Ռուսիոյ նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը Ռիատի մէջ ժողովներ պիտի գումարէ ամերիկացի ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ թղթածրարներ, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ հակամարտութեան վերջ տալու հարցով հաւանական համալիր բանակցութիւններու կազմակերպումը: Իսկ ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ գուցէ շատ շուտով տեսակցի իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ՝ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու նպատակով: