Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ «մաքսային տուրք» եզրը իր 4-րդ նախասիրածն է՝ Աստուած, կրօնք եւ սէր բառերէն ետք: Ան սպառնաց շատ ծանր մաքսային տուրքեր սահմանել ՊՐԻՔՍ համախմբումի այն անդամներուն նկատմամբ, որոնք կը փորձեն հարուածել ամերիկեան տոլարը: «Բոլոր այն երկիրները, որոնք նախապէս կը մերժէին ընդունիլ իրենց ապօրինի գաղթական քաղաքացիները, այժմ սկսած են ընդունիլ, որովհետեւ այլընտրանք չունին», շեշտեց նախագահը: