Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

February 20, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հետեւեցաւ հարաւի զարգացումներուն եւ լիբանանեան բանակի տեղակայումին, այդ հարցը արծարծելով Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուալթըրի հետ: Նախագահը շեշտեց բռնագրաւեալ հինգ բլուրներէն իսրայէլեան ուժերու անյապաղ հեռացումին անհրաժեշտութիւնը եւ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը: Ուալթըր, իր կարգին, հաւաստիացուց, թէ Ուաշինկթըն մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն եւ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան նահանջին: Ան դրուատեց լիբանանեան բանակին շարժումները, վստահեցնելով որ ամերիկեան վարչակազմը Լիբանանի կառավարութեան հետ պիտի հետեւի զինադադարի համաձայնութեան ամբողջական գործադրութեան:

Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած արաբ դեսպաններուն հետ տեսակցութեան ընթացքին նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան եւ արաբական շրջանային մարտահրաւէրները կարելի է դիմագրաւել միայն արաբական միացեալ դիրքորոշումներով: Ան հաւաստիացուց, որ Լիբանան այսուհետեւ պիտի չդառնայ արաբական երկիրները հարուածելու հաթակ, այլ պիտի վերատիրանայ իր փառքին: Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Մարոնիթ լիկայի պատուիրակութիւնը, որուն հետ տեսակցութեան ընթացքին վստահեցուց, որ լիբանանեան որեւէ խմբաւորում անտեսուած պիտի չըլլայ, աւելցնելով որ բարեկարգումներ պիտի իրականացուին, որպէսզի Լիբանան վերատիրանայ միջազգային վստահութեան: Աուն շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անհրաժեշտութիւնը ու վերահատատեց, թէ աւանդատէրերուն իրաւունքը պիտի չկորսուի:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԱԿԱՆՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ

Next Post

ԳԵՐԻՆԵՐ. ԲՈԼՈՐԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԻՄԱՑ

Next Post
ԳԵՐԻՆԵՐ. ԲՈԼՈՐԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԻՄԱՑ

ԳԵՐԻՆԵՐ. ԲՈԼՈՐԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԻՄԱՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.