Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՀԵՏ       

February 18, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՀԵՏ       

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2025-ին, այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին։ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական հրատապ հարցերը եւ տնտեսական բարդ իրավիճակը։

Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Տագէսեան եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի միտքեր փոխանակեցին երկիրը իր ելեւմտական ճգնաժամէն դուրս բերելու միջոցներուն  շուրջ։ Կողմերը խօսեցան վերջերս Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութեան դրական անդրադարձերուն, ինչպէս նաեւ նոր խոստումնալից կառավարութեան կազմութեան մասին։

Հանդիպման աւարտին, ատենապետ ընկ.Վանիկ Տագէսեան լրագրողներուն խօսելով՝ ըսաւ, որ «մենք ուրախ ենք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին առթիւ։ Հարիրիի ներկայութիւնը գալիք օրերու նոր յոյս կու տայ լիբանանցիներուն»։ Ընկեր Տագէսեան վերահաստատեց Հնչակեան կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերը։ Ան շեշտեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։

Share66Tweet41
Previous Post

ԹՐԱՄՓ ԳՈՒՑԷ ՇՈՒՏՈՎ ՏԵՍԱԿՑԻ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ՊԱՐՈՆ ԹՐԱՄՓ, ՔԵԶ Ո՞Վ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԼԽՈՒՆ ՓԱՐԱՒՈՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ

Next Post

ՊԱՐՈՆ ԹՐԱՄՓ, ՔԵԶ Ո՞Վ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԼԽՈՒՆ ՓԱՐԱՒՈՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.