Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻ-ԱՆՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԱՆԴԱՄ

February 20, 2025
in Այլազան
0
ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻ-ԱՆՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԱՆԴԱՄ

 

 

Կիրակի 16 Փետրուարին, Շիյահի մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ-փոնկի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները յառաջիկայ չորս տարիներու համար:

Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ 126 ակումբներու պատգամաւորներու ներկայութեամբ կայացած ընտրութիւնը ամփոփուեցաւ մրցակցային երկու ցանկերու միջեւ, որոնցմէ ի վերջոյ յաղթանակեց տոքթ. Փիեր Հանիի գլխաւորած ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի ներկայացուցիչ ընկերուհի Մարի-Անն Յովհաննէսեանը: Փինկ-փոնկի ֆետերասիոնի դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով՝ տոքթ. Փիեր Հանի (նախագահ), Ատէլ Տամժ (փոխնախագահ), Թոնի Ֆուրսան (քարտուղար), Նաժի Հիլալ (գանձապահ), Մարի-Անն Յովհաննէսեան (հաշուապահ):

Լիբանանի հեծելարշաւի եւ թրէաթլոնի ֆետերասիոններէն ետք, ահա փինկ-փոնկի մարզէն ներս վարչական ներկայութեան ամրագրումն ալ կու գայ որպէս յաւելեալ ապացոյց Հ.Մ.Մ.-ի ծաւալած յաջողութիւններուն ու վստահութեան Լիբանանի մարզական լայն շրջանակներուն մէջ:

Հ.Մ.Մ.-ի ներկայացուցիչ ընկերուհի Մարի-Անն Յովհաննէսեան ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1999-ին, Պէյրութ։ Աւարտած է Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը: Լիբանանի պետական համալսարանէն վկայուած է «Political and Administrative Sciences» ճիւղին մէջ, հետագային ստանալով մագիստրոսի կոչումը «Public Policies» ոլորտին մէջ:

Ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր մայր վարժարանին՝ Սահակեանի մէջ:

Անդամ է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան եւ Հայ Մարմնամարզական Միութեան վարչութիւններուն:

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՀԱԶԱՆԳ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵՆԷՆ

Next Post

ԳՈՅԺ ՄԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԷՆ

Next Post
ԳՈՅԺ ՄԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԷՆ

ԳՈՅԺ ՄԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.