Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՒԱՌՆՈՂ ԱՐԾԻՒՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ (ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 160-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

February 25, 2025
in Յօդուածներ
0
ՍԱՒԱՌՆՈՂ ԱՐԾԻՒՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ  (ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 160-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Դեռ թոթովախօս, դպրոցական կեանքի առաջին քայլերուն, մեր աշակերտական երգարաններէն պիտի իմանայինք եւ լիաթոք երգէինք արծիւի մը մասին, որ կը սաւառնի լեռ ու ձոր: Երեւակայութեան թափը հզօր կ’ըլլայ մանուկներու մօտ, սովորաբար: Եւ ի՜նչ զարմանք, նայելով երգարանի լուսանկարին, այս սաւառնող արծիւը թեւատարած, սրաբիբ եւ սուր մագիլներով երկինքի արքան չէր, այլեւ՝ զինուորական համազգեստով, ալեխառն մազերով, հաստապեխ, թուրը մէջքին կապած, խիստ հայեացքով մարդ մը՝ որ պատրաստ էր սաստելու եւ պատժելու առ որ անկ է, օձերու պէս սողացող ոսոխները՝ յատկապէս:

Ի՜նչ իմանայինք, որ մեր երգարանին արծիւին նուիրուած երգը միայն մեր դպրոցին յատուկ չէր: Եւ ի՜նչ իմանայինք, որ միայն մեր երկրին ու հասակակիցներուն համար ալ չէր. այլ՝ արծիւը կու գար մեր պատմութեան խորքէն, կը սաւառնէր սերունդէ-սերունդ եւ երկրէ-երկիր, եւ աւելին՝ պիտի սաւառնի ընդմիշտ՝ քանզի մե՛նք իսկ  լիահագագ կը կրկնէինք՝ «քու անունդ պիտի յիշուի դարէ-դար, հսկայ լեռինք քեզ ապաստան Անդրանիկ»:

Դէմքեր կան, որոնք երկնառաք առաքելութեամբ օժտուած կ’ըլլան կարծէք: Դէմքեր՝ որոնց վիճակուած է սովորական մահկանացուներէ տարբեր դեր մը ստանձնել՝ համամարդկային թէ ազգային առումներով: Իրենց վերապահուած կ’ըլլայ յանձնառութիւն մը՝ որ կրնայ գլխիվայր շրջել հաւաքականութեան մը ճակատագիրը: Մեր նոր պատմութեան մէջ Անդրանիկ Օզանեանը եղաւ անոնցմէ՝ որ իր կենդանութեան իսկ առասպելական հերոս էր, մնաց այդպիսին եւ ահա ցայսօր կը շարունակէ մնալ նոյնը՝ բայց աւելի՛ շքեղ, առնական, հերոսական:

Այսօր, Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 160-ամեակն է: Ազգն ու հայրենիքը պիտի լիանան անոր ոգիով, պիտի ներշնչուին անոր խօսքերով ու պիտի համակուին անոր ուրուականով: Բայց միաժամանակ՝ սրտի կիզումով պիտի որոնեն այն արծիւը՝ որ կը սաւառնէր անցեալին. որովհետեւ այսօր, աւելի քան երբեք, կարօտն ունինք նոր արծիւներու:

Ո՞վ կրնար գուշակել, որ Շապին Գարահիսարի մէջ, համեստ երդիքի տակ, ձմեռուան ցուրտ ու փոթորիկին ծնած Անդրանիկ, պիտի ունենար փոթորկայոյզ կեանք մը՝ վառօդի եւ ռումբի հոտով ներծծուած: Կեանք մը՝ որ մաքառումներու եւ մարտնչումներու յաջորդական շղթայի մը կենդանի վկան պիտի ըլլար: Կեանքի հրեղէն ուղի մը՝ որ պիտի թափառէր Հայաստանի բոլոր վայրերը, Հայաստանէն դուրս եւ վերադառնալու համար դարձեալ Հայաստան (Եռաբլուր)՝ այս անգամ որպէս նուիրական նշխարներ: Դեռ երիտասարդ՝ երդում տուաւ ազատագրական պայքարին՝ Հնչակեան կուսակցութեան կարմիր դրօշին վրայ: Մարտականութիւնն ու զօրավարութիւնը ընդոծին շնորհքներ էին իր մօտ, որ ան կրցաւ լաւագոյնս դրսեւորել գրեթէ բոլոր ճակատներուն վրայ՝ Սասունէն Տարօն ու Առաքելոց վանք, Պուլկարիա, Դիլմանէն Բաղէշ ու Կարին, Զանգեզուրէն Նախիջեւան եւ այլուր: Դեռ Սասնոյ մէջ, ի յայտ եկած իր հմտութեանց պատճառով զինք կոչեցին «Սասնոյ Արծիւ»: Ռազմագիտական տաղանդը հերիք չէր դառնալու համար ժողովուրդի մը ազգային հերոսը: Անոր հրահանգներէն, խօսքերէն, յորդորներէն, ցասումէն եւ վարքուբարքէն կ’արտացոլար հոգեժայթքումը առաջնորդի մը՝ որ չի սիրեր վարանիլ, կմկմալ, թուլնալ, ընկրկիլ կամ նահանջել: Հետեւապէս, աներկրորդ զօրավար մնաց ոչ միայն մարտական պատնէշներու վրայ կամ խրամատներու ետին, ոչ միայն կածաններու եզրին կամ իր անուանի Ասլան յովատակին վրայ նստած, այլեւ իր ներշնչած կուռ գործերով, ոգեկան արիութեամբ, խստապահանջ քայլերով, թշնամին անխնայօրէն զգետնելու նպատակասլաց խոյանքով: Հայ ազատագրական պայքարին պայծառագոյն դէմքն ու ղեկավարը մնաց անվիճարկելիօրէն: Անդրանիկ փաշա մեր հերոսապատումին բարձրագոյն ու մարմարեայ պատուանդանը նուաճեց աներկբայելիօրէն:

Ընդգծելի է, որ մեր ամենաժողովրդական դէմքերը ոչ թէ բարձրագոյն ուսման տէր տիտղոսաւորներ եղած են, ոչ թէ նիւթական կարողութեանց տէր փարթամութեան մէջ լողացող պարոններ, այլեւ՝ համեստ ու ժողովուրդին վիշտին ու տառապանքին թարգմանը հանդիսացած խոնարհ տիտաններ.- ահա այդ աստղաբոյլին երեք հսկաները՝ Խրիմեան Հայրիկ, Յովհաննէս Թումանեան եւ Զօրավար Անդրանիկ՝ իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ եւ իրովսանն նուիրումով:

Ընդգծելի է նաեւ, որ Անդրանիկ փաշա ցայսօր կը փնտռուի կարօտով: Ո՞ւր են սաւառնող արծիւները: Մին կ’աղաղակէ՝ «Վեր կա՛ց գերեզմանից, Անդրանիկ փաշա», միւսը կ’աղաչէ՝ «Անդրանիկներ մեզի պաշտպան», երրորդը՝ հայ մայրերուն թախանձը ուղղելով՝ «Անդրանիկներ նորից ծնուեն», չորրորդը քաջերուն կը պատգամէ՝ «Կովկասի քաջեր, խմբեր կազմեցէք, քաջ Անդրանիկին օգնութեան հասէք», անդին խումբով կ’աղերսեն՝ «Ճիշդ ժամանակն է արի զօրավար, Քեզ են սպասում քաջեր անհամար», իսկ ոսոխներով շրջապատուած հայրենիքին համար պատանիներ կը յուշեն՝ «Թշնամիներ երբ լսեն քո անունը, օձերու պէս կը սողան իրենց բոյնը»: Վերջապէս, Անդրանիկն է անտեսանելի պահապան հրեշտակը Հայաստանին ու հայութեան եւ այդ իսկ պատճառով պիտի գոռանք՝ ո՞ւր ես, ո՞ւր ես, ո՞ւր ես Զօրավար Անդրանիկ:

Այս օրերուն ինչքա՜ն կարիքն ունինք իր խօսքերուն եւ գործերուն: Ահա բեկոր մը իրմէ, կոչ մը Պուլկարիայէն ուղղուած հայ-թաթարական պատերազմի օրերուն (1906). «Թշնամին թողուլ եւ ներքին մանր մունր հաշիւներով զբաղի՜լ, ոճիր է, հայրենիքի մա՛հն է:

Թողուցէ՛ք անձնական ի՛նչ կիրք որ ունիք, ուշքի եկէք, աչքերնիդ անգամ մըն ալ դարձուցէք աւերակ հայրենիքին վրայ. Տուշմանը իր գործը սիստեմաթիկ կերպով առաջ կը տանի, արուեստական սո՜վ, գաղթականութի՜ւն աշխարհի չորս ծայրերը, անվերջ ու անանուն հարկեր, մեր ընկերները՝ ճահել ճիւան կտրիճները բանտերուն խորքերը ամէն օր կը հալին, կը մաշուին. թալանը, առեւանգումը եւ բոլոր այն բազմատեսակ թշուառութիւնները, որոնք սիրտ կը կտրատեն, արդէն արիւնաքամ ըրած են հայը Հայաստանի մէջ»: Եւ ապա՝ «Իմ Կոչս է բոլոր յեղափոխական ընկերներուս, բոլոր հայ ժողովուրդին – կուսակցական ինչ դաւանանքի ալ պատկանին – ժամանակ է որ սթափուինք, սեղմենք մեր շարքերը. ազատութեան գործը շատ դժուարին գործ մը դարձած է. մեծ ուժի կը կարօտի, ազգովին քով քովի գանք եւ այդ մեծ ուժը կազմենք. քաջութիւնը, դրամը, զէնքը չէ որ կը պակսի մեզի, այլ կամքը. զօրացնենք մեր կամքը, եւ վստահ ըլլանք որ կը փրկուինք»:

Մերօրեայ հայորդիք, մեծէն պզտիկ, ես, դուն, ան, մենք, դուք, անոնք, սորվելիք դաս չունի՞նք Զօրավարին այս կտրուկ, դիպուկ, հզօր պատգամէն…:

Ծննդեանդ աստուածատուր օրը՝ ասկէ 160 տարի առաջ, շնորհաւո՛ր երկնապարգեւ անկրկնելի Զօրավար: Սասնոյ Արծիւին կարօտով՝ սաւառնող արծիւներ կը սպասենք ակնակառոյց կերպով:

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ  

Share62Tweet39
Previous Post

ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՔ ԿԱՄ «ՏՕՆ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ»

Next Post

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՂԵԿԱՎԱՐ, ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿԵՐ ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ (1950 – 1990) (ՄԱՀՈՒԱՆ 35-ԱՄԵԱԿ)

Next Post
Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՂԵԿԱՎԱՐ, ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿԵՐ ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ (1950 – 1990)  (ՄԱՀՈՒԱՆ 35-ԱՄԵԱԿ)

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՂԵԿԱՎԱՐ, ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿԵՐ ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ (1950 - 1990) (ՄԱՀՈՒԱՆ 35-ԱՄԵԱԿ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.