Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԲԱՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

February 22, 2025
in Լիբանանեան, Յօդուածներ
0
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԲԱՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի իշխանութեան տարիները դրոշմուած են Լիբանանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի կնիքներով։ Թէեւ գոյութիւն ունէին ընդդիմադիրներ եւ ընդդիմախօսներ, որոնք անոր բոլոր ծրագրերուն համաձայն չէին, սակայն մինչեւ անոր նահատակութիւնը կացութիւնը Լիբանանի մէջ խաղաղ մնացած էր զարգացման մղումով։

Ռաֆիք Հարիրիի իշխանութեան ժամանակաշրջանը յատկանշական է՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք երկրին կառուցողական ու շինարարական, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարգաւաճման մեծ ճիգերով ու թափով, որոնք իրենց հետքը ձգեցին յաջորդող տարիներու ընդհանուր դրութեան վրայ։

Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութենէն ետք, իր որդին՝ Սաատ Հարիրի, քանի մը անգամ երկրի վարչապետ եղաւ, բայց խառն ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, որ լեցուն էր բազմապիսի տագնապներով։ Անկէ ետք ան առժամաբար հեռացաւ քաղաքական  բեմէն, մինչեւ նպաստաւոր պայմաններու յայտնուիլը, եւ հեռացաւ Լիբանանէն։

Այժմ, քանի մը տարուան բացակայութենէ ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի յարմար նկատելով նոր իրավիճակը, վերադարձաւ Պէյրութ՝ իր քաղաքական գործունէութիւնը շարունակելու։ Անկասկած որ Սաատ Հարիրի միջազգային դէմք մըն է եւ ընդհանուր յարգանք կը վայելէ։ Ան սերտ կապեր ունի արաբական երկիրներու, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի եւ անոր նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Վարչապետ Սաատ Հարիրի տնտեսական ու քաղաքական կարելիութիւններ ունի Լիբանան հրաւիրելու արաբական եւ միջազգային ներդրումներու հեղինակներ՝ ի նպաստ Լիբանանի յաւելեալ տնտեսական զարգացման ու բարգաւաճման։

Սակայն եւ այնպէս, վերոյիշեալ տուեալներէն բացի, ներկայիս գոյութիւն ունի կարեւոր պարագայ մը, որ կը ներկայացուի Սուրիոյ վարչակարգի փոփոխութեամբ եւ իսլամական տարրերու հոն իշխանութեան գլուխ գալով, որոնք յայտարարեցին թէ Լիբանանի ներքին հարցերուն չեն խառնուիր, ինչպէս որ կ՛ըլլար նախապէս։

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի չափաւորականութեամբ եւ անոր «Մուսթաքպալ» հոսանքի վերստին քաղաքական բեմ վերադառնալով, զօրանալով եւ բարգաւաճելով, կարելի կ՛ըլլայ հակադրութիւն եւ հակազդեցութիւն ցոյց տալ ծայրայեղական օտարամուտ իսլամական տարրերու եւ արգիլել անոնց ներթափանցումն ու տարածումը լիբանանեան հողերէն ներս։

Այս օրերուն դրական եւ յուսադրիչ կը գտնենք վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը եւ յուսալով որ ան իր ազդեցիկ դիրքը կը վերագրաւէ Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ, իր ներկայացուցած ուժով երկրին կայունութեան նպաստելով կ՛ողջունենք՝ ըսելով․ «Բարի վերադարձ, մեծայարգ վարչապետ»։

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

 

Share63Tweet39
Previous Post

Next Post

Հ.Մ.Մ-Ի «ՀԱՄԵՍՏ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՈՒԽՏԵԱԼ ՀԱՄԱԿԻՐ»-Ը Կ’ԱՅՑԵԼԷ «ԱՐԱՐԱՏ»

Next Post
Հ.Մ.Մ-Ի «ՀԱՄԵՍՏ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՈՒԽՏԵԱԼ ՀԱՄԱԿԻՐ»-Ը Կ’ԱՅՑԵԼԷ «ԱՐԱՐԱՏ»

Հ.Մ.Մ-Ի «ՀԱՄԵՍՏ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՈՒԽՏԵԱԼ ՀԱՄԱԿԻՐ»-Ը Կ'ԱՅՑԵԼԷ «ԱՐԱՐԱՏ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.