պարտիմ իրեն, Օրդ. Հուրի Տալտմեանին եւ կարգ մը բժիշկներու՝ յատկապէս տոքթ. Ռաֆֆի Փոլատեանին: Բոլորն ալ ինծի շատ բան սորվեցուցին:

Պրն. Սարգիս եղած է ծառայասէր, աշխատասէր, ընկերային, բարեսիրտ անձ մը: Մէկ խօսքով՝ «Աննման Անձնաւորութիւն»:

Լոյսերու մէջ հանգչիս:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

Միշտ պիտի յիշեմ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ, սիրելի ընկեր Սարգիս Նաճարեան:

 

ԼՈՒՍԻՆ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ

Share63Tweet39
Previous Post

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՍԳԱՒՈՐ ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՆ  (ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

Next Post
ՍԳԱՒՈՐ ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՆ   (ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

ՍԳԱՒՈՐ ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՆ  (ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.