Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

February 27, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

 

 

Կեանքի մէջ կան մարդիկ, որոնք ժամանակաւոր այցելուներ են, աշխարհ կու գան, կը մնան օրեր, ամիսներ, երբեմն տարիներ, ապա կը հեռանան եւ իրենց հետքն ալ իրենց հետ կը փառատի: Կան ուրիշներ, որոնք մեր առօրեային մաս կը կազմեն եւ անբաժան մասնիկը կ’ըլլան մեր կեանքին, անոնք նոյնիսկ երբ հեռանան՝ իրենց ազդեցութիւնը յաւերժ կը մնայ մեր մէջ… Այս անձերէն մէկն է Սարգիս Նաճարեան:

Սարգիս Նաճարեանին ծանօթանալու բախտաւորութիւնը ունեցայ պատանի տարիքիս, իմ երկրորդ տանս՝ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, որուն համեստ տնօրէնն եմ այժմ: Այն ատեն, երբ 10-րդ դասարանի աշակերտ էի, վարժարանիս տնօրէնուհին էր տիկ. Զուարթ Նաճարեանը, պրն. Սարգիսին կը հանդիպէինք մեր դպրոցէն ներս առիթներով, ընդհանրապէս ձեռնարկներուն, որոնց ընթացքին միշտ կը մօտենար մեզի՝ պատանի-երիտասարդներուս, եւ կը սկսէր հետեւեալ խօսքով. «Երիտասարդները ինչպէ՞ս են…» եւ կը շարունակէր զանազան նիւթեր բանալով: Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէր այդ ճերմակ մազերով անձը, որ հետաքրքրուած էր երիտասարդութեամբ, եւ կամաց-կամաց սկսանք իմանալ, որ ան մեզմէ աւելի երիտասարդ էր:

Հետզհետէ մեր յարաբերութիւնը ամրապնդուեցաւ, երբ աւարտեցի դպրոցս ու դարձայ Նաճարեան ընտանիքի մօտիկ բարեկամը, եւ մեր միջեւ սկսաւ ընտանեկան սերտ յարաբերութիւն մը: Յաջորդ փուլին նշանակուեցայ Հայ Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու գործավար, ուր սերտօրէն աշխատակցեցայ Սարգիս Նաճարեանին հետ: Ամէն մէկ օր, որ գրասենեակ կը հասնէի աշխատելու համար Սարգիս Նաճարեանի կողքին, կարծէք թէ հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ մարդակերտումի դասընթացք էր, երբ երկար ժամեր հետը զանազան նիւթեր կ’արծարծէի, ան կը միջամտէր երբեմն ուղղակի խրատներով, երբեմն ալ անուղղակի դաստիարակութեամբ՝ իր աշխատելաոճով, խօսքերով, վարուելակերպով կը սորվեցնէր. անկէ սորվածներս եթէ գրի առնեմ գիրքեր կրնամ հրատարակել:

Իր գործին մէջ խիստ եւ բծախնդիր, սակայն խոհեմ ու ազնիւ մարդ մըն էր Սարգիս Նաճարեանը, որ ոչ մէկուն ոչ մէկ ձեւով նեղութիւն պատճառած է, ոչ ալ վիրաւորած է խօսքով, գործով կամ արարքով… Նոյնիսկ սխալ արարքի մը առջեւ, կամ սրբագրութիւն պահանջուող անհրաժեշտ պարագայի մը դիմաց, այնքան զգուշութեամբ բառեր կը գտնէր, որ ըսելիքը շինիչ ըլլայ, առանց դիմացինին արժանապատուութիւնը վիրաւորելու, կամ նեղութիւն պատճառելու:

Անոր մտահոգութիւններուն մէջ արդար տեղ կը գրաւէր համայնքն ու համայնքի երիտասարդութիւնը, մտահոգ էր համայնքին ապագայով, մտահոգ էր աշխարհականներով եւ կղերականներով, յատկապէս երիտասարդներով, եւ այդ պատճառով է, որ բազմիցս հանդիպած է երիտասարդ կղերականներու հետ եւ դասընթացքներ տուած է իրենց հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ զանազան նիւթերու մասին, նոյնպէս առիթ չէ փախցուցած երիտասարդ աշխարհականներու հետ, ի մտի ունենալով  յաջորդներ պատրաստել:

Սարգիս Նաճարեան ճշգրիտ հաւասարակշռութիւն ունէր համայնքային եւ ազգային հարցերու մէջ, ան նոյնքան հետաքրքրուած էր Հայ կաթողիկէ համայնքով, որքան Հայաստան աշխարհով: Կը հետեւէր ըլլայ համայնքին, ըլլայ հայրենիքի լուրերուն, երբեմն իր դիտողութիւնները հրապարակային կը հրատարակէր «Մասիս»ի կամ այլ յօդուածներու միջոցաւ: Իր բոլոր գրութիւնները գնահատանքի կ’արժանանային, թէ՛ իրեն տարեկիցներու, եւ թէ՛ երիտասարդներուն կողմէ, որոնք շատ բարձր կ’արժեւորէին հարցերուն հանդէպ իր ունեցած կարծիքներն ու յատուկ մօտեցումները:

Այսօր, Սարգիս Նաճարեանին այս աշխարհէն հեռանալը մեծ կորուստ է Հայ կաթողիկէ համայնքին, լիբանանահայ գաղութին եւ հայ ազգին համար, որովհետեւ իսկապէս դժուար է նման համայնքասէր եւ ազգասէր տիպար մը գտնելը:

Ան իր ժամանակը կը տրամադրէր հայ երիտասարդներուն՝ կղերական, թէ աշխարհական, նպատակ ունենալով համայնքին ու ազգին ծառայասէր յաջորդներ պատրաստել: Յոյսով եմ, որ իր ցանած սերմերը աճին, բազմանան եւ իրենց պտղաբերութեամբ ազգային սնունդ պարգեւեն գալիքներուն:

 

ԱՐԱՄ ԳԱՐԱՏԱՂԼԵԱՆ

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.