Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ՝ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

February 13, 2025
in Գաղութային
0
ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ՝ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

 

 

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի  Ճինիշեան հաստատութեան, Շաթաթ, 8 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 10-ին, տեղի ունեցաւ «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական հանրային բանավէճի ձեռնարկը: Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, վերապատուելի Ռաֆֆի Մսըրլեան եւ հայր Գրիգոր թագադիր ծ. վրդ. Պատիշահի ներկայացուցիչ՝ հայր Սահակ Քէշիշեան կը գլխաւորէին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահ փութացած հայկական վարժարաններու, «Համազգային»ի եւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի, «Արարատ» եւ «Ազդակ» օրաթերթերու տնօրէններու, հիւրերու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու հոծ ներկայութիւնը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէնուհի տիկին Քրիսթին Դանիէլեան, ամփոփ գիծերու մէջ նախ ծանօթացում մը կատարելով Ճինիշեանի մարդասիրական գործունէութեան մասին: Ապա ներկայացուց Գալուստ Կիւլպենկեան եւ Հայաստանի Ճինիշեան հիմնարկներուն համագործակցութեամբ ծնունդ առած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճ ծրագրին նպատակը, մինչեւ օրս իրագործուած փուլերը եւ հայկական 11 վարժարաններէն մասնակից 30 աշակերտներու հետ կատարուած դասախօսական մարզումներէն ստացուած արդիւնքները: Ազնուափայլ տնօրէնուհին յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ Մայիս 9-էն մինչեւ 11 Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարբեր բնաբանով աշակերտական բանավէճի եզրափակիչ փուլը զանազան գաղթօճախներու հայրենակիցներու միջեւ:

ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Ռաֆֆի Մսըրլեանի աղօթքէն ետք, օրուան հանդիսավար պարոն Մանուէլ Թոքմաճեան ներկաներուն ծանօթացուց այսօրուան բանավէճին բնաբանը՝ «Արհեստական բանականութիւնը (AI) ժխտական ազդեցութիւն ունի ուսանողին վրայ», ինչպէս նաեւ բանավիճող երկու խումբերը՝ թեր՝ Սելին Քէօսէեան (ՀԲԸՄ վարժարաններ), Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան (Մեսրոպեան վրժ.),  Մանուէլ Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վրժ.) եւ դէմ՝ Յովիկ Չերչեան (Ազգ. Միացեալ վրժ.), Փաթիլ Փափազեան (Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճ) եւ Մարիլին Պալեան (Շամլեան վրժ.):

Օրդ. Սելլա Սվաքճեանի ջութակի գեղեցիկ նուագէն ետք դատական կազմի անդամներ՝ պրն. Վիգէն Աւագեան, օրդ. Սարին Խաչիկեան եւ տիկ. Լուիզա Պապոյեան թեր եւ դէմ կողմերու միջեւ իւրաքանչիւրին 6 վայրկեանի իրաւունքով ընթացող բանավէճի իրենց գնահատականները արձանագրեցին, ու աւարտէն ետք որպէս եզրափակիչ տպաւորութիւն եւ թելադրանք փոխանցեցին աշակերտներուն:

Մասնակից բանավիճողներէն Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան չքնաղ ձայնով մեկնաբանեց «Լա պոէմը» երգը:

Աւարտին, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները միաձուլող սոյն աննախադէպ վիճաբանական ասուլիսին եզրափակիչ խօսքը կատարեց Լիբանանի բարեջան առաջնորդը, անդրադառնալով թէ արհեստական բանականութիւնը կրնայ նպաստել բոլորիս՝ բարելաւելու մեր առօրեայ աշխատանքները, եթէ ճիշդ ձեւով օգտագործուի։ Ան գնահատեց մասնակից աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ճինիշեան հաստատութիւնը այս դաստիարակիչ նախաձեռնութեան համար։

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿ

Next Post

ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ՝ ԵՄ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԵԿՆԱՐԿԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Next Post
ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ՝ ԵՄ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԵԿՆԱՐԿԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ՝ ԵՄ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԵԿՆԱՐԿԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.