ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի երիտասարդ սերունդի ղեկավար դէմքերէն՝ տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան ծնած է Պէյրութ, 1950-ին: Չորրորդ զաւակը՝ Տիգրան եւ Ովսաննա Գալայճեանի:
Կանուխէն՝ (7 տարեկան) 1958-ին կորսնցուցած է հայրը, իսկ 1964-ին՝ (14 տարեկան) մայրը:
Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Սահակեանի մէջ: Սահակեանէն ներս իր ուսումնառութեան շրջանին փայլած է ո՛չ միայն ուսումնական յաջողութիւններով, այլեւ մարզական եւ միութենական հետաքրքրութիւններով եւ այդ մարզերուն բերուած գործօն մասնակցութեամբ: Փոքր տարիքէն անդամագրուած է Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական շարժումին եւ ուսանողութեան շրջանին մաս կազմած է Սահակեանի եւ Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլի խումբերուն: Իբր ուշիմ աշակերտ եւ ծառայասէր պատանի ուսուցչական կազմին հետ վայելած է յատկապէս տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանի քաջալերանքն ու հովանաւորութիւնը՝ մինչեւ Սահակեանէն շրջանաւարտութիւնը:
Ընտանիքէն ստացած մարդկային, գաղափարական եւ հայրենասիրական շունչը զարգացնելով Սահակեանի գաղափարապաշտ ուսուցիչներու դաստիարակութեամբ, 1967-ին, Ուսանողական միութեան շարքերէն կ’անցնի կուսակցութեան շարքերը: Տարի մը Վիեննական Մխիթարեաններու մօտ ուսումը ամբողջացնելէ ետք, մասնագիտական ուսման համար կը մեկնի Խ. Հայաստան, ուր Բժշկական բաժնին մէջ կը հետեւի ատամնաբուժութեան:
Մասնագիտական ուսման առընթեր գործնապէս կը մասնակցի տեղւոյն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ուսանողական կեանքի հայրենական նախաձեռնութիւններուն: Սերտ կապեր կը հաստատէ հայրենի մտաւորական եւ երիտասարդական շրջանակներուն հետ։ Երիտասարդներու կողմէ (հայրենի թէ սփիւռքահայ) կը գնահատուի իր անկեղծութեամբ, ընկերային շաղուածքով թէ գաղափարապաշտ հայրենասիրութեամբ:
Գաղափարական հայրենասիրութեան շեշտուած գիծին ներքին թելադրութեամբ, հայրենիքէն վերադարձին, իր սեփական դարմանատունը հաստատելու առընթեր, նուիրուեցաւ հասարակական կեանքին՝ իր ուխտը ըրած կուսակցութեան՝ Ս. Դ. Հ. Կ.-ի երիտասարդականէն ներս, ստանձնելով անոր գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնը: Գաղափարապաշտ երիտասարդութեան օճախ՝ «Տխրունի» ակումբը նոր աշխուժութիւն ապրեցաւ, իր գաղափարակից գործակիցներով զայն դարձնելու համար երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակութեան տունը: Գործնապէս քաջալերեց Հնչակեան երիտասարդական շարժման ծաւալումը եւ նախաձեռնեց «Արարատ Երիտասարդական»ի հրատարակութեան:
Շատ չանցած, գնահատուելով, կոչուեցաւ Լիբանանի շրջանի ղեկավար մարմինի անձնակազմէն ներս, ուր փորձառու եւ վաստակաւոր ղեկավարներու հետ գործակցութեամբ ապահովեց փորձ եւ նուիրուեցաւ կազմակերպչական աշխատանքներու, որոնց ընթացքին ցուցաբերեց կարգապահական խստապահանջութիւն եւ Կանոնագրի նկատմամբ բծախնդրութիւն:
1987-ին, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետութիւնը վստահուեցաւ իրեն: Երիտասարդներն ու իր գործակիցները գործի եւ աշխատանքի մղելու շնորհքով օժտուած, ձեռնարկեց կուսակցութեան 100-ամեակի սկսած ձեռնարկներու ամբողջացման: Յոբելենական յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ Լիբանանի մէջ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի 100-ամեակի փառաշուք հանդիսութենէն ետք, ի՛ր եւ իր գլխաւորած Վարիչ մարմինի գլխաւոր սեւեռակէտը դարձաւ 100-ամեակի ճաշկերոյթը, որ գաղափարանուէր ճիգերով կուսակցութեան ապահովեց նիւթական շօշափելի հասոյթ: Իր համոզումն էր, որ ղեկավարութիւնը ամէնօրեայ ներկայութիւն պահէ ակումբէն ներս: Համոզումին գործնական ապացոյցը կու տար անձնապէս, ամէն օր իր դարմանատունի ժամէն ետք կ’ուղղուէր «Տխրունի» ակումբ՝ վարելու համար կուսակցական աշխատանքները:
Նոյն տարին ամուսնացաւ իրեն գաղափարակից հայուհի՝ Նազիկ Թոքճեանի հետ եւ բաղդաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով մը՝ Գառնի: Հետեւելով կուսակցութեան վերին մարմինին կողմէ ճշդուած ուղեգիծին, քայլ պահեց հայրենական կեանքի մէջ արձանագրուած ազգային նորագոյն իրադարձութիւններուն հետ, որոնք եթէ մէկ կողմէ կը միտէին ազգային արդար պահանջատիրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղը կցել Խորհրդային Հայաստանին, միւս կողմէ ան հաւատաւոր հնչակեանի հետեւողականութեամբ անհաշտօրէն կը մեղադրէր ներկայ գոյութիւնը վտանգող արկածախնդրական ամէն ձեւի Հայաստանի շարժումները: Հայաստան իր վերջին այցելութենէն վերադարձին՝ 1989-ի ամառը, աւելի շեշտակի եւ սրած կերպով իր հոգիին մէջ կը կրէր հայութեան ապրած տագնապին ներկայ փուլը:
Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի գլխաւոր պատասխանատուի հանգամանքով ոչ մէկ ճիգ խնայեց տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան, որ հայութիւնը պատուհասած երկրաշարժի աղէտին թէ Արցախի պահանջատիրական պայքարին առիթներով պահուի եւ ամրապնդուի լիբանանահայութեան ազգային համագործակցութիւնը, ներկայացնելով կուսակցութիւնը միջկուսակցական հանդիպումներուն:
Իրազեկ արաբերէնին եւ ֆրանսերէնին՝ հայութեան շահերէն մեկնող եւ կուսակցութեան դիրքորոշումը յստակացնող եւ լուսաբանող տեսակցութիւններ, հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական հոսանքներու եւ դէմքերու հետ:
Խանդավառ հնչակեան մամուլի օրկան «Արարատ»ին վերապահուած ժողովրդանուէր դերով քաջալերեց, որ Մամլոյ դիւանի նախաձեռնութիւնը՝ «Արարատ»ը կիրակնօրեայ յաւելուածով (ութ էջ) հրատարակութիւնը իրականութիւն դառնայ, որ կարճ ժամանակէն յատուկ ընդունելութեան արժանացաւ ժողովրդական թէ մտաւորական տարբեր խաւերէն ներս:
Հաւատալով Հայաստանէն շրջանաւարտներու Սփիւռքի մէջ կատարելիք դերին՝ խումբ մը համախոհներով հիմնադիրներէն մին հանդիսացաւ Հայաստանաւարտ շրջանաւարտներու միութեան:
Անժամանակ եւ դառնակսկիծ մահէն 25 օր առաջ, երբ կը բռնկէր Արեւելեան Պէյրութի հակամարտ ուժերու ռմբակոծումները, ղեկավարի պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, Վարիչ մարմինի իր գործակիցներով կազմակերպեց հայկական թաղերու ժողովուրդին ընկերային ծառայութեան օգնութիւնը, հսկողութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։ Հակառակ տիրող դաժան եւ անխնայ կացութեան, գոհ էր ժողովուրդին օգտակար եւ ծառայած ըլլալու ներքին ուրախութեամբ:
Պարտականութեան եւ ղեկավարի պատասխանատուութեան պատնէշին վրայ, տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան Դամասկոսի մէջ սրտի անակնկալ տագնապի հետեւանքով հրաժեշտ տուաւ կեանքին Կիրակի, 25 Փետրուար 1990-ին, 40 տարեկան հասակին:
Կանխահաս մահը շշմեցնող արձագանգ եւ տպաւորութիւն ունեցաւ բոլոր խաւերէն ներս:
Տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանի մահով Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը կորսնցուց իր նուիրեալ ու խոստումնալից, համալսարանաւարտ ղեկավար ուժերէն մէկը, որ տակաւին տալիք ունէր կուսակցութեան, ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
«Արարատ», 13 Մայիս 1990
ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ
Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մասնաճիւղերը 1990 թուականի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն ցնցուեցան, ապրելով իրարայաջորդ՝ ողբերգական անակնկալներով շրջան մը: Արդարեւ, ընդամէնը 3 շաբթուան ընթացքին երկու ատենապետներ անակնկալօրէն եւ առանց ազդանշանի առհաւէտ մեկնեցան այս կեանքէն: Առաջինը ընկեր տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանն էր, Ս.Դ.Հ.Կ.ի Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ղեկավարը, երկրորդը՝ Դամասկոսի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետը՝ ընկեր Խաչիկ Թօփալեան:
Հետաքրքրական քանի մը զուգաչափեր նշմարուեցան երկու ղեկավարներուն մահուան առնչութեամբ: Նախ՝ երկուքն ալ 1950 թուականի ծնունդ էին, այսինքն՝ ուղիղ 40 տարեկան երիտասարդներ: Ապա, որ անոնց մահը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ եւ իրարմէ ժամանակի կարճ տարածութեամբ: Ընկեր տոքթ. Գրիգոր՝ 25 Փետրուարին, իսկ ընկեր Խաչիկ՝ 18 Մարտին: Երկուքն ալ Կիրակի օրով եւ միեւնոյն պատճառով՝ սրտի տագնապի հետեւանքով: Ողբացեալները ատենապետներ էին: Ընկեր Գօգօն՝ Լիբանանի Վարիչ մարմինի, իսկ ընկեր Խաչիկը՝ Դամասկոսի Ն.Ս.Մ.Մ.-ի: Եւ վերջապէս երկու ընկերներն ալ քաջածանօթ էին որպէս նուիրեալ, հաւատաւոր եւ բազմատաղանդ:
Ընկեր Գօգօ Գալայճեանը Դամասկոս կը գտնուէր կուսակցական առաքելութեամբ: Այդ օրերուն Պէյրութ կ’ապրէր քաղաքացիական պատերազմին ամենատագնապալի, ամենասարսափելի օրերը: Ոչ մէկուն մտքին ծայրէն իսկ չէր անցներ, որ տարաբախտ ընկերը կրնար զգետնուիլ Դամասկոսի խաղաղ երկինքին տակ: Մահագոյժը ցնցիչ էր ու անհաւատալի: Այդ պայմաններուն տակ անհնար էր հէգ ընկերոջ մարմինը ծննդավայր տեղափոխել: Պէտք էր արագ որոշում կայացուէր: Ի վերջոյ որոշուեցաւ ողբացեալին յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կազմակերպել Դամասկոսի մէջ: Հանգուցեալ ընկեր Գրիգորի ընտանեկան պարագաները ու մեծ թիւով գաղափարակից ընկերներ Պէյրութէն ժամանեցին սուրիական մայրաքաղաք:
Տարաբախտ ընկերոջ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Մարտ 1990–ին։
Նախ Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի ակումբին մէջ կայացաւ սգոյ հաւաք: Ապա Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ դագաղը ուսամբարձ տարուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցի: Թաղման արարողութեան նախագահեց ու ապա յաւուր պատշաճի քարոզեց Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Ոսկան Եպս. Գալփաքեան։
Եկեղեցւոյ բակին մէջ, կուսակցութեանս դրօշով ծածկուած դագաղին շուրջ եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան դամբանականներ խօսեցան յանուն Ս.Դ.Հ.Կ. Դամասկոսի շրջանի՝ ընկեր Մովսէս Հալաճեան, յանուն Ս.Դ.Հ.Կ. Հալէպի շրջանի՝ ընկեր Ճորճ Կարապետեան, եւ ընկեր Տիրան Ակինեան՝ յանուն Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան: Լիբանանի Վարիչ մարմինի հրաժեշտի խօսքը կարդաց ընկ. տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան։
Ապա վաղամեռիկ ընկերոջ մարմինը փոխադրուեցաւ Դամասկոսի Հայոց Ազգային գերեզմանատունը, ուր յանձնուեցաւ հողին՝ Կուսակցութեան քայլերգին հնչիւններուն տակ:
Բազմաթիւ էին պաշտօնական, օտար, քոյր եւ համակիր շրջանակներէն՝ ընկեր տոքթ. Գօգօ Գալայճեանի անժամանակ մահուան առիթով ստացուած ցաւակցական հեռագրերն ու նամակները: Անոնք բոլորը, իրենց ընդվզումն ու խոր վիշտը կը յայտնէին «այս տագնապալից պայմաններուն մէջ, իմաստուն, շրջահայեաց, հանդարտաբարոյ, պարկեշտ ու ծառայութեան պատրաստ վաւերական ղեկավարի մը» անժամանակ մեկնումով:
Ընկեր Գօգօն եղբայրն էր վաստակաշատ բանաստեղծ, կրթական-հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեանի: Անոր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը հեշտ ու դիւրասահ չեն ընթացած: 7 տարեկանին կորսնցուցած է հայրը, իսկ 14 տարեկանին՝ մայրը: Ան քայլ առ քայլ յաղթահարելով կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաջողութեամբ աւարտած է Երեւանի բժկական համալսարանի ատամնաբուժական բաժինը: Ապա հիմնած է իր անձնական դարմանատունը եւ կազմած ընտանիք, միեւնոյն ատեն ստանձնելով պատասխանատու կուսակցական պաշտօններ:
Բծախնդիր, գաղտնապահ, ուղղամիտ, լռիկ-մնջիկ գործող յատկանիշերով զանազանուող էր ընկեր Գօգօն: Բնաւ չէր հպարտանար իր ըրածով, նոյնիսկ չէր անդրադառնար այդ մասին։
«Թունդ հայրենասեր էր: Կը տառապէր հայրենիքի սխալներով, ձախողութիւններով, սայթաքումներով ու տեղին ալ անխնայ կը քննադատէր զանոնք, որոնք անտարբեր էին այդ երեւոյթերուն հանդէպ: Սակայն, նո՛յն կիրքով կը պաշտպանէր հայրենիքը, երբ անոր հանդէպ եղած ցեխարձակումը անտեղի էր կամ չէր բխեր հայրենասիրական անխառն մղումէ»:
Վաղամեռիկ ընկեր տոքթ․ Գրիգոր Գալայճեանի յիշատակը վառ պահելու համար, օրին անմիջապէս ստեղծուեցաւ «Տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան Հրատարակչական Հիմնադրամ», գոյանալիք հիմնադրամով հայերէն եւ օտար լեզուներով Հայ Դատին նուիրուած՝ քաղաքական, գաղափարական եւ պատմական բովանդակութեամբ գիրքեր հրատարակուելու համար։ Յաւարտ յուղարկատրութեան եւ թաղման, կատարուեցան նուիրատուութիւններ «Տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան hրատարակչական hիմնադրամ»ին, փոխան ծաղկեպսակի: Իսկ Կիրակի, 11 Մարտ 1990–ին, Զահլէի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալ ղեկավար ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանի մահուան առիթով, որմէ ետք Զահլէի «Տոքթ. Պէննէ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, փոխան ծաղկեպսակի եղան նուիրատուութիւններ նոյն hիմնադրամին:
Հետագային նուիրատուներ շարունակեցին հիմնադրամին նիւթական պարգեւներ կատարել: Հաւաքուած գումարին արգասիքը հանդիսացաւ Ստեփան Սապահ Գիւլեանի «Երիտասարդ Թուրքիա» հատորին վերահրատարակումը Երեւանի մէջ: Դժբախտաբար տարիներու սահանքին հետ, պայմաններու պարտադրանքով հիմնադրամն ալ գոյութենէ դադրեցաւ:
Այսօր, իր մեկնումէն 35 տարիներ ետք, միայն երէց սերունդն է որ պիտի յիշէ ընկեր Գրիգոր Գալայճեանը: Անոնցմէ շատեր ալ նոր սերունդի երիտասարդներուն նման անտեղեակ են ողբացեալ ընկերոջ համառօտ կեանքին մասին: Կեանք մը նուիրումի, կեանք մը ծառայութեան: Ռմբակոծուող թաղին ու կարիքաւոր թաղեցիներուն, պատնէշի վրայ՝ տագնապահար ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար, կուսակցական անլոյծ հարցերով զեղուն, լիբանանահայութեան անորոշ ապագային հոգը ուսերուն շալկած տակաւին ինչե՜րու պիտի վազէր, հասնէր: Եւ ի՜նչ իմանաս, եթէ 40-ամեայ սիրտը հանդարտ ու խաղաղ միջավայրին անվարժ ըլլալուն համար բաբախելէ դադրած չէր:
Ընկեր Գալայճեանի մահուան 35-ամեակի օրուան նուիրուած «Արարատ»ի այս համեստ էջով, ջանացինք վերյուշ մը կատարել: Յոյսով ենք որ յաջողեցանք ներկայացնել շրջահայեաց ու իմաստուն ղեկավարը՝ անոր արժանիքներուն համապատասխան մակարդակով:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։
«Ա.»
ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՐԱԶԱՏԻՍ՝
ԸՆԿ. ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Վաղամեռիկ մահուան լուրդ ռումբի մը պէս
Սրտերնուս մէջ պայթեցաւ եւ պայթեցուց մեզ.
Դուն մեկնեցար ե՛ւ անշշուկ, ե՛ւ անաղէտ,
Անմխիթար ձգելով մեզ՝ յուշերուդ հետ…։
Ա՜խ թէ ինչպէս կեանքի դաժան մատիտը սեւ,
Կրցաւ գրել այս վճիռը ճակտիդ վերեւ.
Չկա՞ր արդեօք ճակտէդ բացի տեղ մը այլուր,
Ուր հոն գրուէր այս կատակը մահասարսուռ…:
Արժէքներդ շատ են անշուշտ, անհաշուելի,
Որպէս ե՛ւ մարդ, ե՛ւ վեհ ընկեր գաղափարի.
Խիզախօրէն՝ այդ երկուքին մէջ ծառացար
Ե՛ւ մահէդ ետք՝ դուն անոնցմով անմահացար…։
Դուն քալեցիր մահուան փշոտ ստուերներէն,
Բայց եւ երբե՛ք որպէս արի ե՛ւ Հնչակեան՝
Դուն չվախցար արհաւիրքէն, ո՛չ ալ չարէն,
Այլ գործովդ՝ զգետնեցիր մահն իսկ դաժան։
Երկու մայրեր գուրգուրանքով քեզ սնուցին,
Մէկը կաթով, միւսն ալ ազգին վեհ պայքարով․
Բայց ի՜նչ ափսոս, որ երկուքն ալ խոր կսկիծով
Կորսնցուցին եւ քեզ երբե՛ք չվայլեցին…։
Ճակատագիրն այդ անիրաւ եւ անզգամ,
Անգթօրէն քեզ հարուածեց երկու անգամ․
Առաջինին՝ քեզ որբ ձգեց, իսկ երկրորդին՝
Որբացուց եւ․․․ մէկհատիկդ, անուշ, անգին։
Կեանքդ ամբողջ՝ ազնուաբար եւ հայօրէ՛ն,
Նուիրեցիր հայ ազգին եւ հայրենիքին,
Մահէդ վերջն ալ, ինչ որ մնաց այդ բոլորէն
Թո՛ղ որ մնայ Գառնիին եւ հէգ Նազիկին…։
Բարիները եղեր այսպէս կը մահանան․
Կ’երթան եղեր առանց ցաւի ու յոգնութեան.
Դուն շատ բարի, եւ անոնցմէ ա՛լ աւելի
Գացիր մեզմէ՝ նոյնիսկ առանց մէկ բարեւի…։
Բարիները երգ կ’ունենան՝ կ’երգեն եղեր…
Դուն ալ այդպէս, չկարծես որ երգ չունեցար..
Այդ քու երգդ, սիրած երգդ անմահութեան՝
Դագաղիդ քով, մենք երգեցինք բարձրաձայն…:
Ինչ ափսոս որ, դուն այլեւս չկա՛ս արդէն,
Բայց գիտցիր որ, մեր մտքին մէջ եւ սրտերուն՝
Դուն որպէս յուշ, որպէս արիւն եւ խե՛նթօրէն
Պայծառ դէմքով, կը տողանցես, անվերջ, անհուն։
ՅԱԿՈԲ ԱՂԱՅԵԱՆ
(Հալէպ, 12 Մարտ 1990)
Աստուատծ Հոգին Լուսավորէ Սիրելի Գօգօ Քերիս։