ՆԱԹՕ-ի պատուիրակութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած այցի շրջանակին մէջ Փետրուար 17-21 տեղի ունեցած է «Գործընկերային ներդաշնակուած կարողութիւններու գնահատում» խորագրով վարժանքի առաջին փուլը։
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ վարժանքին նպատակը Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան ամրապնդումն է։
Վարժանքին ներկայ եղած են նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու ներկայացուցիչներ։