Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՍԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

February 18, 2025
in Լիբանանեան
0

 

Իսրայէլ զինադադարի մինչեւ վերջին ժամերը գործածեց՝ ամբողջացնելու համար պատերազմին սկսած ծրագիրը՝ Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ շրջաններուն հիմնայատակ կործանումը: Անցնող 48 ժամերուն իսրայէլեան ուժերը նորանոր պայթումներ իրականացուցին բռնագրաւեալ Մէյս էլ-Ժապալ, Հաուլա, Քֆարքիլա, Եարուն, Ատէյսէ գիւղերուն մէջ՝ կործանելով յաւելեալ բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ: Իսրայէլեան խախտումներուն աշխարհագրութիւնը երէկ հասաւ Սայտա, ուր ռազմական օդանաւ մը քաղաքի գլխաւոր պողոտային վրայ թիրախաւորեց ինքնաշարժ մը, սպաննելով մարդ մը ու վիրաւորելով երկու ուրիշներ: Քաղաքացիական անվտանութեան կամաւորներն ու բանակէն շրջուն ջոկատներ շուտով հասան միջադէպի բեմավայր եւ հրկիզուած ինքնաշարժէն դուրս բերին Լիբանանի մէջ Համասի գլխաւոր պատասխանատուներէն Մոհամմատ Շէհինի մարմինը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը ստանձնեց գործողութեան պատասխնատուութիւնը եւ նշեց, թէ ահաբեկուած մարդը Լիբանանի մէջ Համասի գործողութիւններու բաժնի պատասխանատուն է: Ըստ իսրայէլեան կողմին, Մոհամմատ Շէհին Իրանի ցուցմունքներով եւ ֆինանսաւորումով լիբանանեան հողերէն յարձակումներ ծրագրած եւ իրագործած էր իսրայէլեան սահմանամերձ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, իր կարգին, յանձնառութիւն յայտնեց զինադադարին եւ լիբանանեան կառավարութենէն պահանջեց գործադրել պայմանաւորուածութիւնները, շեշտելով Հըզպալլան ապազինելու առաջնահերթութիւնը:

 

Share62Tweet39
Previous Post

   ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐ

Next Post

  ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

Next Post
  ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

  ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.