Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆի եւ արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքժիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին: Նշենք, որ այս Քասէմի պաշտօնական առաջին տեսակցութիւնն է՝ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար նշանակուելէ ետք: