Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

February 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

Երկար բացակայութենէ ետք, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ վերստին յայտնուեցան Պէյրութի վերեւ ու երեկոյեան ժամը 7-ին լիբանանցիները վերստին ցնցուեցան ռազմական օդանաւերու ձայնի պատի խզումէն: Յառաջիկայ Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին, կ’աւարտի երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի երկարաձգուած պայմանաժամը, ուստի յառաջիկայ հինգ օրերուն իսրայէլեան ուժերը պէտք է քաշուած ըլլան լիբանանեան հարաւային այն շրջաններէն, ուր տակաւին դիրքաւորուած են պատերազմի աւարտէն ի վեր: Այսուհանդերձ, անցնող օրերուն վերստին կը շրջանառուի զինադադարին ժամկէտը երկարաձգելու նիւթը: Իսրայէլեան բանակը երէկ միակողմանի յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ զինադադարը երկարաձգուած է, որովհետեւ տակաւին չէ ամբողջացուցած հարաւային շրջանին մէջ Հըզպալլայի կառոյցներու քանդումը, ուստի լիբանանցի քաղաքացիները պէտք է յետաձգեն իրենց տունդարձը սահմանային առաջնագիծի գիւղեր, ուր տակաւին կ’ընթանան իսրայէլեան զինուորական աշխատանքներ: Իսրայէլեան բանակը այս մասին տեղեկացուց նաեւ զինադադարը դիտարկող միջազգային յանձնախումբին: «Հատաս» լրատուական կայանը իր կարգին հաղորդեց, թէ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է երկարաձգելու զինադադարը մինչեւ Ռամատանի աւարտը եւ Ֆիթրի տօնը: Սակայն, Հանրապետութեան նախագահութիւնը յայտարարութեամբ մը ժխտեց զինադադարը երկարաձգելու մասին համաձայնութեան առկայութիւնը եւ շեշտեց, որ Պէյրութ այդ մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ ստացած միջազգային կողմերէն, այլ հակառակը, կը պահանջէ իսրայէլեան նահանջ՝ նախքան զինադադարի 18 Փետրուարի պայմանաժամին աւարտը: «Նախագահ Ժոզէֆ Աուն քանի անգամ վերահաստատեց այս առնչութեամբ Լիբանանի անփոփոխ կեցուածքը», նշուեցաւ նախագահութեան յայտարարութեան մէջ: Նախագահը Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Փորթուկալի արտաքին գործերու նախարարին պատուիրակութիւնը, որուն հետ տեսակցած ատեն եւրոպական երկիրներէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ամբողջացնէ հարաւէն նահանջը, կտրականապէս մերժելով պաղեստինցիներուն տեղահանումը:

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Next Post

ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.