Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

February 22, 2025
in Հայաստան
0

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 37-ԱՄԵԱԿ

 

37 տարի առաջ 20 Փետրուարին սկսաւ արցախեան շարժումը: Այս առթիւ, Արցախի քաղաքական վերնախաւը այցելեց Եռաբլուրի պանթէոն, ուր ներկայ եղան նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ: 1988-ի 20 Փետրուարին, Խորհրդային միութեան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին (ԼՂԻՄ) Ազգային խորհուրդը հրապարակեց Հայաստանի հետ վերամիաւորումի որոշում: Այդպիսով սկիզբ առաւ Արցախի ազատագրական շարժումը, որ վեց տարուան ընթացքին արդիւնաւորուեցաւ յաղթանակներով եւ Արցախի ազատագրութեամբ: Արցախի թեմը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Արցախեան շարժումի 37-ամեակին առթիւ, որուն մէջ տեղի ունեցածը համարեց ժողովրդական կամքի, տոկունութեան, պայքարի ոգիի եւ նուիրումի բացառիկ դրսեւորում: «Իրապէս հերոսական էր խորհրդային պետութեան մէջ իր ձայնը բարձրացուցած ժողովուրդը, որ ազգովին զինուորագրուեցաւ՝ յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ Մայր հայրենիքին հետ վերամիաւորուելու երազանքի իրականացումին», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: Արցախի թեմը ապա ցաւ յայտնեց, որ այսօր կը ճաշակենք հոգեւոր եւ ազգային անկում, պարտութեան, Արցախի կորուստին եւ ժողովուրդին բռնագաղթի դառնութիւնը: «Մեզի կը մնայ ապրիլ եւ գործել դէպի Արցախ հաւաքական վերադարձի հաւատքով եւ սպասումով: Մեր ժողովուրդը կը մնայ միասնական եւ տոկուն՝ անկախ արտաքին հանգամանքներէն», նշուեցաւ Արցախի թեմի յայտարարութեան մէջ:

Share65Tweet41
Previous Post

ԹՐԱՄՓԻ ՆԱԽԱՍԻՐԱԾ 4-ՐԴ ԲԱՌԸ

Next Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԲԱՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Next Post
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԲԱՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԲԱՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.