Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՍԷՄ՝ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻՆ. «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ»

February 25, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՔԱՍԷՄ՝ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻՆ. «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ»

 

 

Հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ, արտերկրէն ժամանողներ եւ օտարազգի անձնաւորութիւններ նախանցեալ օր հաւաքուեցան Պէյրութի մարզական աւանին եւ անոր կառատուներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մարզադաշտէն հարաւային արուարձաններ բացուող ճամբաներուն վրայ՝ վերջին հրաժեշտ տալու եւ հողին յանձնելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլան, որ մահացած էր 27 Սեպտեմբերին՝ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Հըզպալլայի կեդրոնատեղին հիմնայատակ կործանած օդային հարուածներուն հետեւանքով: Միաժամանակ, հաւաքուած ժողովուրդը հրարժեշտ տուաւ Նասրալլային յաջորդած եւ ընդամէնը քանի մը օր պաշտօնավարած սեյիտ Հաշէմ Սաֆիտտինին, որ նոյն ձեւով ահաբեկուած էր Նասրալլայէն քանի մը օր ետք:

Արարողութեան ընթացքին մատուցուած աղօթքներէն ետք հեռասփռուած խօսք արտասանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ ու վերահաստատեց, որ Դիմադրութիւնը ուժեղ է ու կը շարունակուի: Անոր խօսքով, զինադադարի պայմանաժամի աւարտէն սկսեալ Լիբանան բռնագրաւումի եւ բռնարարքներու տակ է, իսկ Դիմադրութիւնը յարմար միջոցներով պիտի շարունակուի՝ հիմնուելով ղեկավարութեան որոշումներուն վրայ: «Դիմադրութիւնը կը գրուի արեամբ, ուստի կարիք չունի թուղթի եւ գրիչի», ըսաւ Քասէմ, խոստանալով ի վերջոյ արմատախիլ ընել բռնագրաւող ուժը: Անդրադառնալով ներքին զարգացումներուն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատեց Ամալ շարժումին հետ դաշինքի առկայութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնսակցելու պետութեան վերակառուցումին, «որովհետեւ Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն՝ ներառեալ մեր, վերջնական հայրենիքն է»:

Մարզական աւանին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւած արարողութեան աւարտին, յուղարկաւորները Նասրալլայի դագաղին ընկերակցեցան մինչեւ գերեզման եւ նոյնիսկ վերջին հատուածին զայն դուրս բերելով բարձրացուցին ուսերու վրայ՝ արձակելով մահացած առաջնորդը յիշատակող կոչեր: Արարողութեան ընթացքին իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր սաստիկ ցած բարձրութեան վրայ կատարեցին ցուցադրական թռիչք, առանց խզելու ձայնի պատը: Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց աւելի ուշ յայտնեց, թէ օդանաւերուն թռիչքով փոխանցած են այն պատգամը, թէ «այս պիտի ըլլայ աւարտը բոլոր անոնց, որոնք կը սպառնան մեզ կործանել»: Նշենք, որ սեյիտ Հաշէմ Սաֆիտտինի թաղումը տեղի ունեցաւ երէկ՝ իր ծննդավայրին մէջ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 20 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

  ԱՄՈՒՐ ՀԱՒԱՏԱԼ ԵՒ ՉՅՈՒՍԱՀԱՏԻԼ

Next Post
  ԱՄՈՒՐ ՀԱՒԱՏԱԼ ԵՒ ՉՅՈՒՍԱՀԱՏԻԼ

  ԱՄՈՒՐ ՀԱՒԱՏԱԼ ԵՒ ՉՅՈՒՍԱՀԱՏԻԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.