Հայ քահանաներու տօնն է այսօր։
«Ղեւոնդեանց քահանայից»՝ կը նշէ հայկական օրացոյցը։
Կը խորհիմ որ արդա՛ր կարգադրութիւն մըն է այս՝ մեծարելու հայ քահանաները, որոնք ոչ միայն մեր եկեղեցական կեանքին, այլեւ մեր ընտանեկան ու ընկերային միջավայրին մէջ կարեւոր դերակատարներ են։
Պատկերացուցէ՛ք անգամ մը, թէ ի՞նչ վիճակ կրնային պարզել մեր եկեղեցիներն ու համայնքները, եթէ… քահանաները գոյութիւն չունենային։ Կուսակրօն հոգեւորականները պիտի կարենայի՞ն առանձինն շալկել եկեղեցւոյ եւ ծուխերու (ընտանիքներու) հոգեւոր սպասարկութեան ծանր բեռը։ Եւ տակաւին, առաջին հերթին, կուսակրօնները իրե՛նք դժուարութիւններու պիտի մատնուէին՝ եթէ իրենց շուրջբոլորը չունենային օժանդակ համեստ քահանաներ…։ Այս մասին կրնան վկայել քահանաներու պակասէն տառապող գաղութները…։
Մենք կը սիրենք ու կը յարգենք կոչեցեալ քահանաները։ Մա՛նաւանդ անոնք, որոնք զարգացեալ են, եկեղեցւոյ բեմը կը պայծառացնեն գեղեցիկ ու խնամեալ քարոզներով, կը սպասարկեն հայ գիրին՝ կրօնաշունչ գրականութեան մշակումով։
Վերադառնանք պատմութեան։ «Ղեւոնդեանց քահանայից» անուան տակ Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ ինը հոգեւորականներ, որոնք Վարդանանց ճակատամարտէն ետք ձերբակալուեցան իբրեւ հակապետական դրդիչներ ու 454 թուին գլխատուեցան Պարսկաստանի մէջ, տաժանակիր չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք։ Այս խումբին մաս կը կազմէին Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսներ, չորս քահանաներ՝ Ղեւոնդ, Մուշեղ, Արշէն եւ Սամուէլ, նաեւ երկու սարկաւագներ՝ Աբրահամ եւ Քաջաջ։ Հետաքրքրականն այն է, որ նահատակներու այս ամբողջ խումբը կոչուած է անունովը ՂԵՒՈՆԴին (որ քահանայ մըն է, մեզի ծանօթ Ղեւոնդ Երէցը), այլ ո՛չ թէ Յովսէփ կաթողիկոսին, որ հայրապետն էր հայոց աշխարհին ու բնականաբար՝ ամբողջ հայ հոգեւորականութեան պետը, գլուխը։
Կը թուի թէ Ղեւոնդ Երէցի հմայքը աւելի տարածուն եղած է ժողովրդային խաւերու վրայ։ Եւ արդէն ամէն ոք, առ այսօր, Ղեւոնդը կը նկատէ Վարդանանց հերոսամարտի հոգին…։
Բարեբեր թող ըլլայ Ղեւոնդեանց տօնը աշխարհի բոլոր հայ քահանաներուն համար՝ վկայեալ համալսարանականներէն մինչեւ Հայաստանի գիւղերուն մէջ պաշտօնավարող համեստ տէրտէրները…։
* * *
«Ղեւոնդեանց քահանայից» տօնը յիշեցում մըն ալ ըրաւ ինծի։ Անդրադարձայ, որ Ղեւոնդ անունը կրող հայորդիներ այլեւս չկան մեր շուրջ։ «Ղեւոնդ»-ը պատմութեան գիրկը նետուած անուն մըն է այլեւս, որ կþապրի լոկ եկեղեցական նեղ շրջանակի մէջ։ Պարբերաբար, նորընծայ մեր հոգեւորականներէն ոմանք կը վերամկրտուին ՂԵՒՈՆԴ անունով, ի պանծացումն Ե. դարու քաջ հովիւ Ղեւոնդ Երէցին։
Ղեւոնդեանց տօնը պահ մը մղեց զիս մտածելու Ղեւոնդ անունին շուրջ։ Այս անունը բան մը կþըսէ՞ր ինծի։ Անշո՛ւշտ։ Գէթ յիշեցի պատմութեան հին ու նոր էջերէն քանի մը Ղեւոնդներ, որոնք ծանօթ-անծանօթ դէմքեր եղած են գրական ու եկեղեցական մեր անցեալին մէջ.
1- ՂԵՒՈՆԴ ՊԱՏՄԻՉ, որ ապրած է Ը. դարուն եւ շարադրած է Հայաստանի վրայ արաբական առաջին արշաւանքները նկարագրող շատ թանկագին գիրք մը, որ հիմնական ու միակ սկզբնաղբիւրն է տուեալ ժամանակաշրջանին։ Ղեւոնդի պատմութիւնը կը սկսի 640-ական թուականներէն ու կը հասնի մինչեւ 788։
2- Հ. ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ (1820-1900), Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան պարծանքներէն մին, հայրենատոչոր բանաստեղծ ու խորահմուտ պրպտող։ Տեսակ մը խորհրդանիշը Ս. Ղազար կղզիին։ ԺԹ. դարու անկրկնելի աշխարհագրագէտն ու բանասէրն է ան, որ առանց Հայաստանը ճանչցած ըլլալու՝ թիզ առ թիզ գոց գիտէր հայրենի մեր ընդարձակ երկրին բովանդակ աշխարհագրութիւնը…։ Հեղինակ՝ տասնեակ թանկարժէք հատորներու («Այրարատ», «Սիսուան», «Շիրակ», «Սիսական», «Հայ բուսակ», «Տեղեկագիր հայոց մեծաց», «Հին հաւատք հայոց» եւ այլն, եւ այլն)։
3- ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ՓԻՐՂԱԼԷՄԵԱՆ (1830-1891), վանեցի նուիրեալ մշակ մը, Խրիմեանի աշակերտ, որ ապրեցաւ ու գործեց ԺԹ. դարուն։ Գրեթէ ժամանակակից էր Ալիշանին, այն տարբերութեամբ սակայն, որ մինչ Հ. Ալիշան բնաւ ոտք չէր դրած պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ, Փիրղալէմեան անդադար շրջեցաւ գաւառէ-գաւառ, շատ մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի աշխարհագրութեան ու բանահիւսական թանկագին տեղեկութիւններ հաւաքեց հոնկէ («Նօտարք հայոց», Կ. Պոլիս, 1888), ճի՛շդ Սրուանձտեանցի նման։ Ուսուցիչ եղաւ Վարագայ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, քարոզիչ՝ Պոլսոյ թաղերուն, հոգեւոր հովիւ՝ Մանչեսթըրի։ Ի վերջոյ իր շունչը փչեց Երուսաղէմ։
4- Հ. ՂԵՒՈՆԴ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ (1817-1897), նոր սերունդին համար բոլորովին անծանօթ դէմք մը, որ սակայն ԺԹ. դարուն յարգուած մէկ միաբանն էր մխիթարեաններու Վիեննայի ճիւղին։ Իր երէց եղբայրն ալ վարդապետ էր այնտեղ. Հ. Պօղոս Յովնանեան։ Պոլսեցի էր, լեզուագէտ, գրաբարագէտ, հմուտ՝ միջնադարեան հայ գրականութեան։ Վիեննայի վանքին մէջ վարեց տպարանի տեսուչի ու «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի խմբագիրի պաշտօններ։ Իր եռահատոր «Գաղղիերէն քերականութիւն»-ը վերահրատարակուած է քանիցս, իսկ «Արաբերէնի քերականութիւն»–ը կը մնայ անտիպ։
5- ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔ. ԴՈՒՐԵԱՆ, բնիկ պոլսեցի, Արմաշու Դպրեվանքի սաներէն, Պուլկարիոյ, Զմիւռնիոյ եւ Ամերիկայի երբեմնի առաջնորդ, որ պատմութեան անցաւ տխուր պարագաներու մէջ՝ արիւնալի ոճիրի մը զոհ երթալով ի Նիւ Եորք, յընթացս Ս. Պատարագի, 24 Դեկտեմբեր 1933-ին… (զայն չշփոթել Երուսաղէմի Դուրեան Եղիշէ պատրիարքին հետ)։ Ունի քարոզներու քանի մը ժողովածուներ, որոնք գնահատուած են ու կը գնահատուին առ այսօր (ոմանք վերատպուած են Երեւան, վերջերս)։
6- Հ. ՂԵՒՈՆԴ ՏԱՅԵԱՆ, ա՛յս ալ վենետիկեան մխիթարեան մը (1884-1968), բնիկ պարտիզակցի, որ փայլուն երաժշտագէտ մըն էր ու գրեթէ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ հոգեւոր երաժշտութեան հետազօտութեան։ Նշանաւոր է իր պատրաստած եօթհատորանի Շարակնոցը (1952)։
Եկեղեցական այս դէմքերուն քովն ի վեր՝ անպայման պիտի ուզէի ոգեկոչել յիշատակը վանեցի վիպագիր, թատերագիր ու երբեմնի յեղափոխական ՂԵՒՈՆԴ ՄԵԼՈՅԵԱՆին ալ, որ խոր ծերութեան մէջ իր մահկանացուն կնքեց Փարիզ, 1968-ին։ Իր «Արմենուշ» տռամը (1936, Մարսէյլ) մեծապէս գնահատուած գործ մը եղաւ՝ նոյնիսկ թարգմանուելով Ֆրանսերէնի եւ արժանանալով գրական մրցանակի ալ…։
Յարգանքով կը յիշատակենք բոլորը։
Լ.Շ.