Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէի Թեհրանի մէջ ընդունեց Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի համագործակցութեան նիւթերը եւ տարածաշրջանային զարգացումները: «Համաձայնեցանք, որ երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է լուծելու խնդիրները եւ ամրապնդելու տարածաշրջանի կայունութիւնը», ըսաւ Քաթարի իշխանը, որ տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ: