Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

February 27, 2025
in Յօդուածներ
0
ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

 

(Վարդանանցի շունչով)

 

  «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, ոչ հրեշտակները, ոչ մարդիկ, ոչ հուր եւ ոչ ալ սուր». այս պատասխանով հայ ժողովուրդը պարսիկին ցոյց տուաւ իր խիզախութիւնը: Վարդան եւ իր նմանները պայքարելու եւ իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ էին, որովհետեւ գիտակից էին թէ ինչպիսի վտանգ կը սպառնար հայ ժողովուրդին …

Վարդանանց պատերազմի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի  յաղթանակներու, ինչպէս նաեւ արիւնալի ու տառապալից  կեանքի ճանապարհին մասին իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է գիտնալու: Մենք պատմական անցեալ ունեցող ժողովուրդ ենք, եթէ մեր նախնիները  չպայքարէին յանուն  հաւատքի, մայրենի լեզուի ու հայրենիքի: Չզոհուէին իրենց վեհ գաղափարներուն համար, այսօր  ոչ  հայրենիք,  ոչ  մայրենի լեզու եւ ոչ ալ քրիստոնեայ հայ գոյութիւն կ՛ունենար: Աւարայրի ճակատամարտը մէկ օրինակն է հայու տարած սուր պայքարին…

Հայը գիտէ պայքարիլ, դիմադրել, մերժել եւ չխոնարհիլ  թշնամիին առաջ։

Մենք ունենալով Հայոց Պատմութեան գիրքեր, նաեւ պատմական վէպեր,  մեծ  կարելիութիւնը  ունեցած ենք ուսումնասիրելու հայոց  պատմութիւնը:

Սփիւռքի հայ վարժարաններու դերը մեծ է հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Այնտեղ հայ պատանին ու երիտասարդը հայագիտական առարկաներու ուսումնասիրութեան միջոցով կը ծանօթանայ իր արմատներուն, դարաւոր պատմութեան եւ մշակոյթին: Կը սորվի հայրենասիրութիւն եւ կ՛ըմբռնէ թէ հայուն հայրենիքը սուրբ է ու նուիրական, հայը հայ պահող օրրանն է եւ հայութեան հոգիի սնունդը:

Մեր հայրենիքը  աշխարհին յայտնի  է իր  հարուստ քաղաքակրթութեամբ, մշակոյթով եւ վերածնուած Երեւանով: Հայրենիքի հանդէպ սէրն ու անոր գեղեցիկ բնութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ հերոսներու քաջագործութիւնները միշտ գովերգուած են բանաստեղծութիւններու մէջ:

Քանզի մեր նախահայրերը  ոչ մի վտանգի առջեւ չեն տկարացած եւ դարերով այդ սուրբ հողի պաշտպանութեան համար պայքարած են։

Հայը առաջնորդուեր է իր հերոսներու պատգամով, գոյութեան սնունդը ստացեր է հայկական արմատներէն եւ երակներուն մէջ հոսող արիւնը

զուտ  հայկական ըլլալով  քաջ գիտակցեր է, որ հայուն հայրենիքը, մայրենի լեզուն հաւատքը իր ամուր զէնքն է ու անառիկ բերդը: Հայը հայրենիքէն  հեռու ուր որ ալ գտնուեր է՝ հային անունը միշտ բարձր պահեր է։

Պարոյր Սեւակի ոսկի խօսքերը  մեզ շատ բան կը յուշեն, որոնք սերունդէ-սերունդ կը կրկնենք.

«Մենք քիչ ենք սակայն մեզ հայ են ասում»,

«Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

Պէտք է իւրաքանչիւր հայ հպարտանայ իր հայու արմատներով եւ չշեղի իր նախահայրերու ընտրած ուղիէն: Տէր կանգնի իր հարուստ  ժառանգութեան, որ մեծ զոհողութեամբ պահպանուեր ու հասեր է մեզի:

Հայ ընտանիքէն  ներս  պէտք է հայօրէն մեծնայ պատանին, նաեւ յաճախէ հայկական վարժարան…

Հայ ժողովուրդի անցած փշոտ  ճանանապարհը մեզի կը սորվեցնէ, թէ պէտք չէ վստահիլ օտարին, այլ ըլլալ դիւանագէտ, արթուն, քաջ եւ ամուր անհատականութեամբ։

Հայը իր նպատակին  հասնելու համար, իւրաքանչիւր հայորդի իր ուսերուն դրուած ծանր պարտականութիւնները պէտք է լիովին կատարէ ու կեանքի գնով պաշտպանէ հայրենիք, մայրենի լեզու եւ հաւատք:

Այս բոլորին  հետ  շատ կարեւոր է Սփիւռք-Հայրենիք սերտ կապն ու յարաբերութիւնը, հայուն միասնականութիւնը, իւրաքանչիւր հայու հայրենասիրութիւնն  ու ազգին նուիրուածութիւնը:

 

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԱԿ ԵՒ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՃԱՄԲԱՆԵՐ

Next Post

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

Next Post
ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.