Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՈՅԺ ՄԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԷՆ

February 20, 2025
in Այլազան
0
ԳՈՅԺ ՄԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԷՆ

 

Խոր ցաւով կը սգանք կրթական մշակ, դաստիարակ, հասարակական գործիչ, Արժանթինի վաստակաշատ հայուհի` փրոֆեսոր ԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ մահը, որ տեղի ունեցաւ 17 Փետրուարին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Ծագումով հաճընցի, ան կողակիցն էր «Արարատ»-ի, Հ.Մ.Մ.-ի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի գործօն անդամներէն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայի «Շարժում» շաբաթաթերթի խմբագիր, փրոֆեսոր Սամօ Սարգիսեանի։

Ողբացեալը եղած է «Շարժում» հայկական մշակութային միութեան եւ Հարաւային Ամերիկայի Սոցիալ Դեմոկրատ ​​Հնչակեան կուսակցութեան գործունեայ անդամ: Որպէս նորարար գաղափարներու տէր, գնահատուած էր իր շրջապատէն, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ:

Անիի մեկնումը կրթական մեծ բաց մը պիտի գոյացնէ Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքին ընդհանրապէս եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ երկրորդական վարժարանին մէջ յատկապէս:

«Արարատ», նորոգ հանգուցեալին հրճուալից պահեր շնորհելու փոյթով, տիկին Ազատուհի Սիմոնեանի հետ համախորհուրդ, իր սիրեցեալ ամուինին՝ ողբացեալ Սամոյին կեանքի կարեւոր փուլերը իր էջերուն մէջ լոյս ընծայեց նախորդ՝ 18 Փետրուարի թիւով: Ափսո՜ս, որ երեք տարուան անարդարանալի յապաղումով հրատարակուած բաժինը տեսնելէ եւ հոգեկան գոհացում մը ստանալէ զրկուեցաւ ան, նոյն գիշերն իսկ պատահած իր անակնկալ մահով:

«Արարատ» խորապէս կը վշտակցի Անի Մուշեան-Սարգիսեանի ընտանիքին, հարազատներուն, ի մասնաւորի լիբանանահայ գաղութին ծանօթ Արամ եւ Լիտիա Մալեան եւ Ռաֆֆի եւ Թամար Մալեան ամոլներու ընտանիքներուն:

Ծանօթ. Ողբացեալին մասին կարդալ այսօրուան «Մշակութային էջ»-ին մէջ:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻ-ԱՆՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԱՆԴԱՄ

Next Post

ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՏՕՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ»

Next Post
ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՏՕՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ  «ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ»

ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՏՕՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.