Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

February 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու եւ զայն խորհրդարանին ներկայացնելով վստահութեան քուէ ստանալու աշխատանքները սկսած են: Փոխվարչապետ Թարէք Մըթրի յայտնեց, որ աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնաժողովը շատ դրական մթնոլորտի մէջ կը գումարէ նիստեր՝ նպատակադրելով մշակել լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերականգնող ծրագիր մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ բարեկարգումներու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել եւ դուրս բերել ճգնաժամերու անդունդէն: Մըթրիի համաձայն, առաջնահերթութիւն է լիբանանեան բանակի գերիշխանութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին հաստատելը, ինչպէս պահանջուած է ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին մէջ: Ըստ փոխվարչապետին, աշխատանքային ծրագիրը պիտի բխի հանրապետութեան նախագահի երդումի ուղերձին մէջ նշուած սկզբունքներէն: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, վստահեցուց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը յանձնառութիւն պիտի յայտնէ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, հաստատելով թէ իրենք պիտի աշխատին վերատիրանալ քաղաքացիներուն վտահութեան:

Առողջապահութեան նախարար Ռաքէն Նասէր էլ-Տին աւետեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան ընկերակցած համախոհական մթնոլորտը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ձգէ աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնաժողովի աշխատանքներուն վրայ: Անոր խօսքով, նախարարները անյապաղ պիտի անցնին գործի՝ դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները եւ լուծելու խնդիրները: «Քաղաքացիներուն առաջնահերթութիւններէն են բժշկութիւնն ու դեղորայքը, իսկ մենք արդէն սկսանք մշակել առողջապահական ոլորտը բարեփոխելու ծրագիր մը, որմէ պիտի օգտուին լիբանանցիները», ըսաւ Նասէր էլ-Տին:

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր նախարարութիւնը ստանձնած ատեն յայտնեց, որ յանձնառու պիտի մնայ բարեկարգչական ծրագրերու գործադրութեան: Ան վստահեցուց, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած աւանդները չեղարկելու առաջարկ առկայ չէ:

Միւս կողմէ, արդէն սկսած են յայտնուիլ նորակազմ կառավարութենէն դժգոհութիւն արտայայտողները: «Նոր Լիբանանը» երեսփոխանական համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նապիլ Պատր յայտնեց, որ կը զղջայ վարչապետի պաշտօնին Նաուաֆ Սալամը առաջադրելուն համար: «Սալամ կառավարութիւնը կազմելու համար որպէս չափանիշ որդեգրեց Հըզպալլայի զէնքէն վախը եւ վստահութեան քուէ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Պատր եւ քննադատեց սիւննի յարանուանութիւնը ներկայացնող նախարարներու նշանակումի ձեւը: «Ինչպէս կրնայ ըլլալ, որ 27 սիւննի երեսփոխաններէն 23-ը ներկայացուած չըլլան կառավարութեան մէջ», հարց տուաւ Նապիլ Պատր:

Share62Tweet39
Previous Post

«ԵՐԿԱԹ-ԿԱՄՈՒՐՋ»Ի ՄՕՏԻ Հ․Մ․Մ․-Ի ԱԿՈՒՄԲԸ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

Next Post
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.