Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

   ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐ

February 18, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
   ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐ

 

Այսօր կը սպառի երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարին երկարաձգուած պայմանաժամը, ուստի մասնաւորապէս հարաւային գիւղերու բնակչութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր լիբանանցիներուն մօտ կը տիրէ զգուշաւոր տրամադրութիւն՝ առ ի սպասում վերջին ժամերու իրադարձութիւններուն եւ վաղը պարզուելիք իրավիճակին: Յիշեցնենք, որ, ըստ զինադադարի համաձայնութեան, Լիբանան ներխուժած եւ հարաւային գիւղերուն եւ այլ տարածքներուն մէջ դիրքաւորուած իսրայէլացի զինուորները պէտք է առաւելագոյնը այսօր նահանջած ըլլան սահմանային Կապոյտ գիծէն անդին, իսկ միւս կողմէ Հըզպալլա պէտք է քաշուի Լիթանի գետէն հիւսիս, իր դիրքերը յանձնելով լիբանանեան բանակին: Պատերազմի աւարտէն ի վեր, իսրայէլեան ուժեր նահանջած են բազմաթիւ շրջաններէ, սակայն մինչեւ երէկ տակաւին գործողութիւններու կը ձեռնարկէին սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, մասնաւորաբար հարաւարեւելեան հատուածին ուղղութեամբ:

Հարաւի բոլոր շրջաններէն ամբողջական նահանջի մասին իսրայէլեան յանձնառութիւնը դրժելու վերաբերեալ լիբանանեան մտավախութիւնները երէկ երեկոյեան ստացան հակառակորդին հաստատումը, երբ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ «այսօր պիտի ամբողջացնէ լիբանանեան բռնագրաւեալ բնակավայրերէն նահանջը՝ արտօնելով քաղաքացիներուն տունդարձը, սակայն երկար ժամանակ պիտի մնայ սահմանամերձ լիբանանեան հինգ բլուրներու վրայ, որպէսզի ստուգէ, թէ Հըզպալլա իրապէս աշխոյժ չէ Լիթանիէն հարաւ»: Գործնականօրէն, նշեալ ռազմավարական բլուրներուն վրայ իսրայէլեան ներկայութիւնը կը նշանակէ, թէ լիբանանեան բազմաթիւ գիւղեր պիտի մնան հակառակորդի շարունակական վերահսկողութեան եւ սպառնալիքներուն տակ, մինչ սահմանին միւս կողմի իսրայէլեան բնակավայրերը պիտի վայելեն Լիբանանէն հասնող ենթադրեալ վտանգներէն պաշտպանող յաւելեալ առաջնագիծ մը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն մտավախութիւն յայտնեց զինադադարի գործադրութեան հարցով իսրայէլեան խոստումներու դրժումին եւ լիբանանեան հողերէն ամբողջական նահանջը չգործադրելու թշնամիի մտադրութեան առնչութեամբ: Անոր համաձայն, լիբանանցիները ազգային միասնական դիրքորոշումով պիտի հակադարձեն Իսրայէլին, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար դիմակայել նոր պատերազմի մը, ուստի պիտի դիմեն դիւանագիտական ճնշումի: Նախագահին խօսքով, բանակը պատրաստ է տեղակայուելու հարաւային շրջաններուն մէջ, ուրկէ պէտք է քաշուի հակառակորդը: Խմբագիրներու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն Աուն դիտել տուաւ, որ Լիբանանը վերակառուցելու նախապայմանը բարեկարգումներու իրականացումն է եւ նշեց, թէ մտավախութիւն չունի ներքին պառակտումներու եւ խռովութիւններու հաւանականութեան վերաբերեալ: «Կոյր փամփուշտով մարդ մը կը սպաննուի, իսկ կոյր խօսքով՝ ամբողջ ժողովուրդ մը», ըսաւ Աուն, կոչ ուղղելով ազատ խօսքի իրաւունքէն պատասխանատուութեամբ օգտուելու, զերծ մնալով յարանուանական լարուածութեան հրահրումէն կամ բարեկամական ու եղբայրական պետութիւններուն նկատմամբ յարձակումներէն:

Share62Tweet39
Previous Post

ԴԱՐԵՐՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ՊԵՂՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՀԱՄԱՍԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Next Post

ՀԱՄԱՍԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.