Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

February 27, 2025
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

 

Իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու ռմբակոծումները: Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ անօդաչու սարքի մը հարուածէն Հըրմէլ-Քասր ճամբուն վրայ սպաննուած է լիբանանցի մը: Իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ ռազմական օդանաւեր Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանին վրայ թիրախաւորած են Հըզպալլայի զինամատակարարումի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը, որ կը ծրագրէր յաւելեալ զէնք փոխանցել Հըզպալլային: Երէկ մահացաւ նաեւ քանի մը օր առաջ Նապաթիէ գաւառի Ժարժուհ շրջանին մէջ անօդաչու սարքի մը հարուածէն ծանրօրէն վիրաւորուած կին մը:

Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ շարունակած է զոհերու մարմիններուն որոնումները հարաւային շրջաններուն մէջ, ուրկէ վերջերս քաշուած են իսրայէլեան ուժերը: Տէյր Միմէս շրջանին մէջ կատարուած որոնումներուն ընթացքին կարելի եղած է յայտնաբերել հինգ մարդու դի: Իսկ հարաւի սահմանային Տուհէյրա գիւղին մէջ քաղաքացիներ կազմակերպեցին բողոքի հաւաք մը, պահանջելով իսրայէլեան ուժերը հեռացնել հիւղին հարաւային թաղամասէն:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ շրջանին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը քաղաքացիներուն կը թոյլատրէ վերադառնալ իրենց սահմանային հատուածի բնակարանները:

Share62Tweet39
Previous Post

ՕՄԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ

Next Post

ՂԱԼԻՊԱՖ ՔԱՍԷՄԻ ՄՕՏ

Next Post

ՂԱԼԻՊԱՖ ՔԱՍԷՄԻ ՄՕՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.