Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿ

February 13, 2025
in Միջազգային
0

 

Փտածութեան դէմ պայքարող համաշխարհային «Transparency International» դաշինքը հրապարակեց 2024 թուականի փտածութեան համաշխարհային աղիւսակը (CPI), որուն մէջ դասած է 180 երկիրներ՝ իւրաքանչիւրին փտածութեան աստիճանին համաձայն: Ըստ զեկոյցին, 2024-ի աղիւսակը ցոյց կու տայ, թէ փտածութիւնը վտանգաւոր խնդիր է աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ, սակայն դրական յառաջընթացը զգալի է շատ երկիրներու մէջ: Հանրային ոլորտի փտածութեան աստիճանը բացայայտող այս զեկոյցին մէջ իւրաքանչիւր երկիր իր փտածութեան ցուցանիշը ստացած է զերոյէն հարիւրի միջեւ, ուր աւելի բարձր նիշը կը բացայայտէ նուազ փտածութիւն եւ աւելի թափանցիկ հանրային կեանք:

Արդիւնքներուն համաձայն, աշխարհին մէջ նուազագոյնս փտած երկիրը անցեալ տարուայ նման Դանիան է, որ ստացած է 90/100 ցուցանիշ: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւող Ֆինլանտան՝ 88/100 եւ Սինկափուրը՝ 84/100 այս տարուայ աղիւսակին մէջ յառաջդիմած են մէկական դիրք, իսկ Նոր Զելանտա 4-րդն է: Լիւքսամպուրկ 5-րդն է, Նորվեկիա՝ 6-րդ, Զուիցերիա՝ 7-րդ, Շուէտ՝ 8-րդ, Հոլանտա՝ 9-րդ եւ Աւստրալիա, Իրլանտա եւ Իսլանտա՝ միասնաբար 10-րդ: Գանատա 15-րդն է, Ճափոն եւ Բրիտանիա՝ 20-րդ, Ֆրանսա՝ 25, Միացեալ Նահանգներ՝ 28-րդ, իսկ Չինաստան՝ 76: Արաբական աշխարհին մէջ նուազագոյնս փտած է Էմիրութիւնները՝ 23-րդ (68/100): 180 երկիրներու աղիւսակին մէջ, Հայաստանի դիրքը 2023-էն ի վեր չէ փոխուած եւ Խրուաթիոյ հետ 63-րդն է (47/100), իսկ Լիբանան մէկ դիրք նահանջելով այժմ վատագոյն երկիրներու շարքին է՝ 154-րդ (22/100): Նոյն դիրքը կը բաժնեն Ատրպէյճանը, Ռուսիան եւ Հոնտուրասը: Լիբանանի եւ Հայաստանի հարեւաններէն Պաղեստին ընդհանրապէս դասուած չէ, Իսրայէլ 30-րդն է, Կիպրոս՝ 46, Վրաստան՝ 53, Թուրքիա՝ 107, Իրան 151, Սուրիա՝ 177-րդ: Աղիւսակին վերջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Վենեզուելա՝ 178-րդ, Սոմալի՝ 179 եւ Հարաւային Սուտան՝ 180-րդ:

Share63Tweet39
Previous Post

ԿԱԶԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Next Post

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ՝ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Next Post
ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ՝ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ՝ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.