Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՓԱՐՈՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ  ԼՈՅՍ  ԸՆԾԱՅԵՑ  ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ  ԶՈՅԳ  ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ «ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝  ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

February 20, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

Այս օրերուն, շնորհիւ «Փարոս» պարբերաթերթի խմբագրութեան, հայ գրական աշխարհը կը ճոխանայ բանասիրական նոր գիրքերու ծնունդով։

Գիրքերու հեղինակն է Գէորգ Պ. Յակոբեան, որ «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու»  խորագրեալ իր նախկին հատորէն ետք, այս անգամ ալ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ «Օսմանեան գաւառներու մէջ կրթական հաստատութիւններու պատմութիւն» զոյգ հատորները։

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ գիրքը իր մէջ կը բովանդակէ պատմական Պոլիս քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ աւելի քան երկու դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցած 170 հայ վարժարաններու պատմութիւնը։

Իսկ ներկայիս լոյս ընծայուած այս զոյգ հատորներու մէջ կը պատմուի, որ նախքան Ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ կը գործէին մօտաւորապէս 1000 հայկական կրթական հաստատութիւններ եւ որբանոցներ, որոնց մէջ կ’ուսանէին շուրջ 120 հազար երկսեռ աշակերտներ, 5000-ի հասնող ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներով։

Այս վարժարաններէն ոմանք «համբաւաւոր» կոչումին արժանացած  էին, ոմանք ալ համեստ հաստատութիւններ էին, որոնք ուսում կը ջամբէին նոյնիսկ գիւղերու մէջ, հայապահպանման տեսակէտէ կարեւոր դեր կատարելով։

Ինչպէս ծանօթ է, Օսմանեան կայսրութիւնը անցեալ դարասկիզբին կը բաղկանար 32 կուսակալութենէ եւ գաւառներէ, որուն հողերը տարածուած էին Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի վրայ։

ԺԹ.  դարու վերջին քառորդէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան կորսնցուց հսկայ հողամասեր։ Իսկ 1923 թուականին Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իր այժմու սահմաններուն մէջ հազիւ կրցաւ պահել Օսմանեան 16 նահանգ եւ գաւառներուն մէկ մասը։

Հեղինակը յիշեալ աշխատասիրութիւնը դասաւորած է, նկատի առնելով Թուրքիոյ ներկայ պետական ընդհանուր սահմանային տարածութեան մէջ 1915-ի դրութեամբ գոյութիւն ունեցած հայ վարժարաններու պատմութիւնը, որ իր մէջ կը բովանդակէ տեղագրական, կրօնական, կրթական. համայնքային, ընկերային, հասարակական ու պատմական տեղեկութիւններ։

Նկատի առնելով գործին ծաւալը, հեղինակը որոշած է իր ուսումնասիրութիւնները ամփոփել չորս հատորներու մէջ։

Ներկայ Ա. եւ Բ. հատորներու մէջ տեղադրուած են եօթը Կուսակալութիւն (Vilayet), մէկ կառավարչութիւն  (Mutasarrıflık),  եւ երկու գաւառապետութիւն (Sancak),  որոնք են՝

1- Ադրիանապոլսոյ կամ Էտիրնէի կուսակալութիւն,

2- Նիկոմիդիոյ կամ Իզմիթ գաւառի կառավարչութիւն,

3- Խիւտավէնտիկեար կամ Պուրսայի կուսակալութիւն,

4- Գասթամոնուի կամ Գասթամպոլի կուսակալութիւն,

5- Այտընի կամ Զմիւռնիոյ կուսակալութիւն

6- Էնկիւրիի կամ Անքարայի կուսակալութիւն

իրեն ենթակայ՝

Եոզկատի գաւառապետութիւն

Կեսարիոյ  գաւառապետութիւն

7- Գոնիայի կուսակալութիւն

8- Ատանայի կուսակալութիւն

 

Այս երկու հատորներու ընդգրկած աշխարհագրութեան մէջ, ըստ Օսմանեան եւ Հայոց Ազգային Պատրիարքարանի տուեալներու, 1915 թուականի  դրութեամբ,  316 բնակավայրերու մէջ կ’ապրէին 512 հազար հայեր։ Այս շրջաններուն մէջ կը գործէին  416  առաքելական, կաթոլիկ եւ բողոքական յարանուանութիւններու պատկանող հայկական եկեղեցիներ, 547 մանկապարտէզ, տարրական, միջնակարգ, բարձրագոյն, ցերեկեայ եւ գիշերօթիկ, անձնական, երկսեռ հայկական վարժարաններ։ Այս ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կ’ուսանէին 48.564 երկսեռ աշակերտներ, կը գործէին 1.237 ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներ։

Իր այս աշխատասիրութեան ընթացքին, հեղինակը օգտագործած է մօտաւորապէս 600 հայերէն, թրքերէն եւ օտարալեզու գիրքեր, ամսագրեր, թերթեր,  տարեգիրքեր, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի տպագիր տեղեկագրերը, Պատրիարքարանի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովի ատենագրութիւններու արձանագրութիւնները, Օսմանեան կրթութեան տարեգիրքերը (Salname), Օսմանեան բնակչութեան տուեալները։

Օգտագործած է Թուրքիոյ վարչապետարանի Օսմանեան արխիւային փաստաթուղթերը, ի յայտ բերելով բազմաթիւ տեղեկութիւններ, նաեւ արխիւային տուեալներ։

Այս բոլոր աղբիւրները նշուած են զոյգ  գիրքերուն մէջ, որպէս ծանօթագրութիւն։

Գիրքերէն  Ա.  հատորը կը բաղկանայ 512,  իսկ  Բ. հատորը՝  546 էջէ։

Գիրքերու հրատարակութիւնը ապահոված է Պոլսոյ «Փարոս» ամսաթերթի խմբագրապետ՝ Մայտա Սարիսը։

Գիրքերու շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 12 Մարտ 2025-ին, Չորեքշաբթի երեկոյ, Կ. Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Տպագրութեան մեկենաս հանդիսացած է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը, ատենապետութեամբ Սարգիս Չէթինգայայի։

Հատորի հրատարակութեան պատրաստութեան ծախսերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանի Նորթրիճ Հայագիտական Ուսմանց Ծրագրի կեդրոնը։

 

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Share62Tweet39
Previous Post

ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924 – 20 Փետրուար 2007) ՄԱՀՈՒԱՆ 18-ԱՄԵԱԿ

Next Post

ԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՆ ԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ

Next Post
ԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՆ ԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ

ԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՆ ԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.