Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՆ ԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ

February 20, 2025
in Մշակութային
0
ԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՆ ԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ

 

 

Անի Մուշեանը տիկինն էր «Արարատ»-ի, Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի գործօն անդամներէն Սամօ Սարգիսեանի։ Անոնք ամուսնացան երբ Սամօն գործուղուեցաւ Պուէնոս Այրէս՝ վարելու խմբագրութիւնը հնչակեան մամուլ «Շարժում»-ի, 1976 թուին։ Անի ծնած ըլլալով Մուշեան ընտանիքի մէջ ու մանաւանդ իր հօրեղբօր Յարութիւն ծայրագոյն վարդապետ Մուշեանի շունչին տակ, ան ծաղկեցաւ որպէս ազգային հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած հայուհի։

Իր հայրենագիտական կարողութիւններով շուտով աչքի ինկաւ որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան փայլուն ուսուցչուհի։ Ծառայեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ երկրորդական վարժարանի որպէս ուսուցչուհի։ Դաստիարակեց սերունդներ, որոնց մէջ սերմանեց հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը։ Սպանախօս ուսանողութիւնը սորվեցաւ իր մայրենին այնքան լաւ, որ իր կարգին եկաւ մայր հաստատութիւն դասաւանդելու կրտսեր աշակերտութեան։ Անին նաեւ կը հրաւիրուէր դասախօսելու ազգային տօներու տարեդարձներուն, ինչպէս՝ Վարդանանք, Հայաստանի անկախութիւն, Ապրիլ 24, Մայրերու եւ կանանց տօներ։

Անին իր ամուսնին Սամոյի հետ եղաւ Ս.Դ.Հ.կ.-ի լաւագոյն գործիչներէն։ Մաս կազմեց Վարիչ մարմինի որպէս ատենադպիր մինչեւ օրս։ Մասնակցեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ժողովներուն՝ որպէս պատուիրակ Պուէնոս Այրէսէն։ Որպէս ժողովական ան լաւ տպաւորութիւն թողուց ժողովական ընկերներուն վրայ։ Իր տեսակէտը ունէր բոլոր հարցերուն նկատմամբ եւ կը պաշտպանէր զանոնք վճռակամութեամբ։

Անին շատ ընելիք ունէր տակաւին կրթական եւ կուսակցական գետնի վրայ։ Մանաւանդ իր հայերէնագիտութեամբ փնտռուած էր բոլոր շրջանակներէն։ Կը հասնէր բոլորին։

Մեր կապերը առաւել զօրացան Լիբանան կատարած իրենց բազմաթիւ այցելութիւններուն ընթացքին հիւրընկալուելով Մալեան Արամի եւ Ռաֆֆիի՝ Սամոյի քեռորդիներուն կողմէ։

Անին կը պատրաստուէր կազմելու հատոր մը իր ամուսնոյն յօդուածներու մէկտեղումով։ Ան ուրախ էր որ Սամոյին նուիրուած էջ մը լոյս պիտի տեսնէր «Արարատ»-ի մէջ, թէեւ երեք տարուան յապաղումով։ «Արարատ»-ի թիւը Անին չկրցաւ տեսնել, ինք ալ գնաց միանալու իր  ամուսնին յաւիտենականութեան մէջ։

Մոմ եւ խունկ իր անմեռ յիշատակին։

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Share75Tweet47
Previous Post

«ՓԱՐՈՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ  ԼՈՅՍ  ԸՆԾԱՅԵՑ  ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ  ԶՈՅԳ  ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ «ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝  ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Next Post

ԷՋԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌՈՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՀԱՅԵՐԸ ՌՈՔՈՒՄ

Next Post
ԷՋԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌՈՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՀԱՅԵՐԸ ՌՈՔՈՒՄ

ԷՋԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌՈՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՀԱՅԵՐԸ ՌՈՔՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.