Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Մ.Մ-Ի «ՀԱՄԵՍՏ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՈՒԽՏԵԱԼ ՀԱՄԱԿԻՐ»-Ը Կ’ԱՅՑԵԼԷ «ԱՐԱՐԱՏ»

February 22, 2025
in Գաղութային
0
Հ.Մ.Մ-Ի «ՀԱՄԵՍՏ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՈՒԽՏԵԱԼ ՀԱՄԱԿԻՐ»-Ը Կ’ԱՅՑԵԼԷ «ԱՐԱՐԱՏ»

 

«Արարատ»ի խմբագրատունը անգամ մը եւս յաւելեալ փայլք ստացաւ անցեալ օր: Այս անգամ «մեղաւորը» Հ.Մ.Մ.-ի հաւատարիմ անդամներէն ընկեր Անդրանիկ Մելքոնեանն էր:

Ան զաւակն է թրքական եաթաղանէն ճողոպրած, Լիբանանի առաջին նաւաշինարար ողբացեալ Յակոբ Մելքոնեանի, որմէ՝ իր հանգուցեալ եղբօր Լեւոնին հետ արհեստանոցի կողքին ստացած է Հ.Մ.Մ.-ին անդաւաճան ծառայելու ժառանգութիւնը:

Նորահաս պատանիներն ու երիտասարդները, վստահաբար տեղեակ չեն նկարին աջ կողը երեւցող համեստ ընկերոջ կատարած միութենական արդիւնաբեր գործունէութեանց մասին: Նոյնի՛սկ՝ իր սերնդակիցներէն շատեր: Անաղմուկ եւ անխօս, քուլիսներու ետին, գործնապէս թեւ ու թիկունք է իր պաշտած Հ.Մ.Մ.-ին մարզական բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ ֆութպոլ, պասքէթպոլ, մարմնամարզ, հեծանիւ եւ այլն: Հ.Մ.Մ.-ի համար ուրախացող եւ հիւանդացող «խենթերէն» էր ան եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակէ նոյն վարքագծով սատար հանդիսանալ, յատկապէս Հ.Մ.Մ.-եան երկրորդական պատանեկան խումբերուն:

Հ.Մ.Մ-«Վանիկ»ի՝ ողբացեալ Կարպիս Ռըզեանի երանելի տարիներուն անկորնչելի յիշատակները ճախրեցան խմբագրատանս մէջ: «Այս ալ պատմեմ, լսեցէք» ըսելով, յուշերը զիրար յաջորդեցին՝ թէ ինչպէս կամաւոր ընկերներու հետ ներկայ կ’ըլլար դռնփակ արգիլեալ մրցումներու, «Վանիկ»ի ֆութպոլիստներուն նիւթա-բարոյական դժուարութիւնները նաեւ ամոքելով: Հապա փորձի համար դաշտերուն տրամադրուելիք նիւթականի ապահովումը, Հ.Մ.Մ.-ի օթօքարին գնման պատմութիւնը: Հետաքրքրական էր «Լիվըրփուլ»ի կամ այլ միջազգային ֆութպոլային մրցումներուն իր ներկայութեան դրուագները Հ.Մ.Մ.-ի կարմիր-ճերմակ դրօշով:

«Արարատ» շնորհակալութիւններ յայտնեց յարգարժան վեթերանին կատարած խրախուսիչ այցելութեան համար: Նաեւ երկար կեանքի մաղթանք մը փոխանցեց անոր, նկատի առնելով, որ 2025-ին Հ.Մ.Մ.-ի ուխտեալ, համեստ զինուորը պիտի բոլորէ 80 տարիքը:

Share65Tweet41
Previous Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԲԱՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԱԹՕ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՎԱՐԺԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԱԹՕ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՎԱՐԺԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԱԹՕ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՎԱՐԺԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.