Համաս շարժումի ղեկավարի տեղեկատուական խորհրդատու Թահէր Նունու «Ֆրանս փրէս» գործակալութեան յայտնեց, թէ Համաս պատրաստ է Կազայի զինադադարի երկրորդ փուլի ծիրին մէջ միասնաբար ազատ արձակելու իսրայէլացի բոլոր պատանդները, ոչ թէ պայմանաւորուած փուլային տարբերակով, եթէ Իսրայէլ եւս ազատ արձակէ պաղեստինցի բոլոր բանտարկեալները: