Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՏՕՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ»

February 20, 2025
in Մշակութային
0
ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՏՕՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ  «ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ»

 

Հայրենիքի մէջ նշուող ամենագեղեցիկ նախաձեռնութիւններէն մէկն է «Գիրք նուիրելու որ»ը: Այն սկսած է աւանդոյթ դառնալ 2008 թուականէն, Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի մտայղացումով:

17 տարեկան այս տօնին նպատակն է ընթերցանութեան եւ գիրքի նկատմամբ սէրը աւանդել նոր սերունդի ներկայացուցիչերուն, «անոնց հաղորդակից դարձնել գրականութիւնն ու հոգեւոր-մշակութային արժէքները»։

Օրը նշանակուած է 19 Փետրուարին, զայն զուգորդելով Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան թուականին։

Ըստ հայաստանեան լաւատեղեակ աղբիւրներու, տարուէ-տարի այս տօնը ձեռք կը բերէ առաւել ժողովրդականութիւն, լայն արձագանգ գտնելով հանրութեան տարբեր խաւերու՝ ի մասնաւորի երիտասարդութեան մօտ: Այս առումով, տեղի կ’ունենան գրական միջոցառումներ, հանրային ընթերցումներ, գրական երեկոներ, յայտնի գրողներու հետ հանդիպումներ եւ այլն:

Այս ուրախալի եւ քաջալերական աւանդոյթը, սակայն, բարի օրինակ չդարձաւ Սփիւռքի մէջ, դժբախտաբար: Ընդհակառակը, կ’ապրինք շրջապատուած գիրք վռնտելու բազում օրինակներով: Մեր տան երէցներու մահուան կամ ալ ծննդավայրէն գաղթելու պարտադրանքին կը յաջորդէ աչքի լոյսի պէս պահպանուած գրադարանին արտաքսումը, որպէս անիմաստ աղբախումբ: Աւելի խղճամիտները զանոնք կը «նուիրեն» յայտնի գրադարաններուն՝ գերզբաղ զաւակ մը իր ծնողքը ծերանոց առաջնորդելու նման:

Մեր քով Լեւոն Անանեան մը չգտնուեցաւ, ոչ իսկ մշակութային հեղինակութիւն մը, այս յոյժ անժամանցելի սովորութիւնը իրականացնելու համար: Իւրաքանչիւր 19 Փետրուարին միայն կը յիշենք այս մասին ու յաջորդ տարին «բան մը» սկսիլ նախաձեռնել կը խոստանանք: Սակայն մշտատեւ կը մռլտանք նոր սերունդին՝ գիր-գրականութեան ու մամուլի հանդէպ անտարբեր վերաբերմունքին եւ անոր առաջքը առնելու միջոցներ չգտնուելուն համար: Ի՜նչ գեղեցիկ պիտի հնչէր եթէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ վեհափառին հռչակած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»ն նշանաւորուէր «Գիրք նուիրելու օր»-ը Սփիւռքին ալ վարակելով:

Մեր միտքերը ընդհանուրին կը վերաբերին եւ ոչ՝ շնորհաւորելի հատուկենտ հայ գիրքի սիրահարներուն կամ միութիւններուն, որոնք անձնական նախաձեռնութեամբ կը փորձեն հո՛ս ալ հոսանքն ի վեր նաւարկել:

Բարի ընթերցում, հայորդի:

«Ա.»

 

Share72Tweet45
Previous Post

ԳՈՅԺ ՄԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԷՆ

Next Post

ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924 – 20 Փետրուար 2007) ՄԱՀՈՒԱՆ 18-ԱՄԵԱԿ

Next Post
ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924 – 20 Փետրուար 2007)  ՄԱՀՈՒԱՆ 18-ԱՄԵԱԿ

ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924 - 20 Փետրուար 2007) ՄԱՀՈՒԱՆ 18-ԱՄԵԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.