Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՐՈՆ ԹՐԱՄՓ, ՔԵԶ Ո՞Վ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԼԽՈՒՆ ՓԱՐԱՒՈՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ

February 18, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Արաբական ժողովրդային պատմուածք մը կայ, ըստ որուն՝ օր մը Եգիպտոսի Փարաւոնին հարցուցեր են, թէ «ինչպէ՞ս այսքան սանձարձակ եւ դաժան եղար», փարաւոնը պատասխաներ  է. «զիս մէկը չզսպեց, բոլորը ծնկաչոք հնազանդութիւն յայտնեցին, ես ալ փարաւոն եղայ»:

Երկու օր առաջ էր, մեր թաղերէն մէկէն քալելով կ’անցնէի, շրջուն (կայուն) սուրճի սայլակին մօտ հաւաքուած երեք հոգի բարձրաձայն կը զրուցէին: Արդէն  25 մեթրէն լսելի էր զրուցակիցներու հայհոյախառն ձայնը: Գլխաւոր նիւթը Թրամփի «այլազան եւ զարմանազան» յայտարարութիւններն էին:
Մօտեցայ գաւաթիկ մը սուրճ առնելու եւ մասնակից դառնալու ժողովրդային վերլուծաբաններու մեկնաբանութեանց եւ ինչու չէ՝ նաեւ մօտէն ծանօթանալու մեր թաղերուն մէջ տիրող հանրային կարծիքին, որուն  յաճախ կ’անուանենք ժողովրդային իմաստութիւն:  Ներկաներու  գլխաւոր նիւթը Թրամփի՝ Կազայի հատուածի բնակչութեան տարհանումն ու այդ տարածքը «Ռիվիերայի» մը վերածելու մասին էր:
Մեր ժողովրդային քաղաքական մեկնաբանը երկար նախաբանէ  մը ետք ըսաւ. «Թրամփ, ո՞վ ես դուն «ակաս», դուն քեզ ի՞նչ կը կարծես կոր “ռէյիզ”»:
Ազնիւ ըլլալու համար, հակառակ հայոց լեզուի կրած տառապանքին, նախադասութիւնը հաճելի թուաց ականջիս, ես շատ ուրախ էի այդ լսելով, զգացի որ պահն է նիւթին մէջ մտնելու, եւ քիչ մը միջավայրին անհամապատասխան հայերէնով եւ քաղաքավար համաձայնութեան գլխի շարժումով մը «շատ ճիշդ ես, ընկեր» ըսի եւ նիւթին մէջ մտնելու փորձս  յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Խօսակցական հայերէնիս աւելի որակեալ ըլլալն ալ օգնեց, որ ներկաները աւելի ուշադիր լսեն ըսելիքներս, մանաւանդ որ ներկաներէն մին ալ ծանօթ ըլլալով «հրամմէ նստիր, ընկեր» ըսելով դիմեց ինծի:

Երկու տեսակէտ կար ներկաներուն մէջ: Մէկը այն կարծիքին էր, որ ԱՄՆ աշխարհի ամենահզօր պետութիւնն ըլլալով՝ ինչ որ որոշէ պիտի կատարէ: Յատկապէս այժմ՝ Իսրայէլ պատերազմը յաղթելով եւ տարածաշրջանը ամբողջութեամբ Արեւմուտքի գերիշխանութեան տակ անցած ըլլալու փաստով, պայքարի շարունակութիւնը անիմաստ կը թուի, հետեւաբար ամենալաւ լուծումը ԱՄՆ-ին հնազանդիլն է:

Իսկ միւսը՝ եղանակին ցուրտ ըլլալը նշելով կը փորձէր ցոյց տալ Կազայի հատուածի բնակչութեան չարչարանքն ու անմարդկային պայմաններուն մէջ անոնց գոյատեւելու մաքառումները եւ ԱՄՆ-ի մեղսակցութիւնը մարդկային ահաւոր տառապանքին, որ տեղի կ’ունենար Կազայի մէջ:

Հոս արդէն փորձեցի բացատրել, որ՝

1- Այսօր Կազայի պատերազմէն մէկուկէս տարի ետք արդէն յստակ դարձաւ, որ Իսլամական դիմադրութեան շարժման (Հարաքէթ Ալ-Մուքաուամա Ալ-Իսլամիա-ՀԱՄԱՍ) կողմէ ծագած պատերազմը կարճատես, չհաշուարկուած, կասկածելի մեծ արկածախնդրութիւն մըն էր, որուն զոհ գացին ամբողջ Կազայի հատուածի բնակչութիւնը, ողջերը ներառեալ: Աւելի քան տասնեւվեց ամիս Համաս-ի մարտիկները իրենց պարզունակ զէնքերով չկրցան դիմադրել Իսրայէլի եւ անոր դաշնակիցներուն ամենաարդիական սպառազինութեան: Պատերազմը աւարտեցաւ Համաս-ի յստակ ռազմական պարտութեամբ, Իսրայէլ պետութիւնը իր դաշնակիցներով դարձաւ տարածաշրջանի միակ կարծիք պարտադրողը եւ բռնատէր ոստիկանը:

2- Կազայի հատուածին մէջ պատահած մարդկային աղէտը ցեղասպանութեան համազօր եղելութիւն մըն էր, որուն պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս կը կրեն ե՛ւ Հոկտեմբեր 7-ի հեղինակները ե՛ւ անհամեմատ աւելի ռազմական միջոցներով սպանդներ գործադրողները:

3- Գալով  Թրամփի յոխորտանքներուն՝ թէ Եգիպտոս եւ Յորդանան պէտք է ընդունին Կազայի հատուածի բնակչութիւնը, որպէսզի ինք այնտեղ զբօսաշրջային ծրագրեր իրականացնէ.-
Պարոն Թրամփ, ո՞վ ես դուն «ակաս», քեզի ո՞վ տուաւ այն իրաւասութիւնը, որ իր բնօրրանէն տեղահան կ’ուզես ընել բնիկ ժողովուրդ մը, ո՞վ ես դուն «ակաս», որ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ, այդպիսի  յայտարարութիւններ կատարես, ո՞վ ես դուն «ակաս», որ Սէուտական Արաբիոյ թելադրես, որ իր տարածքին վրայ անկախ Պաղեստին մը հիմնէ եւ պաղեստինցիները հոն փոխադրէ: Տակաւին չհաշուած Գանատան պիտի կուլ տաս, Կրինլանտը պիտի առնես, Ուքրանիոյ ընդերքը պիտի կողոպտես, անկիրթ եւ անհամեստ վարմունքովդ վիրաւորես իր գործը ընող համեստ հնդիկ եւ այլազգի լրագրողները:
Ո՞վ ես դուն «ակաս»: Այս հարցումին պատասխանը քեզ ֆինանսաւորող մօտիկ բարեկամիդ՝ Իլոն Մասքի 4 տարեկան փոքրիկ որդին տուաւ: Անմեղ երեխան առանց նախապաշարումի ամբողջ աշխարհին առջեւ ըսաւ, որ «դուն նախագահը չես, բերանդ փակէ…»:

Ես չհասկցայ ԱՄՆ ժողովուրդը քեզ նախագահ ընտրեց, իր վստահութեան քուէն քեզի տուաւ, որ մեր գլխուն փարաւո՞ն դառնաս:
Ոչ, պարոն նախագահ, Դուք ԱՄՆ-ի ժողովուրդին նախագահն էք, ձեր իշխանութիւնը կը կիրառէք ԱՄՆ-ի տարածքին: Իրապաշտ ըլլալու համար կ’ընդունիմ, որ ձեր ազդեցութիւնը կրնաք ունենալ աշխարհի շատ մը երկիրներու վրայ: ԱՄՆ-ն ժողովրդավարութեան մէծ ժառանգութիւն ունեցող օրինակելի երկիր մըն է, ստրկատիրութեան դէմ պայքար տարած, ազատութեան նախամարտիկներու դպրոց է Ճորճ Ուաշինկթընի, Աբրահամ Լինքոլնի, Մարթին Լութեր Քինկի եւ այլոց ծնունդ տուած երկիրն է:

Յարգելի նախագահ պարոն Տոնալտ Թրամփ,

Ինծի համար զարմանալի չէ, որ ձեզի պէս ծայրայեղական դրամատէր մը Կազայի հատուածը որպէս տարածք կ’ընկալէ եւ ոչ թէ հինաւուրց ժողովուրդի մը հայրենիք, կամ ձեր լեզուով «Homeland» (ինչ գեղեցիկ բարդ բառ մըն է «ՏՈՒՆ-ՀՈՂ»), չեմ զարմանար քանի որ ձեզի համար մարդիկ թիւ են, իսկ ոսկին՝ արժէք-աւոր մետաղ:

Պարոն նախագահ, հաստատապէս չենք համաձայնիր Համաս-ի գաղափարական ըմբռնումներուն հետ, չենք բաժներ անոր «Ալ-ըխուան Ալ-Մուսլիմին» քաղաքական ուղեգիծը, այլ աւելին, որպէս աշխարհիկ մտածողութեան տէր, ընկերվար ժողովրդավարներ կը հակադրուինք ամէն տեսակի կրօնական ծայրայեղական դրսեւորումներուն, որ կողմէն ալ եկած ըլլան անոնք:
Սակայն, որպէս իթիիհատական ազգայնական ծայրայեղութեան զոհ դարձած հայրենակորոյս եւ ԲՌՆԱԳԱՂԹԵԱԼ ժողովուրդի զաւակներ, կը զօրակցինք Կազայի հատուածին մէջ ապրող պաղեստինցի ժողովուրդին իր հողին կառչած մնալու որոշումին:
Համամարդկային համերաշխութեան եւ դասկարգային արդարութեան հանդէպ մեր ունեցած յանձառութիւնը մեզի կը պարտաւորեցնէ ամուր կանգնիլ շահագործուող դասակարգի կողքին, դիրքաւորուիլ հայրենակորոյս ազգերու խրամատին մէջ, պաշտպանել արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը, եւ վերջապէս զօրակցիլ  ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, որոնք իրենց Homeland-ին վրայ ազատ եւ ինքնիշխան ապրիլ կ’ուզեն:

Պարոն նախագահ, եթէ ուրիշները չեն յանդգնիր,4 տարեկան երեխան ըսաւ արդէն՝  «մերկ ես»:

 

ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՀԵՏ       

Next Post

ԻՆՔՆԱՐԺԷՔ 

Next Post

ԻՆՔՆԱՐԺԷՔ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.