Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆ, ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ԽՄԲԱԳԻՐ

February 18, 2025
in Այլազան
0
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆ, ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ԽՄԲԱԳԻՐ

ՍԱՄՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ (1944 – 2022)

(Կենսագրական նօթեր)

 

– Սամօ Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ-Լիբանան 24 Հոկտեմբեր 1944-ին:

– Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Սահակեան վարժարանին մէջ: Լիբանանի ֆրանսական համալսարանին մէջ ուսանած է «Քաղաքական գիտութիւն» եւ «Ֆրանսական գրականութիւն»: Հայերէնագիտութեան մասնագիտութիւնը ստացած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական կաճառին մէջ: Վերջապէս Լիբանանի Պետական համալսարանին մէջ հետեւած է լրագրութեան:

– 10 տարի ուսուցչութիւն վարած է Սահակեան-Լեւոն Մկրրտիչեան վարժարանին մէջ:

– «Արարատ» օրաթերթի աշխատակից եղած է մասնաւորաբար թատերական եւ մարզական քննադատութեան ծիրէն ներս:

– 1976-ի Նոյեմբերին կը հաստատուի Պուէնոս Այրէս-Արժանթին, ստանձնելու համար «Շարժում» շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը: «Շարժում» շաբաթաթերթը Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հարաւային Ամերիկայի օրկանն էր: 16 տարի վարելէ ետք այդ պաշտօնը, թերթը կը դադրի  լոյս տեսնելէ 1991-ին, նիւթական լուրջ պայմաններու պատճառով:

– Միեւնոյն ատեն ուսուցչութեամբ զբաղած է, նախ Պախճէճեան դպրոցին մէջ, ուր եղած է տնօրէն, յետոյ Վիսենթէ Լոփէսի Ազգային վարժարան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարան, Մխիթարեան վարժարան ուր 17 տարի երկրորդականի հայերէն բաժնի տնօրէն եւ ուսուցիչ եղած է, ինչպէս նաեւ Չննոզեան Ուսուցչանոցի դասատու:

– Յօդուածներով մասնակցած է Սփիւռքի զանազան թերթերու մէջ: Կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու եւ հմուտ ճառախօս էր:

– Դասախօսութիւններ տուած է Պուէնոս Այրէսի, Մոնթէվիտէոյի (Ուրուկուայ), Սիտնիի (Աւստրալիա), Պէյրութի (Լիբանան), Երեւանի (Հայաստան) եւ Դամասկոսի (Սուրիա) մէջ:

– Գաղութէն ներս իր կուսակցական ղեկավարի դերէն զատ, գործօն անդամ եղած է Միջմիութենական մարմինին մէջ:

– 2015 թուականին Հնչակեան Քսան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Փարամազ» շքանշանով:

– 2013-ին մէկ շրջան Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնի անդամ եղած է:

– 1981 Դեկտեմբերին ամուսնացած է հնչակեան ուսուցչուի ընկերուհի Անի Մուշեանի հետ:

– Մահացած է 25 Յունուար 2022-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ:

Share68Tweet43
Previous Post

ԱՐԻ ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ

Next Post

ՄԱՅՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ

Next Post

ՄԱՅՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.