«ԱՐԱՐԱՏ», 9-14 Փետրուար 1970
Տոքթ. Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեանի ստորագրութեան յաճախ կը հանդիպինք «Արարատ»-ի պեղեալ հին թիւերուն մէջ։ Կրցանք ստուգել, որ ենթական բժիշկ չէ, այլ՝ «Գրականութեան տոքթոր», այդ տիտղոսով վկայուած ըլլալով Փարիզէն։ Անծանօթ անուն մըն է շատ-շատերու համար (ծնած՝ Թրիփոլի, 1923-ին), շրջանաւարտ՝ Սահակեան վարժարանէն։ Եղած է ֆրանսագիր բանաստեղծ, թէեւ ունի 1952-ին Պէյրութ տպուած հայերէն քերթուածներու ժողովածու մըն ալ («Երկունքի շիթեր»)։ Իր յօդուածները կ՛արծարծեն ազգային մտորումներ, սակայն կը տառապին անյստակութենէ եւ խոցելի են լեզուական-շարահիւսական դիտանկիւնէ ալ։
Թերթին 9 Փետրուարի թիւով տպուած իր յօդուածը ունի երկու երես. առաջինով զուգահեռական մը կը փորձէ գծել հայուն ու հրեային միջեւ (շատ ծամծմուած նիւթ մը)։ Իր հետեւութիւնն այն է, թէ ի տարբերութիւն հրեաներուն՝ հայերը չեն յաջողած իրենք զիրենք պարտադրել իրենց ապրած երկիրներու պետութեանց։ Հայերու մօտ շեշտուած է նաեւ անմիաբանութիւնը։ Գրութեան Բ. երեսը կ՛առնչուի Հ.Յ.Դ.-ի։ Ճիռեան այն համոզումն ունի, թէ կան բազմաթիւ դաշնակցականներ, որոնց մէջ «հայու գիտակցութիւնը կուսակցական գիտակցութենէն աւելի զօրաւոր է»։ Այս դրական հաստատումին իբրեւ փաստ՝ ան կը յիշեցնէ 1946-48-ի ներգաղթի տարիներուն մեծաթիւ դաշնակցականներու «Կը հրաժարիմ»-ներու անվերջ ցանկը շրջանի սովետասէր հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ Հայաստան մեկնելէ առաջ…։ Եւ սակայն այնպէս կը թուի, թէ «Արարատ»–ի խմբագրութիւնը չի բաժներ իր աշխատակցին տեսակէտները. այդ պատճառով ալ՝ յօդուածին խորագրին վերեւ կը նշմարենք «Ազատ բեմ» տիտղոսը…։ Եւ արդէն, քանի մը օր անց, թերթը խմբագրականով մը շօշափեր է արծարծուած այս հարցը ու իր եզրակացութեան մէջ գրեր. «Դաւիթի յաջորդներուն նախանձելու պատճառ մը չունինք։ Սակայն ունի՛նք դաս մը ուսանելի — ինչ գոյն եւ ձեւ ալ ունենայ հայրենիքը, զայն նկատենք մերը, եւ լծուինք անոր զօրացումին եւ վերելքին, առանց հաշուի առնելու գոյնը դրօշին, որուն ներքեւ կը կատարուի հայրենակառուցումը»։
Մնայուն աշխատակից Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) կը շարունակէ «մշակել» իրեն հաճոյ թուող պատմական նիւթեր, մեր մօտիկ անցեալէն։ Այս անգամ, 5 յաջորդական թիւերով կը պտտկի «Հայկական Լէգէոնը եւ Արարայի ճակատամարտը» նիւթին շուրջ։ Յօդուածագիրը ինք չէ, որ ուղղակի շարադրեր է նիւթը, այլ՝ քաղուածաբար համադրեր է զայն Երեւանի «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների» հանդէսէն։ Ինչպէս ծանօթ է, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն (1916-ի վերջերը) դաշնակիցները «Արեւելեան լէգէոն» մը կազմեր էին պաղեստիեան ճակատին վրայ, խրախուսելով նաեւ հայ կամաւորներու մասնակցութիւնը ատոր։ Լէգէոնի բո՛ւն հովանաւորները կ՛ըլլան Ֆրանսա եւ Անգլիա։ Հայկական մասնակցութեան համար անոնք կը խորհրդակցին Ազգ. Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի հետ ալ։ Այս վերջինը եւրոպացիներուն ըսած կ՛ըլլայ հետեւեալը. «Եթէ կայուն երաշխիքներ տրուին, որ դաշնակիցները յաղթանակէն յետոյ պիտի փոխհատուցանեն հայոց զոհողութիւնները եւ բաւարարեն անոնց ազգային ձգտումները, ապա անոնք պատրաստ են կռուելու իրենց թշնամիին դէմ՝ յանուն իրենց հայրենիքի ազատագրութեան»։ Այս լէգէոնին մեծաթիւ մասնակցութիւն կը բերեն մուսալեռցիները, որոնց կը միանան 1200 ամերիկահայեր։ Մասնակից կամաւորներուն 80 առ հարիւրը հայեր եղած են, մնացեալը՝ արաբներ։ Մարզումներն ու զինավարժութիւնները կը կատարուին Կիպրոսի մէջ։ Լէգէոնականները կը մասնակցին 1918 Օգոստոս-Սեպտեմբերի Արարայի ճակատամարտին (Պաղեստին)՝ գերմանաթրքական ուժերուն դէմ։ Թշնամին, իվերջոյ, փախուստի կը դիմէ։ Հայ կամաւորներէն կը նահատակուին 23 հոգի։
Խորհրդահայ մամուլէն յաճախ քաղուածքներ ունի «Արարատ»։ Ատոնցմէ մին է հետեւեալը. «Հայրենի արեւի տակ»։ Հոս օրինակներ կը տրուին հայրենադարձ սփիւռքահայերու կեանքէն։ Մին, զորօրինակ, Պուլկարիայէն ներգաղթած Յովհաննէս Բակլաւաջեանն է։ Կ՛ըսուի, թէ ան նոյնիսկ հայերէն չէր գիտեր՝ երբ մուտք գործեց Երեւանի բժշկական ինստիտուտ։ Յետոյ դարձաւ տարրալուծարանի մը մասնաբաժնի տնօրէն։ Ուրիշ մը՝ Էդուարդ Ցիցինեան, կու գար Յունաստանէն։ Ուսանեցաւ օտար լեզուներու ինստիտուտը։ Հիմա ֆրանսերէնի ուսուցիչ է եղեր։ Այսպիսի օրինակներ շատ կան եղեր։ Միայն Չարենցաւան քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատեր են եղեր շուրջ2500 հայրենադարձներ։
«Արարատ», գաղտնիք չէ, խորհրդայնասէր թերթ էր։ Ուղղութիւն մըն էր այս, զոր չենք սակարկեր, այլ՝ պարզապէս կը նշենք։ Անկախ՝ Ա. էջի քաղաքական լուրերու խորհրդայնասէր շեշտուած ուղղութենէն, թերթին ներքին էջերուն մէջ եւս կը վխտան Խորհրդային միութիւնը կամ անոր արբանեակ երկիրները պանծացնող յօդուածներ, խորհրդային լրատու գործակալութիւններէ սփռուած գրութիւններու թարգմանութիւններ, հակաամերիկեան կեցուածք եւ այլն, եւ այլն։ Հասկնալի է այս բոլորը՝ ժամանակաշրջանի գաղափարական տրամադրութիւններու կամ բեւեռացումներու ընդհանուր ծիրին մէջ։ Եւ սակայն, կը մտածենք, թէ գաղափարախօսական այդ կառչածութեան չափազանցութիւնը տեղ-տեղ կը վնասէր թերթին ներքին բովանդակութեան։ Զորօրինակ, էջի մը մէկ երրորդը գրաւած սա՛ գրութիւնը՝ «Ռումանական շարժանկարը 1970–ի ընթացքին», կրնա՞յ շահագրգռել հայ ընթերցողը։ Կամ այլ էջի մը վրայ՝ «Օտար լեզուներու ուսուցումը ԽՍՀՄ-ի մէջ»։ Ուրիշ թիւի մը մէջ՝ «Խորհրդային քաղաքային օդանաւորդութեան ներկան ու ապագան»։ Եւ ասոնց նման ի՜նչ ձանձրացուցիչ գրութիւններ, ի՜նչ անշահեկան սիւնակներ, բոլո՛րն ալ թխածոյ։
Թերթին «Գրական էջ»–ը (14 Փետրուար) այս շաբաթ հիւրընկալեր է դերասան ու բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունին՝ հայ թատրոնի մասին իր կարծիքներով։ Ան մեծապէս կը գնահատէ Սունդուկեանն ու Շիրվանզադէն, որոշ չափով՝ Շանթը։ Ասոնցմէ դուրս՝ տիրապետող անուն չի տեսներ, մինչեւ իսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Ու, ի զարմանս… «Գրական էջ»-ի խմբագրին, կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը. «Յաջողութեան հիմնական պայմաններէն մին է ազատութիւնը։ Գաղափարական եւ մտածելակերպի բացարձակ ազատութիւնը առիթ կ՛ընծայէ որ հեղինակը աւելի եւ աւելի լայն աշխարհայեացքով ստեղծագործէ եւ արտադրէ բարձր մակարդակի գործեր»։ (Անցեալ շաբթուան մեր սիւնակին մէջ տեսած էինք, թէ խմբագրութիւնը ինչպէ՞ս հակազդած էր տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին, երբ ան ակնարկեր էր խորհրդային կարգերու տակ ստեղծագործող գրողներու անազատ պայմաններուն։ Հիմա, նոյն ազատութեան մասին կը խօսի նաեւ բեմադրիչ Յ. Գնդունի։ Բայց խմբագրութիւնը չէ հակազդած անոր, ո՛չ իսկ «վերապահութիւն» յայտնած…)։
Հալէպէն ղրկուած թղթակցութիւն մը կը նկարագրէ «Վարդանանցի տօնակատարութիւնը Հ.Մ.Մ.-ի Տան մէջ» (խորագիրն է)։ Բանախօսեր են երկու հոգի. նախ՝ Պէյրութէն ժամանած Հրանդ Գանգրունի, որ նկատել տուեր է թէ «Վարդանանք իրենց ներկայութիւնը զգացուցած են Գումգաբուէն մինչեւ Սասուն ու Զէյթուն, Սարտարապատէն մինչեւ Պերլին»…։ Յետոյ՝ Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասի Կիլիկեան վարժարանի տնօրէն Հրանդ Մուրատեան, որ ծանրացեր է «Վարդանանց պայքարին յառաջդիմական բնոյթին վրայ»…։
«Ստացանք» վերնագիրը մեր թերթերուն կողմէ կը գործածուի՝ խմբագրութեան յղուած նորատիպ գիրքերու ստացման առթիւ։ «Արարատ», այս շաբաթ, ստացեր է Վարուժան Պետիկեանի «Սիրոյ եւ կարօտի աղաւնիներ» քերթողագիրքը (Պէյրութ, 1969)։
Այս շաբաթ ունինք պսակադրութեան միակ ծանուցում մը. Ռուբէն Ոսկեմօրուքեան ամուսնացեր է օրդ. Լենա Փաշապէզեանի հետ։
Մահացեր է Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան Պէյրութի վարչութեան երկարամեայ ատենապետը՝ Սարգիս Սաչագլեան (հայրենակցական այս միութիւնը առ այսօր կը գործէ՞ արդեօք Լիբանանի մէջ)։
Տեղական ազգային ծանուցումներու շարքին՝ դեռ կ՛երեւի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմականացուցած «Ոսկի աքաղաղ»-ը (հեղ.՝ ՐաՖՖի)։ Կ՛ըսուի, թէ փիեսը ներկայացուեցաւ 15 անգամ, որ է ըսել՝ 8000 հոգի դիտեց զայն։ Ուստի, յաւելեալ երկու անգամ եւս վարագոյրը պիտի բացուի եղեր թատերասէրներուն առջեւ (13 եւ 15 Փետրուար, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ)։
Երեւանէն ժամանած Շահէ Տատուրեան (ռատիոյի արտասահմանեան հաղորդումներու աւագ խմբագիր, բնիկ կիւրինցի եւ հայրենադարձ, 1911-1990) դասախօսութիւն մը պիտի տայ եղեր Թէքէեան Տան մէջ, նիւթ ունենալով «Հայրենիքը եւ սփիւռքահայ գրականութիւնը» (12 Փետրուար)։ Նոյն Շահէ Տատուրեանի հետ «Հարցազրոյց» մըն ալ պիտի կատարուի եղեր Ժիւսթինիէն փողոցի Խորհրդային մշակութային կեդրոնին մէջ (16 Փետրուար)։ Հոս, միաժամանակ, պիտի ցուցադրուի եղեր հայկական Ֆիլմ մը։
Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնը «Յարգանքի գրական երեկոյ» մը պիտի սարքէ եղեր Սիլվա Կապուտիկեանի, Գէորգ Էմինի ու Հրաչեայ Յովհաննիսեանի ծննդեան յիսնամեակներուն առիթով։ Ձեռնարկին պիտի նախագահէ եղեր Շահէ Տատուրեան (Երեւանէն ժամանած), յարգանքի խօսքեր պիտի արտասանեն եղեր Վահէ-Վահեան, Պէպօ Սիմոնեան եւ Շուշանիկ Մոլոյեան (19 Փետրուար, Հ.Մ.Մ.-ի Տան մէջ)։
Եկէ՛ք այսօրուան սիւնակը եւս աւարտենք քերականական նշումներով։
10 Փետրուար 1970-ի թիւին Ա. էջին վրայ, խորագիրը կ՛ըսէ. «Իսրայէլին սահմանուած նոր ռազմասարքեր գրաւուած Զուիցերիոյ մէջ»։ Ի՞նչ հասկնալ այս նախադասութենէն։ Իմաստային խոչընդոտը կու գայ «գրաւուած» բայէն, որ հարկ էր բութով մը անջատել իրեն յաջորդ բառերէն։ Այդ բութը պիտի փոխարինէր զեղչուած էական բայը (են)։ Այսինքն՝ «Իսրայէլի սահմանուած նոր ռազմասարքեր գրաւուած՝ Զուիցերիոյ մէջ»։ Այլապէս, «գրաւուած»-ը կրնայ անհեթեթօրէն ընկալուիլ իբրեւ որոշիչը (ածականը) Զուիցերիոյ…։ «Գրաւուա՜ծ Զուիցերիա»…։
14 Փետրուարի թիւին Ա. էջին վրայ ալ կը կարդանք. «Ամերիկա չուզեր ՛՛ձեռքէ հանել՛՛ Լիպիան»։ Անցեալ անգամ բացատրած էինք ապաթարցի օրէնքը ու խօսած անոր լարած թակարդներուն մասին։ Միեւնոյն պարագան գլուխ ցցեր է հո՛ս ալ։ «Չուզեր» բայը ապաթարց կ՛ուզէ…։ Չեմ ուզեր, չես ուզեր, չ՛ուզեր։
Բաւարարուինք այսքանով։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)