Քանի մը օր առաջ, Շաբաթ, Ս. Սարգիս էր։ Տօն՝ եկեղեցական ու տոհմիկ։
Մեր աւանդապահ ժողովուրդը չի մոռնար այս տօնը ու յարգելով հինէն ժառանգուած բարի սովորութիւնները՝ կը փութայ տաքուկ զգացումներով ողջունել ու շրջապատել Սարգիս անունը կրող այն բոլոր անձերը, որոնք ազգական են իրեն, հարազատ կամ բարեկամ։ Ոմանք ուխտ կը կատարեն, ուրիշներ ծոմապահութիւն կը կիրարկեն։ Սեղանները կը յորդի՜ն այս տօնը յատկանշող ուտեստեղէններով, խմորեղէններով։
Շաբաթ օր, հաւանաբար, քիչ մը աւելի զօրաւոր հնչեցին զանգերը մեր այն եկեղեցիներուն, որոնք կը կրեն Ս. Սարգիսի անունը։ Երեւանի, Դամասկոսի, Թեհրանի, Նոր Սիս թաղի (Պէյրութ) կամ Փասատինայի (Լոս Անճելըս) եկեղեցիներու խորանները պայծառացան առաւե՛լ եւս…։
Այս տարի նշմարեցի, սակայն, որ շուրջս կամ բարեկամներու իմ անմիջական շրջանակին մէջ Սարգիսներ չէին մնացած գրեթէ…։ Հազիւ մէկ-երկու անուն։
— Է՜հ, կ՛երեւի թէ այս անունն ալ այլեւս կորսնցուցեր է իր երբեմնի հմայքը ու սկսեր է նօսրանալ,– մտածեցի։
Յետոյ յանկարծ մտաբերեցի Սարգիս մը… ԺԴ. դարէն։ ՍԱՐԳԻՍ ՊԻԾԱԿ։ Այո՛, ուրկէ՜ ուր՝ այս մանրանկարիչն է որ յիշեցի, իբրեւ խորհրդանիշ միւս բոլոր Սարգիսներուն։
Ես վստահ եմ որ իմ սիրելի ընթերցողներուն անծանօթ չէ այս հռչակաւոր անունը։ Այնուհանդերձ, կ՛արժէր քանի մը նախադասութեամբ յիշատակել զինք։
Արդարեւ, ամէն անգամ որ կիլիկեան դարաշրջանի հայ մանրանկարչութեան մասին խօսուի, մի՛շտ երկու անուններ կը ցցուին մեր դիմաց. Թորոս Ռոսլին եւ Սարգիս Պիծակ։
Սարգիս Պիծակին կողմէ նկարազարդուած կրօնական մեծաթիւ գիրքեր գուրգուրանքով պահ դրուած են Երեւանի Մատենադարանը, Երուսաղէմ, Վենետիկ, Լիբանան եւ այլուր։ Ինք ապրած ու ստեղծագործած է Սիս, նաեւ՝ Կիլիկեան աշխարհի Դրազարկ եւ Սկեւռա վանքերուն մէջ։
Հարցում մը չի՞ ծագիր ձեր մտքին մէջ. ինչո՞ւ այս արուեստագէտը «Պիծակ» կոչուեր է։
Գիտէք, որ պիծակը մեղուներու ընտանիքին մաս կազմող միջատ մըն է։ Իշամեղու։
Օր մը, երբ մեր մանրանկարիչ Սարգիսը Աւետարան մը կը նկարազարդէ եղեր, պիծակ մը կու գայ ու կը թառի լուսամուտին վրայ։ Սարգիս անմիջապէս նոյն այդ պիծակը հարազատօրէն կը նկարէ իր կողմէ պատկերազարդուող գիրքին լուսանցքին վրայ։ Ճի՛շդ ու ճի՛շդ իրական պիծակին կրկնօրինակը, միեւնոյն գոյներով ու չափով…։ Այնքան կենդանի ու ճշմարիտի տպաւորութիւն առթող, որ քիչ ետք, երբ հիւրեր կ՛այցելեն իրեն՝ ձեռքի վանողական շարժումներով կը փորձեն «հեռացնել» այդ պիծակը նկարազարդուող գրքին վրայէն, զայն իրական կարծելով…։ Ահա այդ օրէն ասդին՝ մանրանկարիչը կը յորջորջուի Սարգիս Պիծակ։
Ահա՛ ձեզի զուարճալի պատմութիւն մը՝ Ս. Սարգիսի տօնին առիթով։
*
Տօներն ու անոնց կապուած անունները, սակայն, միշտ չէ որ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն կը ստեղծեն մթնոլորտին մէջ։ Այդ անունները տխրութիւն ու թախի՛ծ ալ կրնան պատճառել մեզի՝ եթէ անդրադառնանք, թէ տուեալ անունը կրող սա կամ նա անձը երէկ մեզի հետ էր, ողջ-առողջ, բայց այսօր չկա՜յ…։ Անցեր է սահմանին «միւս կողմը»…։
Ս. Սարգիսի այս տարուան տօնին առիթով՝ այդպիսի անդրադարձում մը ունեցայ ե՛ս ալ, որովհետեւ յիշեցի վաստակաշատ լրագրող ու լիբանանահայ մամուլի երկարամեայ սպասարկու Սարգիս Նաճարեանը (մահացած՝ 15 Յունուար 2025-ին), որուն մահուան քառասունքը կը լրանայ այս օրերուն։
Դեռ մինչեւ քանի մը ամիս առաջ՝ Սարգիս Նաճարեան միայն անուանապէս ծանօթ էր ինծի։ Զիրար չէինք ճանչնար։ Գիտէի, սակայն, որ ինք լիբանանահայ հրապարակագրական կեանքի վերջին վաթսուն տարիներու երախտաւորներէն մէկն էր։ Թերեւս երիցագոյններէն մին՝ Շահանդուխտի կողքին։ Ան, միաժամանակ, կը նկատուէր Հայ կաթողիկէ համայնքին աշխարհական հայագիր հազուագիւտ մտաւորականներէն մէկը։ Իր վաստակը կ՛երկարէր Թոսպաթներու երբեմնի «Այգ» լրագիրէն մինչեւ «Արարատ» օրաթերթ ու կաթողիկէ հայոց «Մասիս»-ը։ Տանս գրադարանին մէջ ունէի Սարգիս Նաճարեանէն քանի մը հատոր, որոնցմէ մին կը կոչուէր «Դէմ առ դէմ» (2010, Պէյրութ) եւ որ ծաւալուն ժողովածու մըն էր հարցազրոյցներու՝ հոգեւոր, քաղաքական ու մշակութային գործիչներու հետ։
Անցեալ Մայիսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուրախութիւնն ապրեցայ, վե՜րջապէս, թօթուելու Սարգիս Նաճարեանի ձեռքը։ 87 տարեկան ալեզարդ վաստակեալը յա՛տկապէս եկած էր զիս տեսնելու ու առաջնորդելու նուաստս դէպի… Զմմառու վանքին բարձունքները։
Անմոռանալի օր մը եղաւ ատիկա։ Շրջեցանք երկնամերձ բլուրներու կատարին թառած հնադարեան հայ վանքին բոլոր բաժինները, կէսօրուան ճաշի հիւրը եղանք վանականներուն, ծանօթացանք ընծայարանին։ Լուսանկարուեցանք միասնաբար։ Ու ի վերջոյ՝ նստանք «դէմ առ դէմ» ու զրուցեցինք մեր գրականութեան, մեր մամուլին ու մեր կրթական հաստատութիւններուն մասին։
Հիմա, ընդամէնը վեց-եօթը ամիս անց, չկայ՜ Սարգիս Նաճարեանը, այդ բարեհամբոյր մարդը, որ Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի հպա՛րտ շրջանաւարտն էր եւ որ 60 տարի ծառայեր էր լիբանանահայ լրագրութեան…։
Լ. Շ.