ԱՊԵԼԱՐԻ ԵՒ ՀԱԼՈՒԱԶԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (12-ՐԴ ԴԱՐ)
(The Love Between Abelard and Heloise)
Պատմութեան մէջ ամենայայտնի սիրային պատահարը միջնադարեան Ապելարի եւ Հալուազի սիրոյ դէպքն է, որ սկիզբ կ’առնէ սիրային կապով եւ կ’աւարտի ողբերգական վախճանով:
Պատմութիւնը.- Փիեր Ապելարը, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան, 12-րդ դարու Փարիզի մտաւորական յայտնի անձնաւորութիւն մըն էր: Հելուազը, վայելչակազմ եւ կրթուած երիտասարդ կին, կ’ապրէր իր հօրեղբոր՝ Նօթր Տամ տաճարի քահանայապետ Ֆիլպերի հետ: Ապելարը կը հրաւիրուի պաշտօնի՝ որպէս Հելուազի դաստիարակ: Շատ չանցած կրքոտ սիրավէպ մը կը սկսի զոյգին միջեւ։ Հելուազ կը յղիանայ եւ իր պատիւը պահպանելու համար գաղտնի կ’ամուսնանայ Ապելարի հետ։ Խստաբարոյ Ֆիլպեր, իմանալով եղելութիւնը, սաստիկ զայրացած կը հրահանգէ ամորձատել Ապելարը։ Այնուհետեւ Ապելարը կը դառնայ վանական, իսկ Հելուազ՝ միանձնուհի:
Սէրը.- Չնայած գայթակղութեան յառաջացուցած ցաւին եւ բաժանման, Ապելարի եւ Հելուազի սէրը ցկեանս կը յարատեւէ: Հետագային հրապարակուած սիրային նամակները կը բացայայտեն անոնց միջեւ խորացած զգացմունքային եւ հոգեկան կապը: Անոնք տարիներ շարունակ նամակով կ’արտայայտեն իրենց անմահ սիրոյ զգացումները։ Հելուազ իր նամակներուն մէջ կը նշէ, թէ ինք պատրաստ է դիմանալ բաժանման տառապալից ցաւին, միայն թէ Ապելար երջանիկ ըլլայ: Իսկ Ապելար նոյնպիսի խոր ջերմութիւն կը ցուցաբերէ իր սիրահարին նկատմամբ փիլիսոփայական եւ ռոմանթիք ոճով նամակներ գրելով։
Արտասովոր երեւոյթը.- Ռոմանթիք կապի հնադարեան օրինակներէն մէկը հանդիսացող ողբերգական շրջադարձով յատկանշուած Ապելարի եւ Հելուազի սէրը գերազանցեց անոնց անձնական տառապանքը անխաթար պահելով իրենց անկեղծ սիրոյ խոստումը:
Ծանօթ: Ապելար եւ Հելուազ զոյգին դամբարանը կը ցուցադրուի Փարիզի Փեր-Լաշէզ գերեզմանատան անտառապատ հատուածին մէջ, երկու աղօթող ուխտաւորներու քանդակներով:
ԱԼԹԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄՈՄԻԱՆԵՐՈՒՆ «ՔԱՐԷ ՍԷՐԸ» (Ք.Ա. 5-ՐԴ ԴԱՐ)
(The “Stone Love” of the Mummies of the Altai Mountains)
Պատմութիւնը.- Սիպերիոյ Ալթայ լեռներուն վրայ հնագէտները բացայայտած են երկու զմռսուած մարմիններու տարօրինակ սիրոյ պատմութիւնը: «Ալթայի լեռներու մոմիա» անունով յայտնի գիւտը բացայայտած է սկիւթական (Scythian) մշակոյթի տղամարդու եւ կնոջ մնացորդները, որոնց տարիքը կ’երկարի մինչեւ Ք.Ա. 5-րդ դարը: Այս մոմիաները գտնուած են պառկած վիճակով դամբարանի մը մէջ, գիտնականներուն ենթադրել տալով անոնց սիրեկաններ կամ ալ ամուսիններ ըլլալու վարկածը:
Սէրը.- Այս սիրոյ պատմութիւնը իւրայատուկ կը դարձնէ մոմիաներու յայտնաբերման հանգամանքները: Դամբարանին մէջ զոյգին հետ գտնուած առարկաները, ներառեալ զէնքեր, զարդեր եւ շքեղ իրեր, ենթադրել կու տայ, որ անոնք պատկանած են բարձր ընկերային դասակարգի։ Կնոջ վրայ գտնուած է բարդ դաջուածքներով եւ որոշ հարստութեամբ ապրած ըլլալու նշաններ: Հետազօտողներուն համար մոմիաներուն մտերմութիւնը ապացուցող փաստ կը նկատուէր նաեւ անոնց հանգչած դիրքը դամբարանին մէջ՝ որպէսզի անոնք կարենային շարունակել իրենց բուռն եւ տեւական սէրը, նոյնիսկ մահուան ժամանակ:
Արտասովոր երեւոյթը.- Այս պատմութեան տարօրինակ եւ հետաքրքրաշարժ կողմն այն է, թէ ինչպէ՞ս հազարաւոր տարիներ ետք բացայայտուեցաւ երկու հնագոյն մարդոց սէրն ու կապը: Անոնց պատմութիւնը սիրոյ պատմութիւն մըն է, որ կը գերազանցէ ոչ միայն ժամանակը, այլեւ իրենց ժողովուրդի սովորութիւններն ու աւանդոյթները:
ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՊԱՐԵԹ ԵՒ ՌՈՊԵՐԹ ՊՐԱՈՒՆԻՆԿԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ՍԻՐԱՎԷՊԸ (19-ՐԴ դար)
(Elizabeth Barrett and Robert Browning: A poetic romance)
Պատմութիւն. Էլիզապէթ Պարեթը Վիքթորիա թագուհիի ժամանակաշրջանի ամենայայտնի բանաստեղծուհիներէն էր: Կը տառապէր «Hypokalemic periodic paralysis»ի առողջական խնդիրներէ եւ չափազանց հոգատարութեամբ կը խնամուէր հօր կողմէ, արգելափակուած մնալով իր տան մէջ: Էլիզապէթ գաղտնի սիրային յարաբերութիւններ ունեցաւ բանաստեղծ Ռոպերթ Պրաունինկի հետ: Վերջինս, հիանալով Էլիզապէթի բանաստեղծութիւններուն վրայ, սկսաւ նամակակցիլ անոր հետ, որ ի վերջոյ հասունցաւ կրքոտ նամակագրութեամբ: Չնայած հօր մերժողական կեցուացքին, Էլիզապէթն ու Ռոպերթը կամովին մտան սիրոյ վանդակէն ներս:
Սէրը.- Անոնց նամակները լի են բանաստեղծական եւ բուռն յոյզերով, ուր կը բացայայտեն իրենց միջեւ հաստատուած խոր հոգեկան եւ զգացմունքային կապը: Էլիզապէթի հօր խիստ վերահսկումը արգելք կը դառնար անոնց ամուսնութեան: Սակայն, 1846 թուականին, սիրահարները գաղտնի ամուսնացան եւ տեղափոխուեցան Իտալիա: Էլիզապէթի առողջութիւնը որոշ չափով բարելաւուեցաւ աւելի տաք կլիմայական պայմաններու պատճառով, ու ան իր ամենագեղեցիկ քերթուածը ստեղծեց Ռոպերթի հետ ամուսնանալէ ետք:
Արտասովոր երեւոյթը.- Մեր նոր սերունդին համար քիչ մը տարօրինակ թուացող այս սիրային պատմութիւնը մէկն է այն բազմաթիւ նմանօրինակ վիճակներէն, երբ դարեր առաջ զոյգերու յարաբերութիւնները այսօրուան պէս «ազատ ու անկախ» եւ ապա՝ դիւրաբեկ չէին: Մեզի համար թերեւս ամենաարտասովոր հատուածը այն է, թէ ինչպէ՞ս կրցած են Էլիզապէթն ու Ռոպերթը պահպանել այդքան բուռն կապը, գտնուելով նոյնքան բուռն հայրական վերահսկողութեան տակ: Սակայն ի պատիւ մաքրամաքուր սիրոյ, զոյգը գրականութեան միջոցով գտած էր միասին մնալու եւ կայուն սէր մը ստեղծելու ելքը:
ՌՈՄԷՕ ԵՒ ԺՈՒԼԻԷԹԻ ՍԻՐԱՊԱՏՈՒՄԸ (16-ՐԴ ԴԱՐ)
(The Love Story Of Romeo and Juliet)
Պատմությունը: Շէյքսփիրի յայտնի «Ռոմէօ եւ Ժուլիէթ» ողբերգութիւնը հիմնուած է իրական պատմութեան մը վրայ, որ տեղի ունեցած է 16-րդ դարուն, Իտալիոյ Վերոնա շրջանին մէջ: Ռոմէօ եւ Ժուլիէթ երկու անհաշտ եւ հակադիր՝ Մօնթակէ եւ Քափուլէ ընտանիքներու ներկայացուցիչներ էին: Տխուր վախճան ունեցող սիրային այս պատմութեան մէջ երիտասարդ Ռոմէօն՝ «Մօնթակէ»-ական տղան էր, իսկ պարմանուի Ժուլիէթը Քափուլէ ընտանիքին կը պատկանէր: «Աշիրաթ»ական անվերջ մենամարտերու բուռն ժամանակաշրջանին երիտասարդ զոյգը գաղտնօրէն կ’անցնէր անաղարտ սիրահարական շրջան մը, որ ողբերգական վախճանով մը կը խափանուի իրենց ընտանիքներուն թշնամութեան պատճառով:
Ճակատագրական որոշումը: Չնայած Ռոմէօ եւ Ժուլիէթի միմիանց հանդէպ ունեցած խոր սիրոյն, անոնք երիտասարդ էին եւ դիւրամէտ։ Արագ որոշումներ կը կայացնէին առանց մտածելու անոնց հետեւանքներուն մասին։ Այդ օրինակներէն են անոնց գաղտնի ամուսնութիւնը եւ Ժուլիէթի՝ թմրեցուցիչ խմելու յուսահատ որոշումը՝ երիտասարդ Փարիզի հետ ամուսնանալէ խուսափելու համար:
Արտասովոր երեւոյթը.- Աշխարհահռչակ սիրոյ այս պատմութեան մէջ, զոյգը որպէս երկու թշնամի կողմերու ներկայացուցիչ, հնարաւոր մահը աչքի դէմ առած իրենց ջինջ սէրը «քաղաքական» պատկանելիութենէն ալ վեր դասեցին: