Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ եթէ Համաս շարժումը մինչեւ Շաբաթ կէսօր ազատ չարձակէ իսրայէլացի գերիները, ապա զինադադարը պիտի չեղարկուի, բանակը պիտի վերսկսի ծանր հարուածել Կազան եւ պատերազմը շարունակել, մինչեւ Համասի վերջնական պարտութիւնը:
Միւս կողմէ, պաղեստինեան Ժիհատ շարժումի «Երուսաղէմի փաղանգներ» զինեալ թեւի բանբեր Ապու Համզա զգուշացուց, թէ «իսրայէլացի գերիներուն ճակատագիրը կախեալ է Նեթանիահուի ժխտական կամ դրական վարքագիծէն»: Դիտել տալով, որ պաղեստինեան կազմակերպութիւնները յարգած են Կազայի զինադադարի համաձայնութիւնը, Ապու Համզա Իսրայէլը ամբաստանեց իր գերիները վտանգի եւ ճակատագրի անորոշութեան ենթարկելու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ, իր կարգին, պահանջեց յարգել Շաբաթ կէսօրուայ ժամկէտը, սպառնալով հակառակ պարագային բանալ դժոխքի դռները: «Պաղեստինցիները շատ ապահով պիտի ապրին Կազայէն դուրս», ըսաւ Թրամփ, վերստին խօսելով պաղեստինցիները տեղահանելու եւ Կազային տիրապետելու իր ծրագրին մասին: Անոր համաձայն, պաղեստինցիները այլ երկրի մէջ տեղաւորելու մասին համաձայնութիւն կարելի է կնքել արաբական երկիրներուն հետ: Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը հաստատեց, որ արաբները կտրականապէս կը մերժեն պաղեստինցիներուն տեղահանումը, իսկ Գահիրէ յայտարարեց Կազան վերակառուցելու ծրագրի մասին, ըստ որուն, պաղեստինցիները պիտի մնան իրենց հողին վրայ: