Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

February 27, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

 

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութիւնը այսօր իսկ կը սկսի մշակել աշխատանքային ծրագիրը գործադրելու ծրագրեր եւ աշխատանք տանիլ այդ իրականացնելու ուղղութեամբ: Խորհրդարանին մէջ երէկ գիշեր վերջ գտան կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու նիստերը եւ նախարարաց խորհուրդը ստացաւ լիբանանցիներու ներկայացուցիչներէն 95-ին վստահութիւնը, մինչ 12 երեսփոխան դէմ քուէարկեցին եւ չորս ուրիշներ մնացին ձեռնպահ: Ըստ խորհրդարանական տեղեկութիւններու, կառավարութեան քուէ չեն տուած Ազգային ազատ հոսանքի «Ուժեղ Լիբանանը» համախմբումի երեսփոխաններն ու Սինթիա Զարազիրը, մինչ ձեռնպահ մնացած են Նապիլ Պատրը, Մոհամմատ Հութը, Ժամիլ Սայէտը եւ Հայտար Նասէրը:

Երկու օրերու ընթացքին գումարուած ժողովներուն ընթացքին խօսեցան 48 երեսփոխաններ, որոնց մեծամասնութիւնը աջակցութիւն յայտնեց Սալամի աշխատանքային ծրագրին եւ նոր մօտեցումներուն, մինչ կարգ մը երեսփոխաններ քննադատեցին կառավարութիւնը կազմելու մեթոտաբանութիւնը: Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխանները նիստէն քաշուեցան՝ դժգոհելով խորհրդարանի նախագահին որոշումէն եւ բաւարարուեցան միայն համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի խօսքով:

Վստահութիւն շնորհելու նիստերու աւարտին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնց, որ իրենք պիտի շարունակեն աշխատանք տանիլ միջազգային ուժերու հետ եւ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի գերիշխանութեան իր խախտումները եւ վերջ տայ լիբանանեան հողի բռնագրաւումին: Խօսելով կառավարութեան ծրագրերուն մասին, Սալամ խոստացաւ յառաջիկայ շաբաթներուն կազմել ելեկտրականութեան ոլորտը տնօրինող խորհուրդ մը եւ վերջ տալ ելեկտրականութեան հոսանքի գողութեան: Ան վերահաստատեց, որ կառավարութիւնը շուտով պիտի ամբողջացնէ պետական թափուր պաշտօններուն նշանակումները՝ մասնագիտական փորձ ունեցող անձնաւորութիւններով:

 

Share63Tweet39
Previous Post

  ԷՋԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌՈՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՀԱՅԵՐԸ ՌՈՔՈՒՄ

Next Post

ՕՄԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ

Next Post
ՕՄԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ

ՕՄԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.