Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

February 18, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

Պէյրութի միջազգային օդակայանին անվտանգութիւնն ու անցնող օրերուն օդակայանի ճամբուն վրայ պատահած խուլիկանութիւնները երէկ արծարծուեան Պաապտայի պալատին մէջ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւ ապահովական ու զինուորական հաստատութիւններուն ղեկավարները իրենց գումարած ժողովին աւարտին վերահաստատեցին օդակայանի ճամբան միշտ բաց պահելու որոշումը, ապահովական մարմիններէն պահանջելով ապահովել օդակայանին եւ այնտեղ հասնող ուղեւորներուն անվտանգութիւնը՝ կանխելով օրինախախտումները: Ժողովականները արտաքին գործերու նախարարին յանձնարարեցին շարունակել հաղորդակցութիւնները Թեհրանի հետ՝ լուծելու համար Լիբանան ժամանող Իրանի օդանաւներուն ճգնաժամը եւ ապահովելու Իրան գտնուող լիբանանցիներուն անվտանգ տունդարձը: Ժողովականները վերարժեւորեցին Պէյրութ ժամանող բոլոր օդանաւերը մանրազննող ընթացակարգերը եւ Հանրօգուտ աշխատանքներու նախարարութենէն պահանջեցին հաղորդակցիլ իրանցի պաշտօնակիցներուն հետ ու տեղեկացնել, թէ որոշուած է երկարաձգել օդային հաղորդակցութեանց առկախումը: Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան կողմը քանի մը օր առաջ միջնորդներու միջոցաւ Լիբանանի կառավարութեան տեղեկացուցած էր, թէ գուցէ ստիպուի հարուածել օդակայանը կամ այնտեղ ուղղուող իրանեան քաղաքացիական օդանաւերը, եթէ պարզուի, թէ անոնք Թեհրանէն օգնութիւն կը փոխանցեն Հըզպալլային: Իսրայէլեան սպառնալիքներու լոյսին տակ, Թեհրանի հետ հաղորդակցելով, առկախուեցան Պէյրութ ուղղուող թռիչքները: Որոշումը բռնկեցուց Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող լիբանանեան կազմակերպութիւններուն հետեւորդները, որոնք երեք օր շարունակ բողոքի շարժումներ կազմակերպեցին օդակայանի ճամբուն վրայ, ուր անիւներ հրկիզելով մերթ ընդ մերթ փակեցին մայրուղին, մինչ բանակը ստիպուեցաւ միջամտել եւ ուժային միջոցներով վերաբանալ այդ գերկարեւոր ճամբան:

Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը կառավարութենէն պահանջեց չեղարկել իրանեան օդանաւերը Պէյրութի օդակայանէն հեռացնելու որոշումը, նաեւ բանակին կոչ ուղղեց բանալու հետաքննութիւն՝ «օդակայանի ճամբուն վրայ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ գործադրուած բռնութիւններուն առնչութեամբ»: Լիբանանեան բանակը իր կարգին հաղորդագրութեամբ մը յստակացուց, թէ օդակայանի ճամբուն վրայ հաւաք կազմակերպողներուն հետ պայմանաւորուած էր պահպանել նստացոյցի խաղաղ բնոյթը, սակայն անոնք շուտով անիւներ հրկիզած էին եւ մայրուղին փակած՝ խախտելով համաձայնութիւնը եւ բանակին ստիպելով միջամտել ու վերակաստատել կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն վերահաստատեց, որ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է, որ արգիլուած է խախտել: Լիբանանի թծթածրարով աշխատող միջազգային հնգեակի պետութիւններուն՝ ամերիկացի, ֆրանսացի, եգիպտացի, սէուտցի եւ քաթարցի դեսպանները ընդունած ատեն Աուն շեշտեց, թէ Լիբանանի մէջ երաշխաւորուած է խօսքի եւ բողոքի հաւաքներ կազմակերպելու ազատութիւնը, սակայն պիտի չթոյլատրուի ներքին կայունութեան խախտումը: Ան նշեց, թէ օդակայանի ճամբուն վրայ տեղի ունեցած միջադէպերէն եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին պատկանող ինքնաշարժի հրկիզումէն ետք ձերբակալուած են քանի մը տասնեակ կասկածելիներ եւ ջանք կը թափուի՝ կանխելու նման խուլիկանութիւններու կրկնութիւնը: «Հարաւէն Իսրայէլի ամբողջական նահանջէն ետք ժողովներ պիտի գումարուին Նաքուրայի մէջ՝ քննարկելու զինադադարի համաձայնութեան մնացեալ յօդուածներուն գործադրութեան միջոցները», հաւաստիացուց Աուն: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, հաղորդակցեցաւ արաբ պաշտօնակիցներու հետ եւ պահանջեց աջակցութիւն, որպէսզի Իսրայէլ ամբողջացնէ հարաւէն նահանջը: Սէուտական Արաբիա վերահատատեց իր աջակցութիւնը նախագահին, վարչապետին ու բանակին՝ ամրապնդելու Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ կանխելու քաղաքացիներուն ապահովութեան վտանգումը: Ուաշինկթըն շեշտեց, որ Լիբանանի պետութիւնը պէտք է ըլլայ հզօր եւ կարողութիւն ունենայ ապազինել Հըզպալլան: Իսկ Քաթար պահանջեց, որ իսրայէլեան ուժերը անյապաղ հեռանան Լիբանանէն:

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՄԱՍԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Next Post

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՄ

Next Post

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.