Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

February 22, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Ժողովը նախ անդրադարձաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան պայմաններուն եւ ողջունեց երկրի պետական հաստատութիւններու աշխատանքային բնականոն հուն վերադարձը։ Ժողովականները այս առիթով ընդգծեցին նաեւ երկրի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքներու գերադաս համարումը եւ անոնց հիման վրայ պետութեան հետագայ աշխատանքին ընթացքին անհրաժեշտութիւնը։

Յատուկ օրակարգով հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները որոշեցին միասնաբար նշել Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը՝ կեդրոնական եւ երիտասարդական ձեռնարկներով։ Այս առումով ծրագրումի համար նախատեսուած են խորհրդակցական հանդիպումներ։

ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները իրենց բողոքը արձանագրեցին Պաքուի մէջ ընթացող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարական բեմադրութեան, կեղծ մեղադրանքներուն, մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, դատավարութեան փակ բնոյթին եւ միջազգային օրէնքներ խախտող բոլոր երեւոյթներուն դէմ։ Անոնք միջազգային ընտանիքէն պահանջեցին նաեւ ճնշում բանեցնել միջազգային բոլոր օրէնքները խախտած եւ Արցախի ղեկավարութիւնը ապօրինաբար բանտարկած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ՝ ազատ արձակելու համար Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները։

Նիստին վերջին բաժինով ժողովականները դատապարտեցին նաեւ Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները, որոնք ոտնձգութիւններ կը կատարեն իրերայաջորդ արարներով, բռնագրաւելու համար Հայոց պատրիարքարանին պատկանող դարաւոր իրաւունքներն ու կալուածները։

Share65Tweet41
Previous Post

ԷՋԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌՈՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՀԱՅԵՐԸ ՌՈՔՈՒՄ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 20 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post
ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 20  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 20 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.