Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924 – 20 Փետրուար 2007) ՄԱՀՈՒԱՆ 18-ԱՄԵԱԿ

February 20, 2025
in Մշակութային
0
ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924 – 20 Փետրուար 2007)  ՄԱՀՈՒԱՆ 18-ԱՄԵԱԿ

 

 

Բանաստեղծ: Բուն անունով՝ Զարեհ Եալտըզճեան:

Ծնած է Իսթանպուլ: Հազիւ երեք տարու՝ կորսնցուցած է հայրը՝ Մովսէս Եալտըզճեանը, իրաւագէտ, օտար լեզուներու գլխաւոր թարգման եւ Արտաքին գործերու նախարարութեան փոխխորհրդական՝ Բ. Դրան մօտ: 1942-ին աւարտած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, եւ երեք տարի հետեւած՝ Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական բաժանմունքին, որ թողած է անաւարտ։ Մինչեւ 1994, հանգստեան կոչուիլը, զանազան պաշտօններ վարած է․ աշխատած է դեղորայքի մթերանոցի, թղթավաճառի, նոտարի, առողջապահական սարքաւորումներու հաստատութեան մէջ, զբաղած է գօտիի պատրաստութեամբ, փողկապի, ծորակի եւ շղթայի առեւտուրով։

Առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է 1943-ին՝ «Ժամանակ» օրաթերթի գրական էջին մէջ, որուն խմբագիրն էր Վ. Ս. Ծովակ (Վահրամ Սարգիսեան)։ Աշխատակցած է իսթանպուլահայ բազմաթիւ թերթերու՝ «Ժամանակ», «Մարմարա», «Սան», «Նոր Սան», «Հանդէս Մշակոյթի», «Երջանիկի Տարեգիրք», «Շողակաթ», «Քուլիս», «Սուրբ Փրկիչ», «Նոր Դար» եւ նաեւ «Բազմավէպ», «Գարուն» (Երեւան), «Անդաստան» (Փարիզ), «Ահեկան» (Պէյրութ), «Շիրակ» (Պէյրութ), «Միութիւն» (Տիթրոյթ), «Հայ Ընտանիք» (Վենետիկ) եւ այլն: Հիմնադիր անդամներէն է Մխիթարեան սանուց միութեան եւ խմբագրած է «Սան» պարբերաթերթը։ Խմբագրութեան մաս կազմած է «Մարմարա» օրաթերթի գրական գեղարուեստական էջերուն եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի «Շողակաթ» հանդէսին: Իր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են 27 լեզուներու (թրքերէն, յունարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, գերմաներէն, արաբերէն, լեհերէն, պարսկերէն, ռուսերէն, ֆլամաներէն, սպաներէն, կուճարաթերէն եւ այլն)։ Արժանացած է Վազգէն Ա. Վեհափառի սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» շքանշանին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մրցանակներու, վկայագրերու եւ շքանշաններու:

Ստորեւ քանի մը ստեծագործութիւններ Զահրատէն:

 

ՈՍՊ ՍՏԿՈՂ ԿԻՆԸ

Ոսպ մը – ոսպ մը – ոսպեր – ոսպ մը – քար մը – ոսպ մը – ոսպ մը – քար մը

Կանաչ մը – սեւ մը – կանաչ մը – սեւ մը – քար մը – կանաչ ոսպ մը

Ոսպ ոսպի քով – քար ոսպի քով – յանկարծ բառ մը – բառ ոսպի քով

Յետոյ բառեր – ոսպ մը – բառ մը – բառ բառի քով – յետոյ խօսք մը

Ու բառ առ բառ խօլ բարբառ մը – հինցած երգ մը – հին երազ մը

Յետոյ կեանք մը – ուրիշ կեանք մը – կեանք կեանքի քով – ոսպ մը – կեանք մը

Դիւրին կեանք մը – դժուար կեանք մը – ինչու դիւրին ինչու դժուար

Բայց քով քովի կեանքեր – կեանք մը – յետոյ բառ մը – յետոյ ոսպ մը

Կանաչ մը – սեւ մը – կանաչ մը – սեւ մը – ցաւ մը – կանաչ երգ մը

Կանաչ ոսպ մը – սեւ մը – քար մը – ոսպ մը – քար մը – քար մը – ոսպ մը

 

«Մեծ Քաղաքը»

 

ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆՀԻՆԳ

Եօթանասունըհինգին սահմանը անցայ

– անցագիր չհարցուցին –

Նայեցան դողդոջ քայլերուս

ճերմկած մազերուս

անցիր նայինք – ըսին

Ես այդ «նայինք»ը շատ չսիրեցի

– կ’երեւի գլխուս գալիք կայ

«Ծայրը Ծայրին»

 

 

ՃԱՇ` ԱԳԱՊԻԻՆ ՀԵՏ

Ձուկ մը դրի տապակին

ձուկ մը դրաւ Ագապին

Շոգի կապեց

խոհանոցին ապակին

Նստանք կերանք

Մեծ ձուկը ես

Պզտիկ ձուկը Ագապին

– Որ ապուշը զիս խրատեց

որ շնորհքով կին ըլլամ – հարցուց ինծի Ագապին

– Որ ապուշը զիս խրատեց

որ շնորհքով մարդ ըլլամ –

հարցուցի Ագապիին

Յետոյ ելանք մաքրեցինք

Խոհանոցին ապակին

 

«Ծայրը Ծայրին»

 

ՀԵՌԱՒՈՐ

Հեռուէն տեսայ որ դուն կու գայիր

Տօնական փայլուն զգեստներ հագած

Հեռուէն տեսայ որ դուն կու գայիր

Ոստոստուն ուրախ

Սակայն ճամբուն հետ փոխուեցար դուն ալ

Ու այն որ ինծի հասաւ դուն չէիր

Ու այն որ ինծի հասաւ թախիծն էր

Վիշտն էր մօրէ մերկ

Հեռուէն տեսայ որ դուն կու լայիր

 

«Մէկ Քարով Երկու Գարուն»

 

 

Ծանօթ. Օգտուած ենք Կարօ Աբրահամեանի «Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ» (Ա. հատոր), Անթիլիաս – 2004 հատորէն:

Share72Tweet45
Previous Post

ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՏՕՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ»

Next Post

«ՓԱՐՈՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ  ԼՈՅՍ  ԸՆԾԱՅԵՑ  ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ  ԶՈՅԳ  ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ «ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝  ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Next Post

«ՓԱՐՈՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ  ԼՈՅՍ  ԸՆԾԱՅԵՑ  ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ  ԶՈՅԳ  ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ «ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝  ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.