Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 21                                                 ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

February 13, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Մենք միշտ ներկան չէ որ կ’ապրինք, ոչ իսկ անցեալը` իր յիշատակներով եւ ապրումներով, ոչ նոյնիսկ ապագան` ծրագրերով։ Կը պատահի որ մենք գտնուինք այլուր, կարող ենք երեւակայել այն  ինչ որ գոյութիւն չունի, որ երբեք գոյութիւն չէ ունեցած, նոյնիսկ երբեք գոյութիւն պիտի չունենայ։ Երեւակայութիւնը հրաշալի կարողութիւն մըն է, որ մտածումի  եւ ազատութեան գաղափարներու նման մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ, բայց ոչ անոր հզօրութեան եւ կարողութեան համազօր, քանի որ մենք կարող չենք ստեղծել ոչինչէն,  Անոր նման։ Մեր միակ կարելիութիւնը, նաեւ իրաւունքը , միջոցի եւ ժամանակի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող բաները տարբեր ձեւով վերամշակելու մէջ կը կայանայ։ Մեծ իմաստասէր  Պլէզ Բասքալ երեւակայութիւնը կը հակադրէ բանականութեան եւ կը դատապարտէ զայն , որովհետեւ ան ճշմարտութեան եւ սուտի միջեւ տարբերութիւն չի ճանչնար։ Բոլոր ժամանակներու յեղափոխութեան հեղինակները իրենց իշխանութեան մեկնակէտը եւ դիրախը դարձուցած են զայն։ Երեւակայութիւնը կը խթանէ ստախօսները, ստաբանները, հնարիչները, վիպասանները, բանաստեղծները։ Երեւակայութիւնը  մտածումի եւ խօսակցութեան չափ երկդիմի է։ Ան կրնայ առաջնորդել  կործանումի, ինչպէս նաեւ փառքի։

Երեւակայութիւնը դարերու երկայնքին եղած է եւ կը շարունակէ մնալ ստեղծագործութեան եւ յղացումի գլխաւոր բաղադրիչը։ Մեծ գիւտեր, անսպասելի հնարքներ, արուեստի գլուխգործոցներ երեւան եկած են երեւակայութեան շնորհիւ։  Ընդհանրապէս երազային, յաճախ անիմաստ, երեւակայութիւնը` այսուհանդերձ  իրականին անհաւատալի հայթայթիչն է։ Վիպասաններն ու  բանաստեղծները երեւակայական աշխարհէն դէպի իրականը կատարեալ փոխանցում իրականացնող արուեստագէտներ են ։  Գիտնականներն ալ, ինչպէս քիմիագէտները, բնագէտները, աստղագէտները, նոյնիսկ մաթեմաթիկոսները երբեմն երեւակայութեան արարքը տրամաբանութեան հետ հաշտեցնելու հնարքը գտած են․ անոնք իրենց առջեւ ներկայացող հարցերուն լուծումները  գտնելէ եւ ապացուցանելէ առաջ  ադէն իսկ երեւակայած էին զանոնք։ Տեսական բնագիտութիւնը եւ մաթեմաթիկան յաճախ երեւակայութեան ձեւ մըն է, որու իրագործումը աւելի յետոյ կը հաստատուի։ Այնշթայնի՝ տիեզերքի շուրջ առաջադրած «յարաբերականութեան վարկածը»  ցայտուն օրինակն է երեւակայութեան ստեղծագործական կարողութեան։ Վարկած մը, որ սկիզբը տեսութեան ձեւով ներկայացուեցաւ, սակայն աստղաբնագէտներու յաջորդական պրպտումներուն շնորհիւ հաստատուեցաւ, հանդիսանալով  ներկայ տիեզերագիտութեան հիմնասիւնը։

Երեւակայութիւնը կը գտնուի տրամաբանութեան, յիշատակի, բանաստեղծութեան եւ կիրքի խաչմերուկին վրայ։ Երեւակայողը կ՛երազէ այն ինչ չի գիտեր, այն ինչ որ դեռ չի  գիտեր, այն որ երբեք պիտի չգիտնայ եւ այն ինչ` որու մասին  ոչ ոք տեղեակ է։ Երեւակայութիւնը առինքնող է եւ զուարթ, սակայն ան կրնայ ըլլալ ճակատագրական եւ դաժան։ Ան միաժամանակ կը խաբէ եւ կը հրապուրէ։ Խաբեբաներու  երեւակայութիւնը յաճախ իր զոհերուն երեւակայութիւնը կը խլէ, կ՛անցնի։ Վիպասանի մը համար, ինչպէս սիրահարին, նոյնպէս եւ զօրավարի մը, ինչպէս նաեւ գիտնականին, երեւակայութեան բացակայութիւնը դժբախտութիւն է։ Չափազանցուած երեւակայութիւնն ալ իր կարգին դժբախտութիւն կարելի է նկատել։

Պատրաստեց`

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

Share63Tweet39
Previous Post

ԱԼԹԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄՈՄԻԱՆԵՐՈՒՆ «ՔԱՐԷ ՍԷՐԸ» (Ք.Ա. 5-ՐԴ ԴԱՐ) (The “Stone Love” of the Mummies of the Altai Mountains)

Next Post

ԴԱՐԵՐՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ՊԵՂՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
ԴԱՐԵՐՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ՊԵՂՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԴԱՐԵՐՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ՊԵՂՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.