Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԻ ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ

February 18, 2025
in Այլազան
0
ԱՐԻ ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ

 

(Ծննդեան 89-ամեակ)

 

Համառօտ Կենսագրութիւն

– Արի Թօփուզխանեան ծնած է Պէյրութ, 18 Փետրուար 1936-ին: Զաւակն է Արամ եւ Աստղիկ (դուստրը նահատակ փրոֆեսոր Յովհաննէս Պուճիգանեանի) Թոփուզխանեաններուն:

– Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սահակեան Լիսէի մէջ՝ Զօրավար Անդրանիկեան մանկապարտէզէն մինչեւ Սահակեանը աւարտելը՝ 1949, երկրորդականը՝ ֆրանսական Լիսէի մէջ (Lycée Français de Beyrouth), բարձրագոյնը՝ Պէյրութի Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ (Ecole Supérieure d’Ingénieurs de Beyrouth) եւ շրջանաւարտ եղած է 1958-ին:

– Լիոնի համալսարանին (Université Claude Bernard-Lyon I) մէջ պատրաստած է իր դոկտորական աւարտաճառը եւ պաշտօնավարած՝ որպէս գիտաշխատող Ֆրանսայի Գիտահետազօտական ազգային կեդրոնին մէջ։

– Ամուսնացած է պարտիզակցի Երուանդ եւ խարբերդցի Եւնիկէ (Ղազարոսեան) Քիւրքճեաններու դստեր Ազնիւին հետ եւ բախտաւորուած է 3 զաւակով. երկու աղջիկ՝ Աստղիկ, Սիլվիա, եւ մէկ մանչ՝ Բենիամին:

 

Հասարակական Գործունէութիւններ

– Որպէս ազգային պարտականութիւն ծառայած է Լիոնի Աւետարանական եկեղեցիին թէ՛ Կիրակնօրեայ դպրոցին եւ թէ՛ ամառնային բանակումներու շրջանին հաւաքուող պատանիներուն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան համար։

– Եղած է համահիմնադիրը՝

Փարիզի «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»ին եւ վարած՝ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը,

«Արեւմտահայ Աշխարհաբարի Եզրաբանական Խորհուրդ»ին,

«Լիոն-Երեւան Ընկերակցութեան»,

«Ֆրանսեւհայկական Անկարներու Լիոնեան Ընկերակցութեան»:

 

Գրական-խմբագրական Կեանքը

– Արի Թօփուզխանեան 1973-էն սկսեալ վարած է Ֆրանսահայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան «Բանբեր» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան պաշտօնը (այժմ՝ պատուոյ խմբագիր):

– Ֆրանսերէնի թարգմանած է գերմանացի գիտնական Bernhard Philberth-ի հեղինակած «Guerre Atomique et Prophétie Biblique» գիրքը:

– Ղեկավարած է Մոնթէ-Գարլոյի ռատիոկայանի հայերէն հոգեւոր յայտագրերու ծիրէն ներս գիտա-կրօնական հաղորդումներու ձայնասփռումը:

– «1700-ամեակի Աստուածաշունչ»ին համահրատարակիչն է:

– Հայերէնի վերածած է «Նոյեան տապանի հետքերը Արարատ լերան վրայ» շարժանկարը:

 

Գիտական Գործունէութիւն

– «Մաքինթոշ» համակարգիչներու մէջ հայերէն տառերու եւ ծրագրերու տեղադրութեան նախաձեռնողն է:

– Յօրինած է «Մաքինթոշ» համակարգիչներու յատուկ օտար 17 լեզուներու տառատեսակները, «Աժիէ» բարբառի տառատեսակը, Չատի «լաքա» բարբառի տառատեսակը:

 

Լիոնաբնակ հանրածանօթ գիտնական, ճարտարագէտ, խմբագիր, թարգմանիչ, հեղինակ, դասախօս Արի Թօփուզխանեանի ծննդեան 89-ամեակին առիթով, «Արարատ»ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնները կ’առաքեն Աստուածաշունչի եւ գիտութեան ծառային, մաղթելով ալեհեր կեանքը կենսաւորող անսպառ եռանդ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՔԱՆԻ ՄԸ ՍԱՐԳԻՍՆԵՐ ԵՒ… ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Next Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆ, ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ԽՄԲԱԳԻՐ

Next Post
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆ, ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ԽՄԲԱԳԻՐ

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆ, ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ԽՄԲԱԳԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.