Այս օրերուն շատ կը խօսինք ու կը լսենք նոր սերունդին հասկնալու եւ անոր հետ հաղորդակցուելու միջոցներուն, նաեւ՝ մեր ակումբները (դպրոցներն ալ) «թաղային» հոգեբանութենէն անջատելու եւ ժամանակին համընթաց նոր պայմաններով զարգացնելու մասին: Կարծեցինք, որ միայն հիմա՝ AI-ի (արհեստական բանականութեան) սերունդին հետ է այս անլուծելի թուացող դժուարութիւնը: Մինչդեռ 80 տարի առաջ ալ նոյնն է եղեր: Ինչպէ՞ս.. ստորեւ նմոյշ մը, որ կը յուսանք օրինակ ծառայէ վճռական քայլերու սիրահար պատասխանատուներուն:
Ծանօթ.- Օգտուած ենք Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն:
Ա.
Հ․Մ․Մ․ Պէյրութի շրջանը ունեցաւ իր կեդրոնական ակումբը
1945–46-ական թուականներուն, շրջանի որոշ ղեկավար եւ անդամ ընկերներու մօտ նոր տրամադրութիւն մը սկսաւ դրսեւորուիլ։ Տիրող կարծիքն այն էր, որ Միութեան թաղային ակումբները բաւարար ներկայանալի չէին, որով անոնք չէին կրնար գրաւիչ միջավայր դառնալ նոր սերունդին համար, որուն ճաշակը, հետաքրքրութիւններն ու պահանջները ժամանակին համընթաց կը զարգանային եւ գոհացում կ’ակնկալէին։
Միութենական միջավայրը, ակումբները առաջին առթիւ, հրապուրիչ ըլլալու էին պատանի-երիտասարդութիւնը կարենալ գրաւելու համար։ Ուստի, աւելի ընդհանրացած, պահանջքի ձեւով կ’առաջարկուէր՝ առաւել ներկայանալի եւ անհրաժեշտ յարմարութիւններով օժտուած կեդրոնական ակումբ մը ունենալ. պայմանաւ որ ան հեռու չըլլար Սահակեան դաշտէն, որ մարզական օրրանը եղած է Հ․Մ․Մ․-ին եւ շատ սերունդներու։
Վարչութեան կողմէ պարտականութիւն տրուած էր ընկ․ Պետրոս Մուշեանին եւ ուրիշ ընկերներու, որ ակումբի համար յարմարագոյն վայրի մը փնտռտուքին ձեռնարկեն։ Երկարատեւ ու յամառ որոնումներէ ետք, պարտականութիւն ստանձնած ընկերները կրցան օրուան պահանջը գոհացնող կալուած մը գտնել։ Այս մէկը քիչ մը մեկուսացած շէնք մըն էր, փոքր պարտէզով, որ կը գտնուէր Պէյրութի հիւսիսարեւելեան մուտքին գտնուող շոգեկառքի անցքի կամուրջին կից, Խալիլ Պետեւի թաղը եզերող փողոցին վրայ (այժմու Bible Bookshop-էն 20 մեթր ներս):
Վայրը յարմար նկատելով՝ ձեռնարկուեցաւ վարձակալական համաձայնագրի ստորագրման, անմիջական օժանդակութեամբ Հ․Մ․Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ժրաջան ատենապետ ընկ․ Մինաս Խաչիկեանի։
Բնականաբար, ի լուր նոր եւ կեդրոնական ակումբի մը մօտալուտ բացումին, խանդավառութեան ալիք մը բարձրացաւ։ Եղան ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ։ Արդէն ապահովուած էին ակումբի կահաւորման եւ հարկ եղած պիտոյքներու գնման անհրաժեշտ գումարները։
Ակումբի բացման հանդիսութիւնը
Պէյրութի շրջանի նոր ակումբի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Նոյեմբեր 1948-ին։ Օրուան հանդիսութեան կը նախագահէր նուիրեալ կրթական մշակ եւ շրջանի ազգային ու կուսակցական պատասխանատուներէն՝ ընկ․ Միհրան Սէֆէրեան։
Ընկերոջ խրախուսիչ եւ իմաստալից բացման խօսքէն յետոյ, խօսք առին Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկերներ՝ Մինաս Խաչիկեան եւ Արմէն Ղարիպ։
Անոնք իրենց ոգեւորիչ ելոյթներով մաղթեցին եւ առաջադրեցին, որ նոր ակումբը դառնայ ամէն մէկ Հ․Մ․Մ․-ական անդամի երկրորդ տունը։ Խորհուրդ տուին որ, ցանկալի այդ մաղթանքի յաջողութեան հասնելու համար, նոր ակումբէն ներս տեղի ունենան ծրագրուած ընկերային եւ այլ բնոյթի շինիչ ձեռնարկներ, որ նոր սերունդէն ու երիտասարդութենէն նորանոր խաւեր ներգրաւուին միութենական աշխատանքներուն։
Հանդիսութեան մեծագոյն անակնկալն ու տպաւորիչը եղաւ ելոյթը իր ծանրախոհութեամբ ծանօթ, սակաւախօս բայց շատ յարգելի, Ս․Դ․Հ․Կ․-ի երէց սերունդի մեծավաստակ ներկայացուցիչ՝ ընկ․ Բագարատ Սիւնիքի, որ հակիրճ բայց իմաստալից խօսքերով գնահատեց Հ.Մ.Մ.-ը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մեներգներով մասնակցութիւն բերին օրդ. Սիրուհի Չիլինկիրեան եւ տաղանդաւոր երգչուհի օրդ. Սառա Տարտաղանեան:
Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, օրուան նախագահին՝ ընկ․ Միհրան Սէֆէրեանի փակման ոգեշունչ խօսքով։
Ակումբի յանձնախումբի կամաւոր անդամներ
Ահա, տիրող այս մթնոլորտի մէջ, գտնուեցան պատրաստակամ ու յանձնառու ընկերներ, որոնք ուզեցին, կամովին, ակումբի յանձնախումբի անդամ ըլլալ եւ ապահովել ակումբին բարեզարդման և բարւոք յանձանձումին անհրաժեշտ բոլոր միջոցները։ Ակումբի մը պատասխանատուին համար, վայրը իր «երկրորդ տուն»ն է, ուր պաշտօնատարը պարտաւոր է ամէն երեկոյ, առաջին ժամերէն մինչեւ ուշ ատեն, ներկայ գտնուիլ հոն եւ հսկել կարգ–կանոնին, մաքրութեան, «պիւֆէ»ի սպասարկումի միութենական բարոյականի չափանիշերուն անյարիր երեւոյթները խստի՛ւ արգիլել։ Բայց նաեւ՝ համբերութեամբ պարտի տանիլ անկարգ ու խանգարիչ պատանի–երիտասարդներու օրինախախտումները, զանոնք գործողներուն բացատրելով, որ իրենց ընթացքը սխալ է, ուստի զայն պէտք չէ կրկնեն։
Վերջապէս՝ ո՞վքեր էին այդ «կամաւոր» ընկերները։ Թուենք գոնէ գլխաւորները․– Յարութիւն Չէքչէնեան եւ Կիւլպէնկ Թէլեան, երկու վաստակաւոր վեթերաններ, որոնց կողքին էին համեմատաբար երիտասարդներ՝ Սարգիս Սամուրեան, Մկրտիչ Թորոսեան, Ֆիլիփ Յակոբեան, Գրիգոր Պաճագսըզեան եւ Կարապետ Հաննէսեան։
Շոգեկառքին չնախատեսուած անպատեհութիւնը
Տիրող խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած, մեկուսացած կամ «լուսանցքի վրայ» գտնուող ընկերներ սկսան յաճախակի երեւալ ակումբէն ներս, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ էր անտարակոյս եւ կը նպաստէր «հին» ու «նոր» սերունդներու գործակցութեան, յարաբերութիւններու սերտացման եւ աշխուժացման։
Ակումբին թաղային խճողումներէ հեռու, քիչ մը մեկուսացած ըլլալը առաւելութիւն մըն էր։ Կարելի էր անկէ ներս բազմամարդ ձեռնարկներ կայացնել։ Նաե՛ւ ունենալ «աղմկալի» երաժշտութեամբ հաւաքներ ու խրախճանք։
Սակայն, այս առաւելութեան կողքին, ակումբին շոգեկառքի գծին մօտ գտնուիլը, երբեմն չնախատեսուած անպատեհութիւն կը ստեղծէր։ Կը պատահէր որ հանդիսութեան մը, ընկերային հաւաքի, ժողովի կամ հիւրընկալումի մէկ պահուն, շոգեկառքը անցնի ակումբին ցանկապատին քովէն, գրեթէ «քսուելով»։ Վայրաշարժին սուլոցը եւ պատճառած դղրդիւնը կը ստեղծէին չափազանց տհաճ պահ։ Մինչեւ անգամ յայտագրի դադրեցման պատճառ կ’ըլլային, ստիպելով որ միջոցառումը ընդմիջուի մինչեւ գնացքին «հեռանալը»։ Այս «անպատեհութիւնը» երբեք պատճառ չեղաւ, որ Հ․Մ․Մ․-եան ակումբային ձեռնարկները դանդաղին կամ ընդմիջուին։ Պատասխանատուներ իրենց միջոցառումները, հաւաքներն ու հանդիսութիւնները կը կայացնէին շոգեկառքի անցնման չզուգադիպող ժամերուն։ Բարեբախտաբար, որոշ ժամանակ յետոյ, վերջնականօրէն դադրեցաւ շոգեկառքի երթեւեկը։ Մինչ այդ արդէն, Հ․Մ․Մ․ իր կեդրոնատեղին տարբեր վայր փոխադրած էր։ Միութիւնը նոր եւ աւելի պերճագեղ ակումբով մը օժտուեցաւ։
Մայր Հայրենիքէն պատուիրակութեանց ներկայութիւնը
Ակումբին գլխաւոր մուտքէն մինչեւ սրահ երկարող անցքին երկու կողմերուն կար գողտրիկ պուրակ մը, կանաչազարդ ու ծաղկաւէտ, բարետեսք։ Կեդրոնը՝ աւազանով։ Մանաւանդ ամառնային եղանակին, Շաբաթ երեկոյ եւ Կիրակի ամբողջ օրը հոն կը բոլորուէին միութենական անդամներ ու համակիրներ, հիւրեր, ըմպելով զովացուցիչ-սուրճ եւ օշարակ։ Գարուն–ամառ եղանակին ընկերա–ընտանեկան խրախճանք տեղի կ’ունենար ակումբի պարտէզին մէջ, նախաձեռնութեամբ ակումբի եւ ընկերային յանձնախումբերու ժրաջան ընկերներուն, հաճելի ժամանց մը ընծայելով ներկաներուն։
«Երկաթ–կամուրջ»ի մօտի Հ․Մ․Մ․-եան ակումբը եռուն ու հարուստ գործունէութեան մը յիշարժան պատմութիւնը ունի։ Անմոռանալի կը մնան ընկերա–ընտանեկան խրախճանքներն ու հաւաքոյթները աւանդական տօներու առթիւ կազմակերպուած։ Նաեւ՝ այլ գաղութներէ ժամանած յարգելի անձնաւորութիւններու կամ Հ․Մ․Մ․-ի հրաւէրով արտասահմանէն եկած օտար ֆութպոլի խումբերու պատուիրակութեանց ի պատիւ սարքուած ընդունելութիւնները։ Սակայն, այս բոլորէն առաջ եւ յետոյ՝ պատմական նշանակութիւն ունեցող հոգեկան մեծ բերկրանք առթեց, Հ․Մ․Մ․-ի համար, Մայր Հայրենիքէն եւ առաջին անգամ ըլլալով՝ «Սպարտակ»-ի (1959-ին) եւ յետոյ, մօտաւորապէս մէկ տարի ետք, Լենինականի (Կիւմրի) «Շիրակ» եւ ապա «Արարատ» ֆութպոլի կազմերու պատուիրակութեանց ներկայութիւնը Լիբանան եւ Հ.Մ.Մ.-ի յարկի տակ։ Այցեր՝ որոնք տօնական մթնոլորտ, աննախընթաց ցնծութիւն ստեղծեցին ոչ միայն Հ․Մ․Մ․-ի շրջանակէն ներս, այլեւ՝ բովանդակ լիբանանահայութեան մօտ։