Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ժամանեց Լիբանան եւ 14 Փետրուարին պիտի մասնակցի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկումի 20-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչումի ձեռնարկներուն: Ան երէկ Պաապտայի պալատին մէջ տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ, շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը եւ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր զարգացումները: